Երեկոյ Մը Լուսիա Պապիկեանի Հետ

Կիրակի, 9 Օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Արլինկթընի (Մասաչուսէց) Հայ Մշակութային Հիմնարկին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ երիտասարդ ամերկահայ երգչուհի Լուսիա Պապիկեանը, ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի Միշել Ուոնկի։

Պապիկեան տաղանդաւոր հայ-ամերիկացի սոփրանօ մըն է, որ կը հետեւի երաժշտական ուսման իր մասնագիտացման ծրագրին, Նիւ Եորքի հանրածանօթ «Ճուլիըրտ» երաժշտանոցին մէջ։

Ան ծնած է Մեծն Պոսթընի Ուալթհամ շրջանին մէջ։ Իր մանկութէնէն իսկ, Լուսիա Պապիկեան միջազգային ճանաչում ձեռք բերած է՝ շահելով զանազան մրցանակներ, որոնց շարքին, ապագայ խոստացող American Protégé International Voice Competition-ը։ Իր յաջողութիւններուն շնորհիւ ան ելոյթ ունեցած է նաեւ Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քարնըկի Հոլ»-ի բեմին վրայ։

Այս յատուկ երաժշտական երեկոն առիթ պիտի ընծայէ ունկնդիրներուն, մօտէն ծանօթանալու երիտասարդ, խոստմնալից արուեստագիտուհիի մը, որ արդէն իսկ սկսած է հաստատել տեղը միջազգային դասական երաժշտութեան ոլորտէն ներս։ Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ գործեր՝ Ֆրանց Լիսցէն, Ալպան Պերկէն, Ժան Սիպելիուսէն եւ Կաէթանօ Տոնիզեթիէն։

Ձեռնարկը կազմակերպած է «Կամուրջներ» հիմնարկը։ Վայր՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկ (441 Mystic Street, Arlington, MA)։ Մուտքը՝ ազատ։

Advertisement Subscribe Today

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button