Շիրակի Նախկին Նահանգապետ Կարօ Սասունիի Արձանին Բացումը՝ Գիւմրիի Մէջ
Գիւմրիի Պռոշեան եւ Գարեգին Նժդեհ փողոցներու խաչմերուկին տեղի ունեցաւ Շիրակի ամենէն աւելի ազդեցիկ նահանգապետներէն մէկուն՝ Կարօ Սասունիի արձանին հանդիսաւոր բացումը։
Կարօ Սասունի հասարակական-քաղաքական գործիչ, իրաւաբան, պատմաբան եւ ազգային-ազատագրական շարժման նուիրեալ դէմք մըն էր։ Ան 1919-ին ընտրուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, իսկ 1920-ին նշանակուեցաւ Ալեքսանտրապոլի նահանգապետ։ Իր գործունէութեամբ ան կարեւոր դեր ունեցաւ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ։
1914-1915 թուականներուն Սասունի մասնակցեցաւ հայ ժողովուրդի փրկութեան ուղղուած պայքարին։ Թալինի շրջանին մասնակցեցաւ Դաշտադէմի բերդին մօտ մղուած ճակատամարտին, որուն յաջողութիւնը նպաստեց հետագային Սարդարապատի հերոսական յաղթանակին։
Շիրակի նահանգապետ նշանակուելէ ետք, ան պայքարեցաւ կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ։ Ինչպէս նշեց «Գումայրի պատմամշակութային արգելոց-թանգարան»-ի տնօրէն Ինկա Աւագեան, Սասունին կարճ ժամանակի ընթացքին վերջ դրաւ կաշառակերութեան՝ հաւասար խստութեամբ պատժելով թէ՛ կաշառք տուողները եւ թէ՛ ստացողները։
Կարօ Սասունիի 2,40 մեթր բարձրութեամբ պրոնզաձոյլ արձանին հեղինակն է քանդակագործ Միսաք Մելքոնեան։ Քանդակագործին համաձայն՝ արձանը կը պարունակէ երեք հիմնական խորհրդանիշ. ծխամորճը խորհրդածութեան եւ իմաստութեան նշանն է, վիզին կրած շարանը՝ ազատութեան խորհրդանիշը, իսկ պարզուած ցուցամատը կը խորհրդանշէ պետական իշխանութիւնն ու առաջնորդութիւնը։
Արձանի ստեղծումը իրականութիւն դարձած է երկու բարերարներու՝ «Զօրավար Սեպուհ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Աշոտ Ներսիսեանի եւ Իւան Ալտալճեանի նիւթական աջակցութեամբ։
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւնը պէտք էր պետական բարձր հնչեղութիւն ունեցող իրադարձութիւն մը ըլլար, որովհետեւ Կարօ Սասունին այդպիսի մեծութեան եւ կշռոյթ ունեցող ազգային գործիչ մըն էր։ Ան աւելի քան քսան տարի ներգրաւուած էր ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ, մասնակցած էր պետականաշինութեան եւ ռազմական գործողութիւններու, իսկ Սփիւռքի մէջ իր ամբողջ գործունէութիւնը նուիրած էր հայ ժողովուրդի ծառայութեան։ Շահպազեան նաեւ յիշեց, որ Սասունիի մայրը՝ Աննան, Սասունի մէջ յայտնի ազգային դէմք մըն էր, եւ իր անունը կը յիշուէր մեծ ֆետայիներու կողքին։
Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Կարօ Սասունիի նախկին աշակերտը՝ Տիգրան Ճիմպաշեան, որ ինքզինք նկատեց այն երջանիկ վերջին սերունդին անդամներէն, որոնց հայ գրականութեան եւ հայ ազատագրական շարժման պատմութեան ուսուցիչը եղած էր Կարօ Սասունին։ Ան շեշտեց նաեւ, որ Սասունին մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր քիւրտերու մօտ եւ հայ-քրտական յարաբերութիւններուն մասին արժէքաւոր աշխատութիւն մը հեղինակած է։

