ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ «ՄԵԼԻՔ ԹԱՆԳԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՏՕՆԵՑ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՕՐ»-Ը
ԹԱՒՐԻԶ․- Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, 18 Մայիսին, տեղւոյն Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող «Մելիք Թանգեան» թանգարանը հիւրընկալած է պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ գաղութէն անդամներ՝ Իրանի մէջ «Թանգարաններու Օր»-ուան առիթով։
131-ամեայ «Թամարեան» դպրոցի հնամենի շէնքին նոր շունչ տուած «Մելիք Թանգեան» թանգարանին մէջ պետական հիւրերը ընդունեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի անդամներ Գագիկ Ճորճեանի, Ալէն Սայեադեանի, Հենրիկ Աբրահամեանի, Վարդան Կարապետեանի եւ Քաթրին Տիլանեանի։
Նշենք, թէ պատերազմական օրերուն, երբ երկրի տարբեր շրջաններ ռմբակոծութեան կ՚ենթարկուէին, ապահովական նկատառումներով եւ պետութեան հետ խորհրդակցաբար, թեմական իշխանութիւնը թանկարժէք գոյքերը տեղափոխած էր ապահով վայր, իսկ այժմ անոնք դարձեալ տեղադրուած են թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ։

Սոյն յուսադրիչ վերաբացման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ թեմի ազգասէր եւ մշակութասէր զաւակները, ինչպէս նաեւ ազգային կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչները։
Նշենք, թէ Յունուար 6-ին, Սուրբ Ծննդեան տօնի առիթով մատուցուած առաջնորդական Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, պետական բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեամբ, Գրիգոր Արքեպիսկոպոսի ձեռամբ կատարուած էր թանգարանի գլխաւոր սրահին պաշտօնական բացումը, ուր տեղադրուած էին թանկարժէք գոյքերու եւ իւղանկարներու մէկ մասը։
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկու տարի առաջ սկսած աշխատանքներուն։ Ան նախ նշեց, թէ Իրանի մէջ այս օրը պետական որոշումով հռչակուած է «Թանգարաններու Օր», եւ անցեալ տարիներուն տեղական բոլոր թանգարանները յատուկ ուշադրութեան արժանացած էին, իսկ այս տարի անոնց միացած է նաեւ Ատրպատականի հայոց թեմի բարձրարժէք թանգարանը։

«Անցած աւելի քան քառասուն տարիներուն փակ մնացած եւ պետական հսկողութեան յանձնուած “Մելիք Թանգեան” թանգարանը, պետական բարձր արտօնութեամբ վերաբացաւ եւ հայ դարաւոր մշակոյթը՝ իր կրօնական ու ազգային տարբեր արտայայտութիւններով, վերստին պիտի հմայէ բոլոր հայ եւ օտար այցելուները։ Ասիկա մեր տարիներու երազն էր, որ իրականացաւ ներկայ Թեմական խորհուրդի նուիրեալ ջանքերով», ըսաւ Սրբազանը։
Իր խօսքին երկրորդ բաժինին մէջ ան անդրադարձաւ Յունուարին բացուած թանգարանի ժամանակաւոր փակման եւ ապահովական աշխատանքներուն՝ բացատրելով պատերազմական դժուար օրերուն դարաւոր գոյքերը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։
«Հազար փառք Աստուծոյ, որ մեր երկիրը դժուար օրերը խաղաղութեամբ յաղթահարելու ընթացքին մէջ մտած է։ Մեր յոյսն է, որ հայ մշակոյթը կարենանք ներկայացնել բոլոր այցելուներուն՝ միաժամանակ Ատրպատականի մէջ մեր ազգի դարաւոր ներկայութեան վկայութիւնը փոխանցելով պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն», շեշտեց Սրբազանը։

Այս առիթով ան բարի յաջողութիւն մաղթեց թանգարանի պաշտօնէական անձնակազմին՝ պետական ներկայացուցիչ Սիլվա Աշըքեանի, տնօրէն Վահիկ Բարոյեանի, հիւրընկալ Սիլվա Ասատրեանի, դասաւորման աշխատանքները իրականացնող Սեւան Ենովքեանի եւ Մօսիկ Ալեքսանեանի, ինչպէս նաեւ մաքրութեան պատասխանատու Շաքէ Ալեքսանեանի։
Սրբազանը յատուկ կերպով շեշտեց երիտասարդ արուեստագէտ Փոլեթ Բենոյեանի պատին վրայ ստեղծած խորհրդանշական նկարչութեան արժէքը՝ նշելով, թէ հինը եւ նորը այստեղ միաձուլուած են. 250-ամեայ իւղանկարներուն կողքին այցելուներուն խոր տպաւորութիւն պիտի ձգէ նաեւ անոր ստեղծագործութիւնը։

Հնամենի գոյքերու սրահին մէջ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Ճեմմա Գասպարեանը, որ թանգարանին նուիրեց իր տան մէջ տարիներ պահպանուած հնատիպ գիրք մը՝ 1800-ական թուականներու հրատարակութիւն, գրաբար լեզուով, օրացուցային եւ երազներու մեկնաբանութեան բովանդակութեամբ։ Սրբազանը նաեւ թանգարանին յանձնեց Էդիկ Գասպարեանի պահպանած 70-ամեայ գաւազանը՝ Ղալայի «Արամեան» դպրոցի Ձմեռ Պապիկին պատկանած։
Այնուհետեւ պետական ներկայացուցիչները եւ ներկաները բարձրացան թանգարանի երկրորդ յարկը, ուր տեղադրուած էին Սուրբ Թադէի վանքի զանգը, մայր դուռը եւ այլ հնութիւններ։ Սրբազանը նշեց, թէ այցելուները յատուկ միջոցի օգնութեամբ կրնան հնչեցնել զանգը, որպէսզի երբեք չլռէ Հայոց եկեղեցւոյ հնագոյն սրբավայրերէն մէկուն՝ Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքի ղօղանջը։
Պաշտօնական վերաբացումէն ետք ներկաները Թաւրիզի եկեղեցիներու խնամակալ մարմնի միջոցաւ հիւրասիրուեցան, շրջեցան թանգարանի սրահներուն մէջ եւ մօտէն ծանօթացան ցուցադրուած արժէքաւոր յիշատակներուն։ Պետական ներկայացուցիչները նաեւ հանդիպում ունեցան առաջնորդ Սրբազանին եւ Թեմական խորհուրդին հետ՝ գործնական աշխատանքներու վերաբերեալ։

