Գլխաւոր

Բանակում՝ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Եւ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւններու Նախաձեռնութեամբ

Հ․Յ․Դ․ Արցախի Երիտասարդական Միութեան եւ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ «Յանուն Արցախի» խորագրով երիտասարդական բանակումը, որուն մասնակցեցան 13-18 տարեկան շուրջ 160 պատանիներ ու երիտասարդներ՝ Արցախէն եւ Սփիւռքէն։

Տեղահանութենէն ի վեր կազմակերպուող այս բանակումները դարձած են արցախցի երիտասարդներու համախմբման կարեւոր օճախներ։ Այստեղ անոնք ոչ միայն միասին օրեր կ՛անցընեն, այլեւ կը ճանչնան, կը լսեն ու կը հասկնան զիրար, կը կիսուին Արցախէն բերուած յիշողութիւններով եւ միասին կը պահպանեն այն, ինչ ոչ ոք կրնայ մեզմէ խլել՝ Արցախի հանդէպ մեր կապն ու վերադարձի հաւատքը։

Մէկ շաբաթուան ընթացքին բանակումին մասնակիցները ներգրաւուեցան ազգային, կրթամշակութային եւ մարզական ծրագիրներու, մասնակցեցան երգի ու պարի դասընթացքներու, խմբային աշխատանքներու եւ զանազան նախաձեռնութիւններու։

Առանձնայատուկ տեղ յատկացուած էր արցախեան մշակութային ժառանգութեան պահպանման։ Արցախեան բարբառը, երգը, պարը, աւանդութիւններն ու յիշողութիւնները դարձան այն անտեսանելի թելը, որ բոլորը կը միացնէր։

Բանակումը նաեւ առիթ էր Հայաստանը ճանչնալու։ Գոշավանքը, Թեժառոյքի վանական համալիրը եւ Գոշ լիճը մասնակիցներուն համար դարձան նոր բացայայտումներու եւ հայրենի հողին հետ կապը աւելի ամրապնդող գեղեցիկ յիշողութիւններ։

Advertisement Subscribe Today

Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ՝ անդրադառնալով Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անդամներու եւ ռազմագերիներու հարցին։

Արցախէն բռնի տեղահանութենէն ետք ժամանակը չի կրնար հեռացնել Արցախէն։ Ընդհակառակը՝ ան աւելի ամրապնդած է յիշողութիւնը, ինքնութիւնը եւ վերադարձի հաւատքը։

Արա Պուլուզեան ընդգծեց, որ Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները կը պահպանեն ամուր ոգի եւ արժանապատիւ կեցուածք։ Ան շեշտեց, որ գերիներու վերադարձի եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը պէտք է մնայ համազգային օրակարգի առաջնահերթութիւններուն շարքին, իսկ երիտասարդութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի այդ պայքարը առաջ մղելու գործին մէջ։

Յուզիչ էր բաժանումը, որովհետեւ մէկ շաբաթուան ընթացքին ձեւաւորուած էին նոր բարեկամութիւններ, ծնած էին նոր յիշողութիւններ, իսկ «մինչեւ նոր հանդիպում»-ը դարձած էր ոչ թէ պարզապէս խօսք, այլ՝ սպասում։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button