ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ քննարկեց թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային եւ շրջանային իրադարձութիւնները։
Ըստ թրքական պաշտօնական աղբիւրներու, Էրտողան Թրամփի վստահեցուցած է, թէ Անգարա պիտի շարունակէ շինիչ նախաձեռնութիւններու իր զօրակցութիւնը՝ տագնապներ լուծելու հեռանկարով։
Էրտողան նաեւ ընդգծած է, որ Սուրիոյ կայունութեան ամրապնդումը ի շահ ամբողջ շրջանին է՝ աւելցնելով,որ պէտք է արգիլել Լիբանանի կացութեան առաւել վատթարացումը։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան տեսակցութիւն մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Մեթիու Ուայթեքըրի հետ։
Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, քննարկուած են Միացեալ Նահանգներ – Իրան պատերազմին կապուած խնդիրները եւ Հորմուզի նեղուցին վերաբացման եւ բնականոն աշխատանքի հեռանկարները եւ այս գծով թափուող դիւանագիտական ճիգերը։
*
Գերմանիոյ իշխանութիւններուն որոշումով՝ Թուրքիոյ մէջ պիտի տեղադրուին Փեթրիյըթ տիպի հակօդային համակարգեր, որոնց պիտի ընկերանան 150 զինուորներ։
Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիըս յայտնեց, որ Գերմանիա ՆԱԹՕ-ի մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ պիտի ստանձնէ՝ աւելցնելով,որ Թուրքիոյ մէջ թուրք, ամերիկացի եւ գերմանացի զինուորներու միջեւ համագործակցութիւնը ցուցանիշ է, թէ որքան վստահելի գործընկերութիւն գոյութիւն ունի Արեւմտեան Զինակցութեան շարքերուն մէջ։
*
Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ թրքական օրուան քայլարշաւը, որ 43 տարիներէ ի վեր ամէնամեայ դրութեամբ կը կազմակերպուի։
Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սետաթ Օնալ յայտնեց, որ թրքական ուժեղ սփիւռք մը կարեւոր գործօն է՝ Թուրքիոյ համաշխարհային դերակատարութեան շեշտադրման մէջ։
Խորքին մէջ սակայն Միացեալ Նահանգներու թրքական գաղութը Անգարայի իշխանութիւններուն ձեռքերուն մէջ գործիք մըն է՝ արգելակելու ամերիկայի հայկական ուժեղ լոպիինկին աշխատանքները, յատկապէս՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը, որուն նպատակն է պահանջել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիայէն հաշուետուութիւն եւ ապահովել Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին իրաւունքները։
*
Թուրքիոյ հակաահաբեկչական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 110 անձեր՝ Իսլամական Պետութեան հետ կապերու կասկածներով։
Հետապնդումները եւ ձերբակալութիւնները, որոնք կատարուեցան Պոլսոյ եւ երկու այլ նահանգներու մէջ, համակարգուեցան Պոլսոյ ընդհանուր դատախազին կողմէ։
Անցեալ շաբաթ եւս 47 նահանգներու մէջ կատարուած հետապնդումներուն եւ խուզարկութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ձերբակալուեցան 324 կասկածելիներ։

