ԸՆՏՐԱՐՇԱՒԻ ՄԸ ՄՈՒԹ ԾԱԼՔԵՐԸ

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Մարդիկ երբեք այնքան շատ չեն ստեր, որքան՝ որսէ մը ետք, պատերազմի ընթացքին, կամ ընտրութիւններէ առաջ»
Օթթօ Ֆոն Պիզմարք (Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետ, 1815-1898)
Այսպէս, հազիւ աւարտած Երեւանի մէջ կայացած եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը, մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արշաւին։
Կարելի է ենթադրութիւններու եւ դեռ աւելին, հաստատ եզրակացութիւններու երթալ, յստակօրէն նկատելով, թէ այսպիսի դասաւորում նպաստաւոր կրնայ ըլլալ այդ հոսանքին, որ ղեկավարութեան վրայ է եւ մտադրած է Եւրոմիութեան հետ գործակցիլ, հետզհետէ հեռանալով Մոսկուայէն ու անոր հովանաւորած Եւրասիական ուխտէն։
Այս ընտրութիւնները, 2017-էն ի վեր, առաջին կանոնաւոր ազգային ընտրութիւններն են։ Նախապէս, 2018-ին եւ 2021-ին արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունեցած էին, յաջորդաբար Թաւշեայ Յեղափոխութենէն եւ 44-օրեայ պատերազմի չարաչար պարտութենէն ետք։
Հոս, արագ փակագիծ մը բանալով, սպասելի էր Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջոևդող 2018-ի Փաշինեանի շռնդալից յաղթանակը։ Իսկ երեք տարի ետք, անոր վերստին ընտրուիլն ու դեռ ցայսօր աթոռին կառչած մնալը, իսկապէս կը մնայ մեծ անլուծելի առեղծուած մը։
Հանրահաւաքներ, կլոր սեղաններ, բանավէճեր եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ կատարուող քարոզարշաւներ ծայր առած են, որոնք հետզհետէ աւելի սուր մթնոլորտ մը պիտի ստեղծեն մանաւանդ կը, որ տիրապետեն հասարակական քննարկումներուն։
Դէմ դիմաց մրցող քաղաքական ուժերը կը ներկայացնեն իրարմէ բոլորովին տարբեր տեսլականներ՝ Հայաստանի անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան, տնտեսութեան եւ միջազգային դաշինքներուն վերաբերեալ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը քարոզարշաւը սկսան, իբրեւ խաղաղութեան, բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարութեան ջահակիրներ, որոնք պիտի շարունակեն պայքարիլ անցեալի փտած համակարգերուն վերադարձին դէմ: Բնականաբար, հոս տեղին է հարց տալ, թէ արդեօք անցնող 8 տարին ալ փտածութիւններով լեցուն անցեալ մը կարելի չէ՞ նկատել: Դեռ չբանանք անարդօրէն ձերբակալուած եւ բանտարկուած «այլախոհ»-ներու ցանկը՝ աշխարհականներէն մինչեւ կրօնականներ։
Հետաքրքրականօրէն Փաշինեան իր ընտրարշաւը սկսաւ Սիւնիքէն, ուր ամէնայն յանդգնութեամբ հաստատեց որ, վիթխարի սխալ մը եղած է արցախեան շարժում ստեղծելը, եւ թէ «Արցախը Ատրպէյճան է եւ վերջ»:
Փաշինեան կը հաւատայ, որ Եւրոմիութեան հետ գործակցելով, կարելի պիտի ըլլայ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարել, օլիկարխին դէմ պայքարիլ, շարունակ բարելաւել տնտեսութիւնը, փակ սահմաններ բանալ, ստեղծելով հաղորդակցութեան միջոցներ եւ այսպէս կանխարգիլել որեւէ առճակատում: Ան կ՛եզրակացնէ, թէ Հայաստանը չի կրնար գոյատեւել մշտական պատերազմական պայմաններու մէջ եւ պէտք է հետապնդէ խաղաղութեան համաձայնութիւններ ու տնտեսական համարկում, առանց ենթագիտակցելու, թէ որքան փուլ եկած է երկրին հիմնական կառոյցը՝ բանակէն մինչեւ դիւանագիտութիւն։
Նենգամիտ ըլլալու աստիճան ճարպիկ ու խորամանկ է, շարունակ իր աթոռին կառչելու մարմաջով Փաշինեանը, որ երբեք չուզէր զանազանել պետութիւն, իշխանութիւն եւ ղեկավարութիւն եւ առ այդ հրահանգած է, որ յառաջիկայ Մայիս 28-ի «Հանրապետութիւն» հրապարակին շուրջ կատարուելիք զօրահանդէսին, ցուցադրուող սարքերը երկար ժամանակ, այսինքն գոնէ մինչեւ 7 Յունիս մնան մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներուն մէջ, որպէսզի քաղաքացիները՝ իմա ընտրողները․ հնարաւորութիւն ունենան մօտենալ, դիտել լուսանկարել եւ կարեւորագոյնը՝ ըստ այնմ ընտրել․․․։
«Հայաստան» Դաշինքն ալ ընտրարշաւը սկսաւ Էջմիածինէն, որ վերջին տարիներուն կը նկատուի Փաշինեանի եւ իր ուսապարկերուն կարեւորագոյն թշնամին:
Թէեւ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը կը քննադատեն կառավարութիւնը, սակայն անոնք կը մնան գաղափարախօսական ու ռազմավարական առումով բաժնուած։ Ոմանք կոչ կ՛ուղեն, որպէսզի կազմուի միասնական հակա-Փաշինեան ճակատ, իսկ ուրիշներ կը փորձեն ներկայանալ որպէս առանձին այլընտրանք։
Բոլորն ալ Փաշինեանը կը մեղադրեն Ատրպէյճանին վտանգաւոր զիջումներ ընելու, Հայաստանի ռազմական դիրքերը տկարացնելու եւ ազգային արժանապատուութիւնը նսեմացնելու մէջ։ Այսուամէնայնիւ, ընդդիմութեան համար, Արցախի կորուստը կ՛օգտագործուի որպէս իշխանութեան դէմ ամէնէն ազդեցիկ քաղաքական զէնքերէն մէկը։
Ի տարբերութիւն նախորդ ընտրութիւններուն, այս քարոզարշաւը ունի աւելի լայն եւ մասնատուած ընդդիմադիր դաշտ։
Հաւանական է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն քաղաքական լարուածութիւնը հասնի իր գագաթնակէտին, յատկապէս, այն պատճառով, որ կուսակցութիւններն ու դաշինքները կը պայքարին ո՛չ միայն խորհրդարանական աթոռներու, այլեւ Հայաստանի քաղաքական ինքնութեան համար։
Ինչ ալ ըլլան վերջնական արդիւնքները, Հայաստանի ընտրարշաւին մեկնարկը արդէն իսկ բացայայտած է, թէ ազգը կը մտնէ պատմական վճռորոշ փուլ մը։

