Լրահոս

Ի Յիշատակ Ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10-ին, ի յիշատակ ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի  հոգեհանգստեան արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Հայոց եկեղեցւոյ մէջ։

Շրջանի հովիւ՝ Գերպ․ Տէր Հրանդ Ծ․ վարդապետ Թահանեանի կողքին, ներկայ էր նաեւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան։

Գերպ․ Տէր Հրանդ Ծ․ վարդապետ Թահանեան վեր առաւ ընկեր Թաթուլին վաստակը հայութեան հաւաքական կեանքին եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան հասարակական, կազմակերպական եւ միութենական կեանքերուն մէջ, նշելով, թէ ան ծնած է Գահիրէ եւ համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք, ան աշխատակցած է տարբեր օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու եւ ամսաթերթերու, ձեւաւորելով անոնց կողքերը։ Ան մեծ պատասխանատուութեամբ վարած է Հ․Յ․Դ․ եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան արխիւներու պատասխանատուի պաշտօնը՝ անձնուիրաբար եւ հաւատարմօրէն կատարելով իրեն տրուած բոլոր պարտականութիւնները։ Զուգահեռաբար այս պաշտօնին, ընկեր Թաթուլ նաեւ վարած է «Արմինիըն Ռիվիու»-ի խմբագիրի պաշտօնը։

Շուրջ երեսուն տարի Հայ Օգնութեան Միութեան Հրատարակութեան բաժանմունքը տնօրինելէ ետք, հանգստեան կոչուեցաւ Յունուար 2024-ին։

Advertisement Subscribe Today

Բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արք, Դանիէլեան, իր կարգին նշեց, թէ Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան կը հանդիսանայ մէկ անձնուէր գործիչը այն սերունդին, որ գործեց խոր գիտակցութեամբ՝ իր գիտելիքը եւ փորձառութիւնը ի սպաս դնելով Հայ Դատին եւ առհասարակ հայ հասարակական եւ միութենական կեանքերուն, իբրեւ ղեկավար, խմբագիր, հրատարակութիւններու վարիչ, թարգմանիչ եւ մտաւորական։

«Իր խմբագրական, արխիւային եւ գրական աշխատանքը անցեալն ու ներկան իրարու կապեց։ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներուն միջոցով ան օգնեց պահպանելու փաստագրական ժառանգութիւնը այն սերունդին, որ 1918-ին վերականգնեց հայկական պետականութիւնը», ըսաւ բարեջան Առաջնորդը, կրկնելով, թէ ան օգնեց նոր սերունդներուն` մեկնաբանելու հայկական փորձառութիւնը։ Իսկ Հ.Օ.Մ.-ի միջոցով ծառայեց հայ ժողովուրդի մարդասիրական եւ համայնքային ամէնէն մնայուն հաստատութիւններէն մէկուն։

Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով, խօսք առաւ Ճորճ Աղճայեան, որ յիշատակելի դրուագներու կողքին, շեշտեց, թէ Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան կոմիտէին աշխատանքներուն։ Լէօ Սարգիսեանի հետ գործակցաբար ան առաջնահերթ դեր ունեցաւ այդ վերոյիշեալ կոմիտէի վերափոխման եւ վերանուանման գործընթացին` հիմք դնելով նոր կառոյցի մը՝ Հայ Դատի յանձնախումբին։ «Ան նամակներ պատրաստեց Ա.Մ.Ն. Քոնկրէսին, հրապարակումներ՝ Հայ Դատի պատմական եւ բարոյական հիմքերու մասին, եւ մամուլի ճամբով ուսումնասիրութիւններ՝ աշխարհի ուշադրութիւնը կրկին ուղղելու համար 50 տարի անտեսուած արդարութեան վրայ», ըսաւ Աղճայեան։

Խօսք առաւ նաեւ Հ․Օ․Մ․-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Արուսեակ Մելքոնեան, որ նշեց, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը երախտապարտութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներով պիտի յիշէ ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի վաստակը։

Գերեզմանատան մէջ կատարուած արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հոգեճաշ, որուն ընթացքին սրտաբուխ խօսքեր արտասանուեցան։

Անգամ մը եւս, այս անգամ հայերէն լեզուով, Հ․Օ․Մ․-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Արուսեակ Մելքոնեան կարդաց խօսքը, որ կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ․-

Ազգային- հասարակական մեր կեանքին մէջ մերթ ընդ մերթ բարեբախտութիւնը կ՛ունենանք գործակցելու այնպիսի անձերու հետ, որոնք իրենց անյետաձգելի դրոշմը կը ձգեն՝ իրենց վարքագիծով, գործունէութեամբ, գիտութեամբ  ու մանաւանդ նուիրումով։

Հայ Օգնութեան Միութեան պարագային նման նուիրեալներու փաղանգ մը գործած ու պատմութեան անցած է՝ մեծապէս օգտակար հանդիսանալով մեր կազմակերպութեան նպատակներուն եւ ծրագրերուն գործադրութեան իր անուրանալի ներդրումը ունենալով։ Եւ անվարան կը հաստատեմ, որ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած, մեր բոլորին սիրելի ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանը այս փաղանգին մէջ ունի իր կարեւոր տեղը։

Նուիրեալ մը,որ իր գիտութիւնը, հմտութիւնը, փորձառութիւնը եւ հեռատեսութիւնը միախառնեց՝ Հայ Օգնութեան Միութեան պանծալի պատմութեան մէջ բանալով նոր հանգրուան մը, ուր արհեստավարժութիւնը միաձուլեց նուիրումին, վարչական բացառիկ կարողութիւնները ի սպաս դրաւ Հ․Օ․Մ․-ի կազմակերպական կեանքին առաւել հաստատման, գաղափարական ամրութեան վրայ կառուցեց մեր միութեան յառաջադիմութեան հոլովոյթը, իր անձնական օրինակով խրախուսեց եւ քաջալերեց,որպէսզի Հայ Օգնութեան Միութիւնը անշեղօրէն գործադրէ իր նպատակներն ու առաջադրանքները։

Ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան ոչ միայն եղաւ սրտակից ընկեր, պարտաճանաչ գործակից եւ նուիրեալ կամաւոր մը, այլ նաեւ՝ ուղղութիւն տուող առաջնորդ մը, որ իր խորհուրդներով եւ անխոնջ աշխատանքով վերանորոգեց ՀՕՄի պաշտօնաթերթ Հայ Սիրտը, լուռ ու մունջ կատարեց իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները եւ Հայ Օգնութեան Միութեան գաղափարական յենարանին վերածուեցաւ։

Համոզուած եմ, որ սրտի խօսքի մը նեղ սահմաններուն մէջ չենք կրնար տեղաւորել ընկեր Թաթուլին երկարամեայ վաստակն ու նուիրումը։ Բայց եւ այնպէս պէտք է արձանագրել, որ  ընկեր Թաթուլին ներկայութիւնը , Հայ Օգնութեան Միութեան վերջին շուրջ երեսուն հինգ տարիներու պատմութիւնը վերածեց իսկական արդիականացման հանգրուանի մը, ուր մեր ընկերոջ խղճամիտ աշխատանքն ու գիտութիւնը իրենց առանցքային նշանակութիւնը ունեցան։

Սիրելի ընկեր Թաթուլ, չափազանց դժուար է հրաժեշտ տալ քեզի։ Անձնապէս պատիւը ունեցայ քեզ ճանչնալու՝ իբրեւ սրտակից ընկեր, որուն ահա կ՛ուղղեմ խօսքս՝ շնորհակալական եւ երախտագիտական զգացումներով, որովհետեւ  անսակարկօրէն ծառայեցիր  մեր կազմակերպութեան՝ օրինակ ծառայելով, կամաւոր աշխատանքը արհեստավարժութեամբ օժտելով, Նուիրումի կենդանի օրինակ դառնալով։ Հ․Օ․Մ․-ի արժէքներուն նկատմամբ անզիջող եւ մեր կազմակերպութեան համահայկական դիմագիծին առաւել շեշտադրման համար անխոնջ աշխատանք կատարելով՝ միացար մեր անմահներուն փաղանգին։

Ա՛յս համոզումով ալ հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի ընկերոջ։ Ա՛յս համոզումով ալ կը խոստանանք շարունակել գլխագիր գործը, որպէսզի իրենց գործով ռահվիրաներու վերածուած մեր բոլոր նուիրեալներուն արժանի յաջորդները ըլլանք։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button