ԳլխաւորԽմբագրական

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՄՂՈՆՆԵՐ ՀԵՌՈՒ․․․ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական 

Հ․Հ․ կառավարութեան նիստերուն, 19 Բաղրամեան պողոտայի պետական կառոյցի աթոռներուն վրայ բազմած իշխանաւորներ կը քննեն քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ այլ բազմաթիւ հարցեր, սակայն ցաւօք սրտի միշտ ալ բացակայ է կարեւորագոյն առեղծուածը՝ հայ բանտարկեալներու առնչութեամբ տարուելիք աշխատանքը։

Հոս փակագիծ մը բանալով, իբրեւ կիզակէտ ունինք Պաքուի մէջ բանտարկուած հայորդիները, որովհետեւ դժբախտաբար Երեւանի բանտերուն մէջ ալ գերազանց է թիւը անարդարօրէն կալանքի ենթարկուածներուն։ Այս գծով, շաբաթներ առաջ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ահազանգ հնչեցուցած էր Ե․Ա․Հ․Կ․-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 33-րդ նստաշրջանին, որ տեղի ունեցաւ Լա Հէյի մէջ, յստակօրէն շեշտելով, թէ իրաւախախտումները անպատիժ կը մնան։

Այսուամենայնիւ, ցաւալի է, որ հայ բանտարկեալներու հարցը մանրամասնօրէն կը քննուի Երեւանէն հեռու, Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոխորհրդարանի բեմահարթակներուն վրայ։ Եւ դեռ աւելին, այս գծով Հ․Հ․ իշխանաւորները հետաքրքրուած չեն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէ եւ նեցուկ ալ չի կանգնիր։ Բացակա՞յ, բանաւո՞ր բացակայ․․․անտեղի է ուսումնասիրել եւ բացայայտել այդ մութ ծալքերը։

Փոխարէն, Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի ժրաջան աշխատանքով եւ Եւրոպական Խորհրդարանի կարգ մը պատգամաւորներու աջակցութեամբ, Երեւանէն մղոններ հեռու, Յուլիս 14-ին տեղի ունեցաւ «Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալները եւ Եւրոպական Միութեան ներգրաւման հրամայականը» խորագրով համաժողով-քննարկումը։

Advertisement Subscribe Today

Այս ժողովին մասնակցողները իբրեւ արդարամիտ քաղաքացիներ, պայմանագրուած էին մանրամասնօրէն քննելու արծարծուելիք բարդ հարցը, որ դժբախտաբար լքուած ու մոռացութեան մատնուած է իշխանաւորներու կողմէ։

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան քանի մը անգամ Մ․Ա․Կ․-ի ենթայանձնախումբի նիստերուն կիսատ-պռատ ակնարկութիւններ կատարած էր՝  եզրակացնելով, թէ դատավարութիւնը պատշաճ ձեւով չէր ընթանար։

Խօսք առնող մասնագէտները բծախնդրօրէն եւ մանրամասնութեամբ ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւնը, շեշտելով ընդհանրապէս տիրող անտարբերութեան անընդունելիութիւնը։ Անոնք շեշտեցին, թէ ապօրինի կալանաւորումը  կը խախտէ միջազգային իրաւունքի պայմանները եւ նոյնիսկ վտանգ կը հանդիսանայ կովկասեան բարձրաւանդակի շրջանին մէջ, արգելք հանդիսանալով, որ ստեղծուի մնայուն խաղաղութիւն։

Անոնք յստակ փաստերով հաստատեցին, թէ միակողմանի դատավարութիւն մըն է, որ կը կատարուի, իրաւաբանական օրէնքներէն բոլորովին հեռու։ Բռնատէր նախագահ Ալիեւի կողմէ գործուղուած դատաւորներ, հաւանաբար պարտադրանքի տակ, շինծու ցուցմունքներու կը հետեւին։

Մարդու Իրաւանց Միջազգային Գործընկերութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի ծրագիրներու տնօրէն Սիմոն Փափուաշվիլիի շեշտադրումը տեղին է կրկնել․- «Խաղաղութեան մասին խօսիլ անտեղի է, այնքան ատեն, որ հայ գերիները կը մնան բանտարկուած Ատրպէյճանի մէջ։ Անոնց անյապաղ ազատ արձակումը երկրորդական հարց չէ, այլ հիմնարար մարդասիրական պարտաւորութիւն եւ անբաժան հիմք՝ իրական խաղաղութեան գործընթացին»։

Այս արտառոց իրավիճակը մինչեւ ե՞րբ կարելի է հանդուրժել։ Դեռ շարունակ կ՛արձագանգէ, ամիսներ առաջ, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի արտայայտած մէկ յիմարաբանութիւնը, թէ խնդրոյ ենթակայ բանտարկեալները ատրպէյճանցի են եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապ չունին։

Ահազանգը պէտք է հնչէր Երեւանէն, սակայն մղոններ հեռու՝ Պրիւքսէլի բեմահարթակէն է, որ միասնական կոչ մը յղուեցաւ, ուր յստակօրէն նշուեցաւ բոլոր հայ գերիներու անմիջական ազատ արձակման առաջնահերթութիւնն ու  պահանջը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button