Լրահոս

«Ֆրանս 24» Հեռատեսիլի Կայանին Հետ Ալիեւի Հարցազրոյցը

 

ՓԱՐԻԶ․- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ։ Ան ըսաւ․ «Վենսի հետ քանի մը ժամ տեւած քննարկման ընթացքին բանտարկեալներու հարցը բարձրացուած է, եւ ես Ատրպէյճանի դիրքորոշումը ներկայացուցած եմ, եւ վերջ: Մենք հիմնականին մէջ քննարկած ենք երկկողմանի յարաբերութիւները, շրջանային զարգացումը, ԹՐԻՓՓ-ը եւ Հայաստանի հետ պաշտօնական խաղաղութեան հեռանկարները: Ինչ կը վերաբերի այս մարդոց, զորս դուք յիշատակեցիք, անոնք անօրինական անջատողական վարչակարգի ղեկավարներն են, որոնք անօրինական կերպով գործած են մեր տարածքին մէջ` գերիշխան Ատրպէյճանական պետութեան տարածքին մէջ, որ իբրեւ այդպիսին ճանչցուած է միջազգային ամբողջ ընտանիքին, ներառեալ Հայաստանի կողմէ: Տարիներ շարունակ այս մարդիկը եղած են Ատրպէյճանցիներու եւ Ատրպէյճանի դէմ բոլոր զինուորական յանցագործութիւններուն կազմակերպիչները եւ անոնք ենթարկուած են արդարադատութեան: Անոնք ձերբակալուած են Ղարաբաղի մէջ մեր զինուորական գործողութեան հետեւանքով եւ ենթարկուած արդարադատութեան: Անոնց տրամադրուած են փաստաբաններ: Դատավարութիւնը բացարձակապէս թափանցիկ էր: Անոնց յանցագործութիւնները ապացուցուած են վկաներու ցուցմունքներով, բազմաթիւ ցուցմունքներով, եւ չկայ որեւէ կասկած անոնց յանցագործութեան վերաբերեալ»:

Պատասխանելով արցախցիներու վերադարձի մասին հարցումին` Ալիեւ ըսած է, որ եթէ Հայաստան նման դիմում ներկայացնէ, Ատրպէյճան զայն պիտի դիտարկէ, սակայն ատիկա կրնայ տեղի ունենալ փոխադարձութեան սկզբունքով:

Advertisement Subscribe Today

Ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք մօտիկ ապագային կը սպասուի՞ լիակատար խաղաղութիւն եւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում, Ալիեւը նշած է, որ իր կարծիքով, այո:

 

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button