Գլխաւոր

Հ.Ե.Մ.-ի Բանակումը Բիւրականի Մէջ՝ «Պայքարը Կը Շարունակուի» Խորագրով

Օգոստոս 3-էն 9, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Հայ Երիտասարդաց Միութեան տարեկան բանակումը՝ «Պայքարը կը շարունակուի» խորագրով։

Բանակումի ծրագիրը կ՛ընդգրկէր աշխատանքներ, խաղեր, արշաւներ, արկածային փորձութիւններ, ազգային երգեր ու պարեր, ինչպէս նաեւ կարեւոր ու բովանդակալից քննարկումներ։

Մասնակցողները թիւը 300-է աւելի էր՝ ժամանած Հայաստանի տարբեր մարզերէն։

Բանակումի մասնակիցներուն համար դասախօսութիւններով հանդէս եկան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար Սարգիս Մկրտչեան, երկարամեայ ներկայացուցիչ եւ «Կամաւորական շարժում» կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեան,  Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի նախկին նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Հայ Երիտասարդաց Միութեան Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Ժիրայր Պեոճեքեան։

Բանակումը հիւրընկալեց նաեւ Շուշիի առանձնակի գումարտակի հրամանատարական կազմի անդամներ Արտաշէս Մխիթարեանին, Անդրանիկ Ափոյեանին եւ Պորիս Տէր Յովհաննիսեանին, ինչպէս նաեւ արդարութեան մարտիկ, ՀՅԴ անդամ Համբիկ Սասունեանին։

Բանակումը եզրափակուեցաւ խարոյկահանդէսով, որուն մասնակցեցան  երիտասարդականի հին ու նոր անդամները։

Advertisement Subscribe Today

«Պայքարը կը շարունակուի» խորագիրը դարձաւ բանակումի հիմնական ուղերձը՝ վերահաստատելով երիտասարդութեան ազգային ոգին, կազմակերպուածութեան ոյժը եւ պայքարը շարունակելու վճռականութիւնը։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button