Գլխաւոր

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

 

Վատիկան կատարած իր քառօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի հանրապետութեանց դեսպաններուն հետ:

Լիբանանի նորանշանակ դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին այցելեց իր իջեւանած Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու յատուկ հիւրանոցին մէջ: Նորին Սրբութիւնը իր պատուիրակութեամբ այցելեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով այցելեց Սուրբ Պետրոս առաքեալի եւ Փրանկիսկոս Պապի գերեզմանները, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձաններուն: Յիշեալ այցելութիւնները, որոնց ընթացքին կատարուեցան աղօթքներ եւ շարականի երգեցողութիւն, հոգեւոր խորհրդածութեան եւ խոր յարգանքի պահեր հանդիսացան:

Նորին Սրբութեան նաեւ այցելեցին Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու նախկին պատասխանատուներ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական հարցերու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի յարաբերութեանց մասին:

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան վերջին օրը, Չորեքշաբթի, 20 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի հրաւէրին, իր պատուիրակութեամբ այցելեց Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան:

Advertisement Subscribe Today

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կարճ արարողութեան աւարտին, Հոգեւոր Տէրը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին գալուստը՝ նշելով, թէ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն միշտ գոյութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ ԿաթողիկէՊատրիարքարանին միջեւ, իսկ համահայկական բնոյթ ունեցող մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու գծով միշտ միասին գործած ենք: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Լեւոնեան Հայ Վարժարանէն ներս, ուր յաճախակի առիթներով այցելութիւն տուած է: Ան յիշեց կեդրոնի կարեւոր դերակատարութիւնը հոգեւոր ու կրթական մարզերէն ներս: Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սերտ գործակցութեան:

Ապա, Հոգեւոր Տէրը պաշտօնական ճաշկերոյթով պատուեց Նորին Սրբութեան այցելութիւնը: Ճաշկերոյթի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կերպով պատրաստուած ձեռաց խաչ մը նուիրեց Հոգեւոր Տիրոջ, ինչպէս նաեւ յուշանուէր խաչ՝ Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի:
Երեքշաբթի, 19 Մայիսի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ընդհանուր պատասխանատու Քարտինալ Քլաուտիօ Կիւճերոթիի հետ։ Նշենք, որ Քարտինալ Կիւճերոթի լաւատեղեակ է մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութեան՝ թէ՛ իր մասնագիտութեան ճամբով եւ թէ՛ Հայաստանի ու Վրաստանի որպէս Պապական նուիրակ իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ:

Քարտինալ Կիւճերոթի խօսք առնելով` ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Վատիկան: Մօտէն ծանօթ ըլլալով Նորին Սրբութեան եւ յատկապէս անոր միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս ունեցած լայն տեղեկութիւններուն եւ զանազան առիթներով Վատիկան կատարած այցելութիւններուն, ան Հայրապետին ներկայ այցելութիւնը նկատեց պատմական, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքը եւ Հայաստանը դիմագրաւող դժուար պայմանները: Քարտինալը անդրադարձաւ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին եւ Կաթողիկէեկեղեցւոյ սերտ յարաբերութեան:

Նորին Սրբութեան խօսքը առաւելաբար ընդգրկեց Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ մեր եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան միջեւ գործակցութիւնը: Այս ծիրէն ներս յայտնեց, որ ինք միշտ եղած է ջատագովը գործակցութեան, յատկապէս ընդհանրական հարցերու շուրջ, միաժամանակ վեր առնելով գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ու ծաւալելու կարիքը:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն՝ յայտնելով, որ արտագաղթը մեծապէս վնասած է քրիստոնեայ համայնքներու ազդու ներկայութեան ու դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ՝ կարգ մը շրջաններու մէջ ծայրայեղ իսլամներու ցուցաբերած խտրական մօտեցումին: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց քրիստոնէական միութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս գծով Վատիկանի աջակցութիւնը:

Խօսք առաւ նաեւ Քարտինալին փոխանորդը՝ Միշէլ Ճալխ Եպիսկոպոսը եւ յիշեց Նորին Սրբութեան հետ իր ունեցած սերտ գործակցութիւնը եւ ցուցաբերած օժանդակութիւնը, երբ տարիներ առաջ ինք Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարն էր:

Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան եւ Քարտինալ Կիւճերոթիի բաժանմունքի անձնակազմին ներկայութեան տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին, առանձին մտերմիկ հանդիպում մը կայացաւ Հայրապետի եւ Քարտինալի միջեւ: Արծարծուեցան Արցախի առնչուած հարցեր եւ մանաւանդ հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման խնդիրը: Քարտինալը մօտէն ծանօթ ըլլալով եւ այցելութիւն տուած ըլլալով Ազրպէյճան՝ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին:

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալ Կիւճերոթիի նուիրեց Նարեկ աղօթամատեանի ամենահին ձեռագրին կրկնօրինակը եւ իր հեղինակած Ներսէս Շնորհալիի նուիրուած աշխատանքը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button