Հայրենի Աշխարհ

«Բարով Եկաք Մոնթէաբերդ»

 

Նարեկ Ալեքսանեան

ՀԵՏՔ

 

«Բարով Եկաք Մոնթէաբերդ»․..Արցախեան առաջին պատերազմէն ետք, այս գրութեամբ ցուցանակը փակցուած է Արցախի Մարտունի քաղաքի մուտքերուն մօտ:

Advertisement Subscribe Today

Մարտունի – Մոնթէաբերդը 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ժամանակ, մեծ կորուստներու գնով, կրկին պայքարեցաւ ու բուռն կերպով դիմադրեց:

Չաւարտուող այս պատերազմի աւարտէն ետք, փխրուն հրադադարի պայմաններու տակ, Մարտունին աստիճանաբար կը վերականգնի: Բնակիչներու մեծամասնութիւնը վերադարձած է հայրենի տուն, շատ են նաեւ ներքին տեղահանուածները Հատրութէն, Շուշիէն եւ այլ բնակավայրերէն:

Ահաւասիկ քաղաքի առօրեայէն լուսանկարներ։

Այս տարուայ Յունիս 1-էն սկսեալ Մարտունիի այգիներու մէկուն մէջ վերսկսած են աշխատիլ մանուկներուն յատուկ խաղավայրերը:

«Վեց թոռ ունեմ, ամէն ամառ գալիս են էստեղ հանգստանալու, էս ամառ էլ են ուզում գալ, տեսնենք»,- կը պատմէ Մարտունեցի Վալերիկը:

Կեդրոնական մի քանի փողոց հիմնովին վերանորոգւուելու ընթացքի մէջմ են:

Մարտունիի վարսայարդարները:

Ինքնաշարժի կտորներ ծախող Սերգօն` իր խանութի մօտ:

Մարտունիի մէջ կայ երկու մանկապարտէզ, որոնք եւս տուժած էին պատերազմի ժամանակ:

Որոշ սրճարաններ բաց են մինչեւ ուշ գիշեր:

Մարտունիի մէջ կան քաղաքային զբօսայգիներ, բայց երեխաներու համար խաղալու ու ժամանցի վայրերը սահմանափակ են: Ծնողները աւելի ժամեր եւ կարելիութիւններ կը պահանջեն։

Մարտունիի շրջանէն ներս համեմատաբար հաճելի է կլիման։

Վահէն երիտասարդ երաժիշտ է, որ շրջանի քաղաքացիներուն հետ միասին մասնակցած է Մարտունիի ինքնապաշտպանութեան: Յատկապէս այս պատերազմէն յետոյ որոշած է, որ երբեք պիտի չհեռանայ իր հայրենի քաղաքէն:

«Լոյս» ծաղիկի խանութը:

«Հանգիստ»․․․այստեղ այսպէս կը կոչեն գերեզմանոցը:

Մարտունիէն կարճ տեւողութեամբ կարելի է հասնիլ պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձան` Ամարաս վանքային համալիր:

Իւրայատուկ է Տնջրի ծառը` 1,8 հա մակերեսով հսկայական սօսին, որ ամենախոշոր ծառն է տարածաշրջանի եւ նոյնիսկ նախկին Խորհրդային միութեան երկիրներու տարածաշրջանէն ներս:

Մարտունիէն Ամարաս ու Տնջրի ծառ ճանապարհին` ամէն բնակավայրէն անցնելու ժամանակ, կը յիշուի հայրենիքի գոյութեան համար յաւերժացած հերոսներու մասին:

Ռմբակոծման հետեւանքով առաջացած փոսը Մարտունիի փողոցներէն մէկուն մէջ:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button