ԳլխաւորԼրահոս

«Միջազգային իրաւունքը կը կորսնցնէ իր հեղինակութիւնը, երբ իրաւախախտումները անպատիժ կը մնան», Կը յայտնէ Լիլիթ Գալստեան

Ստորեւ, կը հրատարակենք Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի ելոյթը՝ «Միջազգային իրաւունք եւ սկզբունքներ» օրակարգով, ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի 33-րդ նստաշրջանին, որ տեղի ունեցաւ Լա Հէյի մէջ։

Յարգելի՛ գործընկերներ,

Խաղաղութեան եւ արդարութեան քաղաք Լա Հէյի մէջ այսօր կը քննարկենք միջազգային հանրութեան կողմէ ամէնէն շատ արծարծուող հարցերէն մէկը՝ միջազգային իրաւունքը։

Պէտք է անկեղծ ըլլամ. այսօր իմ երկրիս՝ Հայաստանի մէջ, շատեր կասկածի տակ կը դնեն միջազգային իրաւունքի հեղինակութիւնն ու, առհասարակ, միջազգային աշխարհակարգի վստահելիութիւնը։

Սակայն միջազգային իրաւունքը մէկ օրուան մէջ չէ, որ խոցելի դարձած է։ Ան ամէն անգամ կը կորսնցնէ իր հեղինակութիւնը, երբ իրաւախախտումները կը մնան անպատիժ, երբ քաղաքական նպատակայարմարութիւնը կը գերակշռէ իրաւական պարտաւորութիւններուն, եւ մանաւանդ երբ անոր սկզբունքներն ու չափանիշները ընտրովի կերպով կը կիրառուին։

Մեր ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ մեր կայացուցած որոշումներուն միջեւ խորացող վիհը պէտք է բոլորիս մտահոգէ։

Advertisement Subscribe Today

Ինչպէ՞ս կրնանք յաւակնիլ ըլլալ ժողովրդավարութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պաշտպաններ, երբ շրջապատուած ենք պատերազմներով, երբ երկակի չափանիշներու քաղաքականութիւն վարելով կը մերժենք արձանագրել ակնյայտ խախտումները, իսկ ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ իրականութեան միջեւ գոյացած անդունդը շարունակաբար կը խորանայ։

Դժուար է խօսիլ համամարդկային արժէքներու եւ սկզբունքներու մասին այնպիսի աշխարհաքաղաքական միջավայրի մը մէջ, ուր ամէն վայրկեան ականատես կ’ըլլանք այդ նոյն արժէքներու շարունակական քայքայումին։

Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 120 հազար բնիկ հայերու բռնի տեղահանումը տեղի չունեցաւ այն պատճառով, որ միջազգային իրաւունք գոյութիւն չունէր։ Ազրպէյճանի յարձակումը եւ անոր յաջորդած ցեղային զտումը բացայայտեցին մեր հաւաքական արձագանգին եւ քաղաքական կամքին բացակայութիւնը։

Վերջին վեց տարիներուն ընթացքին Ատրպէյճան բազմիցս անտեսած է միջազգային ուխտերը, համաձայնագիրներն ու բանաձեւերը, ներառեալ միջազգային դատարաններու պարտադիր ուժ ունեցող վճիռները, որոնք կը պահանջէին Արցախի շրջափակումի անհապաղ վերացումը, տեղահանուած բնիկ բնակչութեան ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի երաշխաւորումը, կը դատապարտէին հայկական մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներուն դէմ շարունակուող շինծու դատավարութիւնները։

Յարգելի՛ գործընկերներ,

Աւելի քան ակնյայտ է, որ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ վստահութիւնը կը խարխլուի, երբ անոր սկզբունքներն ու կանոնները չեն պաշտպանուիր, իսկ միջազգային իրաւախախտումները կը մնան անպատիժ եւ կը մատնուին լռութեան։

Վերահաստատենք, որ միջազգային իրաւունքը սակարկութեան առարկայ չէ, ինչպէս նաեւ անոր սկզբունքները՝ ընտրովի կիրառման ենթակայ չեն։

Մեր սկզբունքները այնքան ամուր են, որքան մեր կամքն ու պատրաստակամութիւնը՝ զանոնք պաշտպանելու։

Լա Հէյ, 8 Յուլիս 2026

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button