Գլխաւոր

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Նուիրուած Գիտաժողով՝ Պուէնոս Այրէսի Մէջ

 

buenos-aires

Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով տեղի ունեցաւ, Օգոստոս 20-23-ին, տեղւոյն համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ: Մասնակիցները խօսեցան Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան, նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ ժխտումը քրէականացնող օրէնքներու անհրաժեշտութեան մասին:
Այս գիտաժողովին ելոյթ ունեցաւ ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախկին նախագահ՝ Տանիէլ Ֆիրշթայնը, որ աւարտին եզրակացուց.- «Այս առնչութեամբ շատ կարեւոր է օրէնսդրական դաշտի առկայութիւնը: Պէտք է ոչ միայն ճանչցուին ցեղասպանութիւնները այլեւ անոնց ժխտումը քրէօրէն պատժուի»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button