. . . Բ Ա Զ Մ Ա Կ Է Տ
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ես չէի՛ գիտեր,
որ բազմակէտի կէտերն առանձինն,
բանալիներ են դարպասին փակուած
մութ, անթիւ, գաղտնի լուռ խորհուրդներու…
Ես չէի՛ գիտեր,
որ կէտերն փոքրիկ,
անգիտակցութեան ուղիներուն մէջ,
խեղճ թափառական շրջիկի մը պէս
կը դեգերին լուռ…
Չե՛ն երգեր բարձր։
Չեն ալ յայտնուիր։
Չե՛ն իսկ փսփսար…
Ամօթխածութի՞ւն,
թէ՝ բարդ եսոյթ*ի
սրբագոյն խոհոյթ*…
Ես չէի’ գիտեր…
Կէտերը շարուած,
աննշանութեան շապիկը հագած,
տիեզերքի մը արեւի նման,
կեանքի կը կոչեն չ՛երկնած պահերը
մարդ արարածի մոլորուածութեան…
Կէտերն այդ մենիկ,
փարոսի նման լուռ կը պլպլան,
կ՛ուղորդեն մարդուն շփոթած միտքը
դէպի կղզիներն անորոշ կեանքին,
ուր օրերն յոգնած,
լուռ առանձնութեան շապիկը հագած
միաձուլման մէջ երգեր կը հիւսեն…
Տարօրինա՛կ է ՄԱՐԴ արարածը…
Իր իսկ գոյոյթ*ի լարերովն անտես,
կախուած է անյոյս բազմակէտէն այս,
կը ճօճուի դանդաղ`
մութ, անթիւ, գաղտնի լուռ խորհուրդներու
որոնումներու ալքին յանձնուած…
Տարօրինա՛կ է պատկերն այս գոյի…
Ես-եր, դուն-եր եւ ան-եր,
մենք-եր, դուք-եր, անոնք-ներ՝
քով-քովի պպզած կէտերու կոյտ ենք…
անորոշութեան շապիկը հագած,
մշուշներու մէջ լռիկ թագնուած…
Բազմակէտերով ովկեան մըն ենք մեծ,
ուր փարոս չկայ…
Տարօրինա՜կ է է-ին էոյթը*
… շփոթը մռայլ մշուշը հագած
լուռ կը տանջէ զիս…
… ի՞նչ է, ի՞նչ արդեօք առեղծուածն այս նուրբ…
Կէ՞տ է, կետո՞յթ* է, թէ՝ լուռ կէտութիւն*…
Մո՞ւթ է, մութո՞յթ* է, թէ՝ մութ մութութիւն*…
… Անլոյծ կառոյց է
մարդ-մարդոյթ*-մարդութիւն*
այս եռաբեւեռ մեծ հանելուկը…
… ՄԱՐԴԸ … Բ Ա Զ Մ Ա Կ Է՜ Տ…
… ՄԱՐԴԸ … Բ Ա Զ Մ Ա Կ Է՞ Տ…
Թէ՞՝
ԿԷՏԱԿԱԶՄՈՒԱԾ
ԽՈՀՈՅԹ* ԱՆՈՐՈՇ…
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 23, Ամիս՝ Մայիս, Ամ՝ 2026
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Ծմակ, Ամիս՝ Ահեկան, Յամի՝ ՏՇԺԷ (4517)
*Աստղանշուած բառերը, («Բառ-Խորհուրդ-Իմաստասիրութիւն» Մարգարեան
Բառակազմական Համակարգ)էս են։

