Հայաստանն Ու Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը Պիտի Ներկայացուին Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին
«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը պաշտօնական հրաւէր ստացած է մասնակցելու Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, Նոյեմբեր 27-30-ին տեղի ունենալիք XVI International Christmas Choir Festival «Vienna Christmas Voices» միջազգային փառատօնին, որ կը կազմակերպուի WOFA (World Festival Association)-ի եւ Վիեննայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համագործակցութեամբ։
Փառատօնին Հայաստանը եւ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պիտի ներկայացնեն «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»-ի կազմին մէջ գործող Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբն ու «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթը։
Հանդիսատեսին պիտի ներկայացնեն հայկական երաժշտութիւնն ու պարարուեստը՝ իբրեւ կենդանի մշակութային ժառանգութիւն, որ կը կրէ մեր ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը, ինքնութիւնն ու ստեղծագործ ոգին՝ ընդգծելով մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ սերունդներուն փոխանցման կարեւորութիւնը։
Մասնակցութիւնը կարեւոր քայլ մըն է կազմակերպութեան մշակութային դիւանագիտութեան եւ միջազգային համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ՝ նպատակ ունենալով միջազգային հանրութեան ներկայացնել հայկական մշակոյթն ու Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը։
«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»-ը վերջին տարիներուն հետեւողականօրէն կը զարգացնէ իր միջազգային մշակութային գործունէութիւնը։ Այդ գործունէութեան ճանապարհին կարեւոր փուլերէն մէկը Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային ժողովրդական արուեստի փառատօնին մասնակցութիւնն էր, որ կազմակերպուած էր CIOFF (International Council of Organizations of Folklore Festivals and Folk Arts) միջազգային ցանցի շրջանակներուն մէջ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործընկերութեամբ։
CIOFF-ը ժողովրդական արուեստի եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ոլորտին մէջ գործող հեղինակաւոր միջազգային ցանց մըն է, որ կը նպաստէ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ ժողովուրդներու միջեւ մշակութային երկխօսութեան զարգացման։
«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»-ը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ պահպանելու, հանրահռչակելու եւ միջազգային մշակութային հարթակներու վրայ ներկայացնելու հայկական եւ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը՝ խթանելով մշակութային երկխօսութիւնն ու միջազգային համագործակցութիւնը։
Կեդրոնը ծրագրեր կ՚իրականացնէ ուղղուած Արցախի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, հանրահռչակման, միջազգային ներկայացման եւ մշակութային համագործակցութեան զարգացման։


