Յօդուածներ

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններու Նախօրեակին

Գէորգ Պետիկեան

Շուտով մեր հայրենիքէն ներս տեղի պիտի ունենան նոր Ազգային Ժողովի ընտրութիւններ:

Արդ, այս տողերով կ’ուզեմ դարձեալ կամուրջ մը նետել, եւ կապուիլ անխտիր բոլոր ընթերցողներուս, որպէսզի օրուան խորհուրդին մէջ փաթթուած, կրկին պարզեմ միտքս:

Նախ ըսեմ որ մտահոգ բառերով կ’առաջնորդուին այս տողերս, որովհետեւ, ներկայիս Հայաստանէն ներս խառնաշփոթ վիճակ մը գոյութիւն ունի: Տեսակ մը անհամ եւ անստոյգ մթնոլորտ: Իր կարգին, աշխարհն ալ մօտիկէն եւ ապշահար մեզ կը դիտէ:

Վերեւը յիշեցի, որ մեր հայրենիքէն ներս ԱԺ-ի նոր ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան ու ա՛յս կ’ենթադրէ նոր առիթ եւ անոր կողքին ալ՝ նոր յոյսեր:

Advertisement Subscribe Today

Գիտենք, որ ապագայի ծրագրերով ապրող մարդը, առ հասարակ պէտք է աչքի առաջ ունենայ ոգեշնչող եւ անսակարկ նուիրումի օրինակը: Սակայն, մեր հայրենիքի  ստեղծագործական աշխատանքը կը պահանջէ ո՛չ միայն նուիրում, այլեւ՝ բոլոր մեր ներքին եւ արտաքին հարցերէն եւ խնդիրներէն ձերբազատուած ուղեղ:

Ու ինչպէս ամէն երկրէն ներս, մեր մօտ ալ «ընտրութիւնը» նոր յոյսեր կը շարէ մարդկային կեանքի հորիզոններուն վրայ: Ուստի, քուէարակող իւրաքանչիւր անհատ, պարտաւոր է ինքն իր դիմաց նստած, տեսակ մը հայելիի առջեւ, ինքզինքին հարց տայ, լաւապէս քննէ, լաւ կամ գէշ ճշդորոշէ, կշիռքի զարնէ ընտրութեան մասնակից թեկնածուն եւ անոր հրամցուցած առաջադրութիւնները: Բայց, արդեօ՞ք քուէարկող հայրենակիցը, այս առթիւ քաջութիւնը պիտի ունենայ ինքզինք դիտելու եւ վերարժեւորելու իր ինքնութիւնը:

Անկեղծօրէն ըսեմ, որ հաւատքս պարզապէս երազի ու գեղեցկութեան փնտռտուք մըն է, որովհետեւ, պէտք է գիտնալ, որ մանաւանդ ընտրութիւններու շրջանին եւ ամէն տեղ, բառը եւ անկէ կախուած խոստումը, միշտ ձրի եղած է…:

Նաեւ աւելցնեմ, որ զանազան պատճառներով, յայտնի եւ անյայտ պայմաններու բերումով, շատեր կրնան խուսափիլ նման աշխատանքէ մը: Իսկ ճիշդ հակառակը, ուրիշներ ալ իրենց դիմաց ներկայացուած առաջադրութիւններուն մէջ, յանդգնութիւնը կ’ունենան իրենց ներաշխարհը պեղելու՝ սեւն ու ճերմակը դուրս բերելու համար:

Լաւ յիշենք.- աննպատակ գոյութիւն մը, «անուն» մը, աւելի ճիշդ՝ դէմք մը ընտրելը անօգուտ է, թէ՛ անհատին, եւ թէ՛ հայրենիքին համար:

Արդ, կը յուսամ, որ այս ընտրութիւնները անցնին խաղաղ, արդար ու նաեւ ոգեպնդիչ մթնոլորտի մէջ: Որովհետեւ, կարգ մը նախկին երեւոյթներ, որոնք դարձած են ցցուն եւ աչքառու, անհանգստացուցած են մեր բոլորին մտածումներն ու զգացումները:

Ու եթէ յանկարծ ինծի հարցնելու ըլլաք թեկնածուի հայու կերպարի մասին, ըսեմ, որ իմ կարծիքով այդ թեկնածուն, իբրեւ զարգացած միտք, ազգային գիտակցութեան հասունութեան կողքին հաշտուած պէտք է որ ըլլայ մեր երկրի ներկայ ցաւալի եւ վշտալի իրականութեան հետ: Նաեւ ա՛ն ըլլայ մտածող, եւ արդարօրէն տրամաբանող, եւ անպայման յաղթահարող մարտահրաւէրներուն  մասնակից դարձող անհատ: Աւելին՝ ամէն հարցի քաջատեղեակ, ե՛ւ մասնագետ, ե՛ւ շրջահայեաց: Հայրենի մշակութային կեանքին ոչ միայն իրազեկ, այլեւ՝ զարգացնող միտք: Նոր շունչով եւ բոլոր ներքին ու արտաքին հարցերուն ազգային արժանապատուութեան զգացումով մօտեցող անհատ: Պատասխանատու եւ վստահելի անձ: Ճիշդն ու սխալը զանազանող եւ դիրքորոշող քաղաքացի: Արժանին՝ արժեւորող, եւ արդարը՝ արդարացնող պատգամաւորը: Այլ խօսքով, ազգային մեր կեանքի հեւքը նորոգող մը, որ միշտ նոր առիթներ, եւ նոր յոյսեր պիտի բերէ իր հետ: Մէկը, որ պիտի փորձէ եւ ճգնի անպայմանօրէն եւ գործնականօրէն մասնակցիլ ազգին եւ պետականութեան նոր փայլք տուող եւ պահող ծրագիրներու իրականացումներուն:

Ապա, միւս կողմէ, եթէ ինծի հարց տրուի, թէ ընտրող քաղաքացին ի՞նչ պէտք է ընէ.- ըսեմ, պարզապէս նախ պէտք է, որ վերահաստատէ սեփական իր արժանապատուութեան զգացումը, եւ ապա անցնի քուէարկութեան: Նաեւ պէտք է գիտնայ, որ ներկայ համակարգի փոփոխութեան պահանջըո՛չ նախագահէն եւ ո՛չ ալ վարչապետէն կամ ընդդիմութենէն, կամ իշխանութենէն կախեալ է, այլ՝ միայն ու միայն իրմէ, ընտրող, կամ քուէարկող  քաղաքացիէն:

Նաեւ կը կարծեմ, որ այս ընտրութիւնը ճակատագրական պիտի ըլլալ բոլորիս համար, որովհետեւ, այսքա՜ն երկար ու շատ մարդկային եւ տարածքային կորուստներէ ետք, կը հաւատամ, որ ան պիտի կարենայ մեր երկրին վերադարձնել իր իրաւ ազգային դիմագիծը: Ու այս մէկը միայն կրնայ իրականանալ մեր հայրենի քաղաքացիին սթափումի ճիգով, անոր՝ մտքի նոր կոփումով, անոր՝ արդար ղեկավարի մը ճշգրիտ ընտրութեան ճամբով: Մէկ խօսքով՝ անոր հայու արդար խղճի ձայնէն ծնած քուէով:

Այս մասին, միշտ խօսած, գրած, կարդացած եւ զրուցած ենք:

Կ’աղօթեմ եւ նոյնքան ալ կը յուսամ որ մեր ժողովուրդը իր արդարամտութեամբ պիտի կարենայ հաստատել իր իրաւ ինքնութիւնը: Սակայն՝ ինչ որ ալ ըսենք եւ ցանկանք, անիմաստ է, որովհետեւ, նման մտքի շարունակութիւնը կախեալ իրմէ, մի միայն հայրենի քուէարկող քաղաքացիէն:

Արդ, բոլորիս համար, այս ընտրութիւնը էական նկատուած է, որովհետեւ, անոր արդիւնքէն կարելի պիտի ըլլայ որոշել աշխարհի ազատամիտ ու զարգացած ժողովուրդներու շարքին մեր գոյութեան շարունակութիւնը:

Վերջ ի վերջոյ, ա՜լ կը բաւէ այսքա՜ն չարչարանք, այսքան զրկանք, ե՛ւ նախատինք, ե՛ւ ֆիզիքական ու հոգեկան կորուստ: Ժամանակն է, որ հայը վերադառնայ իր նախկին «պարին»: Ու իբրեւ սփիւռքահայ, մեծապէս կը բաղձամ, որ այս ընտրութիւնները պիտի կարենան իրականացնել բոլորիս սրտէն բխող այս գլխագիր «բաղձանքը»:

bedig43@aol.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button