Լրահոս

Թրամփ Կը Խոստանայ «Էֆ․ 35» Ծախել Թուրքիոյ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Անգարա այցելած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները պիտի վերցուին եւ արդիական «Էֆ․ 35» ռազմական օդանաւեր ծախելու որոշումը պիտի տրուի։ Ան նաեւ վստահեցուցած է, թէ Անգարայի հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները շատ լաւ են։

Նկատի ունենալով տարածաշրջանին մէջ Անգարայի ապակայունացնող ներկայութիւնն ու արարքները, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի սկզբունքներուն դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ առնուած շարք մը քայլերը, քոնկրէսականներ Տինա Թայթըս, Պրետ Շըրմըն, Մայք Լոլըր եւ 17 այլ քոնկրէսականներ նամակներ յղած էին Թրամփին եւ Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան, որպէսզի կասեցուին Թուրքիան արդիական զէնքերով զինելու Թրամփի վարչակազմին ջանքերը:

Սակայն, Էրտողանին հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող Թրամփ Թուրքիան քննադատելու փոխարէն, քննադատեց ՆԱԹՕ-ի իր միւս դաշնակիցները, պնդելով, որ անոնք Իրանէ դէմ ռազմական գործողութեան ընթացքին բաւարար օժանդակութիւն չեն ցուցաբերած։

«ՆԱԹՕ-էն մեծապէս յուսախաբ եմ եւ վեհաժողովին ներկայացայ միայն անոր համար, որ Թուրքիոյ մէջ կը գումարուի, առ ի գնահատանք Էրտողանին։ Էֆ․ 35»-ներ ձեռք ձգելուն նկատմամբ որեւէ մտավախութիւն չունիմ», ըսած էր Թրամփ:

Քոնկրէսականներ նաեւ դէմ կ՛արտայայտուին ռազմական օդանաւերու յատուկ արդիական շարժակներ Թուրքիոյ ծախելու եւ Անգարան «Էֆ․ 35»եր արտադրողներուն խմբակին մաս դարձնելու ջանքերուն։ Թայթըս նաեւ թիւ 200 բանաձեւը ներկայացուցած է, կասեցնելու համար նշեալ շարժակներուն վաճառքը:

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button