Մոնթեվիտէօ – Դասախօսութիւն՝ «Ազգանունէն Անդին․ Հայ Ըլլալը Համաշխարհայնացած Սփիւռքի Մէջ»
Յուլիսի 31ին ՝ Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգանունէն Անդին․ Հայ Ըլլալը Համաշխարհայնացած Սփիւռքի Մէջ» խորագիրով դասախօսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր տեղւոյն Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ։ Դասախօսն էր Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի Երկիրներու ընդհանուր քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան։ Ձեռնարկին ներկայ էին Գոհար Մինասեան Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսը, տեղւոյն հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ, տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներ, ազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, եւ գաղութի անդամներ։
Դոկտ. Ճէպէճեան իր դասախօսութեան ընթացքին կեդրոնացաւ այն հիմնական հարցին վրայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ՝ ազգանունի ժառանգութենէն անդին։ Ան ներկայացուց այն գաղափարը, որ ազգային ինքնութիւնը միայն պատմական կամ ընտանեկան ժառանգութիւն չէ, այլ ապրող, շարունակաբար եւ նորոգուող իրականութիւն, որ կը դրսեւորուի հաւատքով, լեզուով, մշակոյթով, ազգային արժէքներով, ծառայութեամբ եւ գալիք սերունդներուն հանդէպ պատասխանատուութեամբ։
Դասախօսութեան ընթացքին Ճէպէճեան շեշտեց, որ համաշխարհայնացման ներկայ պայմաններուն մէջ սփիւռքահայութիւնը կոչուած է ոչ միայն պահպանելու իր պատմական յիշողութիւնը, այլեւ կերտելու կենսունակ ինքնութիւն մը, որ միաժամանակ հաւատարիմ կը մնայ հայկական արմատներուն եւ դրական ներդրում կը բերէ այն հասարակութիւններուն, որոնց մէջ կ՚ապրի։
Ձեռնարկին յաջորդեց հետաքրքրական հարց ու պատասխանի նիստ մը, որուն ընթացքին մասնակիցները ներկայացուցին իրենց դիտարկումները եւ քննարկեցին Ուրուկուէյի հայկական համայնքին առնչուող ինքնութեան, սերունդներու շարունակականութեան եւ ազգային կեանքի մարտահրաւէրները։ Քննարկումները վերահաստատեցին, որ նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր հարթակներ են համատեղ մտածողութեան, փորձառութիւններու փոխանակման եւ համայնքային կեանքի զօրացման համար։
Ձեռնարկի կազմակերպման համար յատուկ գնահատանք յայտնուեցաւ Ս․Դ․Հ․Կ․ Վարիչ Մարմնի ատենադպիր Տիէկօ Գարամանուկեանին, որուն նուիրուած աշխատանքը նպաստեցին այս յաջող եւ բովանդակալից հանդիպումին իրականացման։ Հայերէնէ սպաներէն լեզուի թարգմանութիւնը կատարեց Յովհանննէս Պոտուքեանին:

