Նշմար․- Մոնտիալ ․․․ Եւ Պաստառի Մը Պատմութիւնը

Այս կիրակի, Նիւ Եորքի մէջ Արժանթին – Սպանիա մրցումով կ՛աւարտի Մոնտիալ 2026-ը։ Շատ էին անակնկալները, արդիւնքներէն մինչեւ որոշումները, որոնց գլուխ գործոցը՝ Ա․Մ․Ն․-ի ազգային խումբին մէկ մարզիկին ներում պարգեւելը, կարմիր քարտը յետաձգելն ու կանաչ լոյս շնորհելն էր։
Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի խաղացողներուն կողմէ ցուցադրուած քաղաքական բնոյթի պաստառ մը միջազգային վէճի պատճառ դարձաւ՝ կիսաւարտականին Անգլիոյ դէմ տարած յաղթանակէն ետք։ Խաղէն ետք, քանի մը արժանթինցի խաղացողներ բարձրացուցին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր՝ «Las Malvinas son Argentinas» («Մալուինեան կղզիները Արժանթինին կը պատկանին»)։
Այս արտայայտութիւնը կը վերաբերի Ֆոլքլենտեան (Մալուինեան) կղզիներու շուրջ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող տարածքային վէճին՝ Արժանթինի եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ։ Արժանթին երկար ժամանակ կը պնդէ, թէ այդ կղզիները իր պատմական տարածքին մաս կը կազմեն, մինչդեռ Բրիտանիան կը վերահաստատէ կղզիներու բնակիչներուն ինքնորոշման իրաւունքը։
Պաստառը յատկապէս արձագանգ գտաւ, քանի որ Արժանթին եւ Անգլիա 1982-ի պատերազմի ժամանակ ռազմական բախում ունեցած էին։ Այդ պատերազմը, որ աւարտեցաւ Բրիտանիոյ վերահսկողութեան վերահաստատումով, երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ խոր հետք ձգած է։
Նմանօրինակ էր մթնոլորտը 1986-ի մոնտիալին, երբ Մարատոնայի Արժանթինը, անգամ մը եւս պարտութեան մատնած էր Անգլիան։
ՖԻՖԱ-ն սկսած է ուսումնասիրել դէպքը՝ պարզելու համար, թէ արդեօք խախտուած են մրցաշարքի կանոնները, որոնք կ’արգիլեն քաղաքական ուղերձներու ցուցադրումը ֆութպոլի մչցումներու ընթացքին։ Անգլիացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ քննադատեցին այդ քայլը եւ պահանջեցին քննութիւն, մինչդեռ Արժանթինի մէջ շատեր զայն դիտեցին որպէս ազգային զգացումներու արտայայտութիւն։
Դէպքը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս ֆութպոլը երբեմն կը վերածուի ոչ միայն մարզական մրցակցության, այլ նաեւ պատմական յիշողութիւններու եւ ազգային ինքնութեան արտայայտութեան բեմի։ Այդ մէկը արժանթինցի քաղաքական անձնաւորութիւններն ալ նշեցին։
Ի դէպ, Արցախի դրօշն ալ քանի մը անգամ ներկայ էր դաշտերուն վրայ։ Սակայն, Ֆրանսա – Մարոք մրցումին, երիտասարդ հայորդիի մը արգիլեցին, որ պարզէ այդ դրօշը նշելով, թէ արգիլուած է քաղաքական ուղերձներու ցուցադրումը։ Այս դէպքը պատահեցաւ Ա․Մ․Ն․-ի մէջ, Երեւանէն շատ հեռու, ուր հայորդիին քիթին տակ վերջերս արգիլուեցաւ եւ պարտադրաբար վերցուեցաւ կոթողական «Մենք ենք մեր սարերը» պատկերը` զայն որակելով հակապետական քայլ․․․։
«Հայրենիք»

