Տեղի Ունեցաւ Ռուբէն Սիմոնեանի Գիրքի Շնորհահանդէսը՝ Ուաթըրթաունի Հանրային Գրադարանին Մէջ

Հինգշաբթի 16 Յուլիսի երեկոյեան, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) hանրային գրադարանին մէջ, տեղւոյն Հայկական Թանգարանի (ALMA) եւ «Համազգային»-ի Պոսթընի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ռուբէն եւ Լիզ Սիմոնեաններու նոր գիրքին՝ Uncharted Canvas — A Journey Through Beirut, Brussels, and Beyond («Անբացայայտ Կտաւ – Պէյրութէն Պրիւքսէլ եւ Աւելի Անդին») շնորհահանդէսը։
Գիրքը ներկայացուց Լիզ Սիմոնեանը, որ շարունակ թիկունք կանգնած ու հետեւողական աշխատանք տարած է, այս գաղափարը իրականացնելու։ «Ոչ մէկ կապ ունէի հայութեան հետ։ Երբեք տեղեկութիւն ալ չունէի։ Ահաւասիկ, ցուց կու տամ տեսարաններ՝ Ռուբէնի երտասարդութենէն, մինչեւ ներկայ օրերը։ Պէյրութ, Պրիւքսէլ եւ ապա Մեմֆիս։ Անշուշտ միասին Հայաստան ալ մեկնեցանք, բան մը, որ անպայման պէտք էր իրագործել», ըսաւ ան եւ սահիկներով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց, որ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ։
Ապա, Ռուբէն խօսք առնելով ըսաւ, թէ գիրքը յուշագրութիւն մըն է, հայ ճարտարապետի մը կեանքի ժառանգութիւնն ու ազգային պատկանելիութիւնը։ Ան ցոյց տուաւ գեղանկարչական գործերէն հաւաքածոյ մը։ «Այս յուշագրութիւնս սրտառուչ պատմութիւն մըն է, որ կը շօշափէ ինքնութեան, տոկունութեան եւ ինքնազարթնումի նիւթեր՝ տեղեկացնելով, թէ ինչպէ՞ս կը վերահաստատեմ կապս՝ ընտանիքիս հետ եւ անշուշտ հայրենիքիս, որուն մէջ գտայ նոր իմաստ ու կոչում։ Ահաւասիկ, կը ներկայացնեմ ներշնչող կեանքի ճամբորդութիւն մը՝ մանկութեան տարիներէն՝ Պէյրութի մէջ, մինչեւ ճարտարապետական եւ գեղանկարչական ասպարէզ», ըսաւ ան։
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողներու զաւակ՝ Ռուբէն Սիմոնեան ծնած է Պէյրութ եւ աւարտած «Համազգային»-ի Նշան Փալանճեան ճեմարանը։ Ան ճարտարապետութեան վկայական ստացած է Պրիւքսէլի արուեստի թագաւորական ակադեմիայէն։ Ապա հաստատուած է Մեմֆիս (Թենըսի), ուր իր մասնագիտական կեանքի մեծ մասը նուիրած է հիւրանոցներու եւ օդակայանային կառոյցներու նախագծման։
Աւարտին, հարց-պատասխանէ ետք, Ռուբէն Սիմոնեան մակագրեց իր գիրքը։

