ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յունիսի 7-ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ կը մնան իբրեւ աննախընթաց պետական տեռորի պայմաններու մէջ տեղի ունեցած
ընտրութիւններ։
Իշխող վարչախումբը ընտրական գործընթացի ամբողջ ընթացքին գործեց առանց միջոցների մէջ
խտրութիւն դնելու։ Լայնօրէն կիրարկուեցան ամբողջ վարչական միջոցները՝ պետական եւ համայնքային
լծակներու օգտագործումով։ Գործի դրուած քարոզչական, վարչական ամբողջ զինանոցը միտուած էր ամէն ձեւով սահմանափակելու քաղաքական մրցակցութիւնը ու ազդելու ընտրողներու ազատ կամքի
արտայայտութեան վրայ։ Իշխանութեան տարածած ատելութեան խօսքն ու ձեռնարկած քայլերը նոր բաժանարար գիծեր եւ պառակտումներ առաջ բերին հասարակութեան մէջ։
Արդիւնքը եղաւ այն, որ առաջին անգամ ըլլալով վարչական միջամտութեան հետեւանքով Հ․Հ․
քաղաքացին զրկուեցաւ իր ընտրելու, իսկ քաղաքական ուժը՝ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ըլլալու իրաւունքէն։
Ընտրախախտումներու ծաւալը, ատոնց համակարգուած բնոյթը կը փաստեն ընտրութիւնները սոսկ
իշխանութեան պահպանման միջոցի վերածելու վարչախումբի ձգտումներու մասին։
Աւելին՝ ընտրական խախտումներու վերացման պահանջը, քաղաքական նպատակայարմարութիւններով պատճառով զանոնք անհետեւանք ձգելը, կը յառաջացնեն պետական կառոյցներու կենսունակութեան եւ սահմանադրական կարգի պահպանման հետ կապուած հիմնաւոր կասկածներ։
Այլեւս աներկբայ է, որ խորհրդարանական այս մեծամասնութիւնը ձեւաւորուած է ոչ թէ
ժողովրդավարական ընտրութիւններու, այլ բացառապէս սահմանադրական դատարանի կողմնակալ որոշման եւ վարչական մեքենայութիւններով իրականացուած մանդատներու բաշխման իբրեւ արդիւնք։
Այս ընտրութիւններուն ընթացքին էական գործօն էին նաեւ արտաքին ուժային կեդրոններու եւ
զանազան դերակատարներու բացայայտ միջամտութիւններն ու ազդեցութիւնները, ինչ որ լուրջ հարուած էր Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու գերիշխանութեան։
Այդուհանդերձ, հակառակ վերը նշուած հանգամանքներուն, բոլոր դժուարութիւններուն,
սահմանափակումներուն եւ խոչընդոտներուն՝ հաւաքական ընդդիմութիւնը կրցաւ պատկառելի քանակով ընտրաքուէ ստանալ։ «Պաշտօնապէս» արձանագրուած արդիւնքները թէեւ գործող իշխանութիւններուն փաստացի հնարաւորութիւն կու տան վերարտադրուելու, սակայն ակնյայտ է, որ իշխող վարչախումբը անկման ընթացքի մէջ է եւ կորսնցուցած է իր լեգիտիմութիւնը։ Ասոր վկայութիւններէն են նաեւ նոր թափ ստացած յետընտրական քաղաքական հետապնդումներն ու բռնաճնշումները։
Քաղաքական ճգնաժամը, ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, ոչ միայն չէ յաղթահարուած, այլեւ
իշխող վարչախումբի քայլերուն իբրեւ հետեւանք, աւելի խորացած է՝ ձեռք բերելով վտանգաւորներազգային եւ աշխարհաքաղաքական երանգներ։ Ամէն գնով վերարտադրուելու իշխանություններու մոլուցքը հարուածի տակ դրած է հանրային համերաշխութիւնը, ժողովրդավարական արժէքները, կայունութիւնը եւ պետութեան կենսունակութիւնը։
Գործող վարչախումբը շարունակ կը թիրախաւորէ Անկախութեան հռչակագիրը, Հայաստանեայց
Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, արցախեան շարժումը, հայկական ինքնութեան հիմքերը, այն ամէնը՝ ինչ
հանդիսացած է համահայկական միասնութեան շաղախը։
Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, նոր իրողութիւններն ու հանգամանքները հաշուի առնելով, հարկ է
շարունակել քաղաքական պայքարը նոր մատավարութեամբ, նոր թափով եւ ուժգնութեամբ։
Գլխաւոր խնդիրը իշխող վարչախումբի՝ Հայաստանի թրքացման միտուած կործանարար եւ
աղէտաբեր քաղաքականութեան կանխումն է, եւ այս առումով խիստ կարեւոր է բոլոր առողջ, ազգային
ուժերու համակարգուած ու համադրուած աշխատանքը եւ հանրային լայն համախմբումը։
Հետեւողական եւ աննահանջ պայքարը բոլոր ճակատներու վրայ յաջողութեան հասնելու միակ
ճանապարհն է։
Հայկական ինքնութեան պահպանումը, ազգային ու արժանապատիւ պետութիւն ունենալու
հրամայականը պէտք է դառնան համահայկական թիւ մէկ օրակարգ։
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
09 Յուլիս, 2026

