Լրահոս

«Հայաստանի Խճանկարներ» … Սքանչելի Ելոյթ Մը

 

Լուսանկարներ՝ Ժիրայր Յովսէփեանի

Շատ բան կորսնցուց այն անձը, յատկապէս երաժշտասէրը, որ չկրցաւ ներկայ ըլլալ  Մասաչուսէցի կամերային երաժիշտներու (Massachusetts Chamber Music Artists) անդրանիկ տարեշրջանի վերջին ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ Լեքսինկթընի (Մասաչուսէց) Ֆօլըն եկեղեցուոյ մէջ, Կիրակի 17 Մայիս։

Այս եզրափակիչ համերգը ամբողջովին նուիրուած էր հայկական երաժշտութեան։ Խորագիրն էր «Հայաստանի խճանկարներ», որ կը համախմբէր միջազգային համբաւ վայելող երաժիշտներ՝ թաւջութակահար Սուրէն Բագրատունի եւ դաշնակահար Կարէն Յակոբեան, այս հիմնարկի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ ջութակահար Հայկ Յովսէփեանի կողքին։

Յովսէփեան բեմահարթակ բարձրացաւ եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը, մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով գործերուն մասին։ Ապա, բեմ հրաւիրեց դաշնակահար Կարէն Յակոբեանը, որ յաջորդաբար եւ ամէնայն հարազատութեամբ, նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթա»-ն եւ Կոմիտասի «Գարուն ա»-ն։

Ա․ մասին ներկայացուած վերջին գործը՝ ժամանակակից յօրինող Գագիկ Յովունցի (1930-2019) ջութակի եւ թաւջութակի զոյգ հատանուագն (Duo Sonata for violin and cello, op. 13), որ իր եզակի կշռոյթով եւ երանգներով կը պեղէ հայրենի երաժշտական արտայայտութեան շարունակական զարգացումը։

Տիթրոյթէն ժամանած Սուրէն Բագրատունի եւ ջութակահար Հայկ Յովսէփեան բծախնդրօրէն ներկայացուցին այս գործը, որ համեմատած Խաչատուրեանին եւ Կոմիտասին սակաւաթիւ անգամ կարելի եղած է ունկնդրել։

Advertisement Subscribe Today

Բ․մասով,  Կարէն Յակոբեան եւ Հայկ Յովսէփեան նուագեցին Խաչատուրեանէն համեմատաբար անծանօթ գործ մը՝ «երգ-բանաստեղծութիւն»-ը, յօրինուած 1929-ին։ Ապա, միեւնոյն զոյգը նուագեց Գրիգոր Հախինեանի (1926-1991) «Քերթուած՝ Սայաթ-Նովայի մեղեդիներուն վրայ» գործը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուէր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Օր մը առաջ, Նիւ Եորքի մէջ, միեւնոյն յայտագրի ներկայացման ժամանակ, ներկաները խորապէս տպաւորուած էին։ Միեւնոյնն էր մթնոլորտը, օր մը ետք Մասաչուսէցի մէջ։ Սայաթ-Նովայի ճամբով ունկնդիրը կրցած էր կամրջել հայրենի մեղեդիներու անցեալն ու ներկան։

Աւարտին, եռեակը բեմ բարձրացաւ եւ հրամցուց Առնօ Պապաճանեանի մէկ ծանօթ յօրինումը՝ դաշնակի եռանուագը (Piano Trio in F sharp minor)։ Ներկաները կուշտ ու կուռ ըմբոշխնեցին այս գործը ստիպելով, որ եռեակը երկու անգամ վերստին բեմ բարձրանայ եւ ընդառաջէ անդադար ծափողջոյններուն։

Վստահաբար, յառաջիկայ տարեշրջանին, այս հիմնարկը անգամ մը եւս պիտի կրկնէ նմանօրինակ հիանալի եւ սքանչելի ելոյթներ։

Ներկայ Մը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button