

Հոկտեմբեր 12-ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը, որ յաջորդաբար եօթերորդ անգամ ըլլալով կը կատարուէր, տեղի ունեցաւ, քաղաքի կեդրոնական շրջանի “Տապըլ Թրի“ պանդոկի շքեղ սրահին մէջ: Շրջանէն ներս գործող քաղաքական անձնաւորութիւններ ներկայ էին, որոնց կարգին` Էտուըրտ Ռէնտէլ (Ֆիլատելֆիոյ նախկին քաղաքապետ եւ Փենսիլվանիոյ կառավարիչ), Տէյլին Լիչ (Փեսիլվանիոյ շրջանէն ծերակուտական), Փեթրիք Միհըն (Փեսիլվանիոյ շրջանէն քոնկրէսական) եւ հետեւողական կերպով ի նպաստ Հայ Դատի գործող` Ֆրենք Փըլոն (Նիւ Ճըրզի):
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Չօլոյեան կատարեց Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք պաշտօնապէս բացուած նկատուեցաւ մեծարանքի երեկոն: Օրուան հանդիսավարն էր Անդրանիկ Ղարիպեան, որ ամենայն նուիրումով եւ բծախնդրութեամբ կատարեց իր աշխատանքը: Ան յայտնեց թէ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գործունէութիւնը պիտի ծաւալի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յատկապէս հատուցման խնդիրներու բարձրացման, ինչպէս նաեւ հատուցում եզրը սահմանելու ուղղութեամբ:
Ֆիլատելֆիոյ նախկին քաղաքապետ եւ Փենսիլվանիոյ կառավարիչ Էտուըրտ Ռէնտէլ, բեմ բարձրանալով, յայտնեց թէ ամէն գնով պէտք է պայքար մղել, կանխելու համար որեւէ ցեղասպանութիւն:
“Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերու եւ ողջակիզուած հրեաներու կրած դաժան ճակատագիրը օրինակ պէտք է ըլլայ քաղաքակրթուած աշխարհին, որպէսզի երբեք տեղի չտայ եւ չպատահին նմանօրինակ դէպքեր, որոնց վերջինը դեռ վերջերս Տարֆուրի մէջ պատահեցաւ“, յայտնեց Ռենտէլ որ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ, շարունակ շրջանի հայ գաղութը թիկունք կանգնած է իր կատարած աշխատանքներուն:
Փեսիլվանիոյ շրջանի քոնկրէսական Փեթրիք Միհըն, իր կարգին խօսք առնելով, յայտնեց թէ պատմութիւնը կարելի չէ կեղծել եւ յատկապէս 2015-ին, պատշաճօրէն պետք է որ նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Ան աւելցուց թէ մարդկութեան խիղճը, պէտք է բարձրանայ տեղի ունեցած դէպքին մակարդակին եւ ամբողջական ու յստակ կերպով ճանչնայ մարդկային սպանդը:
Փեսիլվանիոյ շրջանէն ծերակուտական Տէյլին Լիչ յանդգնօրէն ելոյթ ունենալով, շեշտեց թէ թուրք-ազերի քարոզչական մեքենան բազմիցս գործի կը լծուի որեւէ հայանպաստ որոշումի դէմ գործելու: “Պատրաստ եմ, իմ կարգիս Հեռիզպըրկ (Փեսիլվանիոյ մայրաքաղաք) երթալու եւ ամէն գնով պայքարելու…“, շեշտեց ան, եւ եզրակացուց թէ պայքարը պէտք է անյապաղօրէն շարունակել, որպէսզի ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգները իրե՛նք իբրեւ Ցեղասպանութիւն ճանչնան Մեծ եղեռնը, այլեւ մղեն իրենց դաշնակից թրքական իշխանութիւնները, որ ի վերջոյ հաշուի նստին եւ հաշտուին իրենց սեփական պատմութեան հետ` իրենց ժառանգած դառն ու դաժան պատասխանատուութեան տէր կանգնելով:
Հայ Դատի մօտիկ բարեկամ Ֆրենք Փըլոն (Նիւ Ճըրզի) իր խօսքին մէջ, ըսաւ թէ խիստ կարեւոր է նշելը, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերու ծաւալուն ու անխոնջ պայքարը, նշանակելի հանգրուան մը բոլորած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ, հակառակ ամերիկեան եւ արեւմտեան աշխարհի կառավարութեանց, ցարդ որդեգրած խուսափողական քաղաքականութեան:
Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ բանաստեղծ Աւիկ Տերենց, որ հայերէն լեզուով ասմունքեց:
“Ազատութիւն“ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ հանրահռչակ գրագէտ Քրիս Պոհճալեան, որ իր խօսքին մէջ, ահազանգեց թէ մէկուկէս տարի մնացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու: Ան ակնածանքով արտայայտուեցաւ Հայ Դատի կատարած հետեւողական աշխատանքին առնչութեամբ:
Պոհճալեան տիպարը ներկայացուց Քոնկրէսէն ներս Հայ-Վրացական հարցերու մասնագէտ դոկտ. Լեւոն Աւտոյեան, որ իր կարգին հիացմունքով արտայայտուեցաւ, անոր գրիչին մասին: Ան եզրակացուց թէ Հայկական գաղութները կը փորձեն իրենց դատին կարելի եղածին չափ շատ ճանաչում ապահովել արեւմտեան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, որպէսզի արեւմտեան հանրային կարծիքը ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ` ճանչնալու հայկական պատմական ցեղասպանութիւնը, որ կը նկատուի քսաներորդ դարուն մարդկութեան դէմ գործուած առաջին սպանդը:
“Քարտաշեան“ շքանշանը ստացաւ, աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր Հայ Դատին եւ հայութեան համար նուիրուած Զօհրապ Թազեանին, որ Ինտիանայէն ժամանած էր իր ընտանեկան պարագաներուն հետ: Արա Չալեան ներկայացուց Թազեան տիպարը: Ան կարեւորեց շքանշանի ետին կանգնող անձը` Վահան Քարտաշեանը (1883-1934), որ եղած է փաստաբան մը եւ շատ սուղ վճարած` Հայկական Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու իր փորձերուն գինը: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Քարտաշեան 1908 թուականէն մինչեւ իր մահը (1934) պայքարած է մարդկութիւնը յուզող հիմնական հարցերով: Թազեան իր կարգին բեմ բարձրանալով, յուզուած արտայայտուեցաւ եւ շնորհակալուփիւն յայտնեց Հայ Դատին, որ զինք նկատի առած էր, իբրեւ օրուան շքանշանակիր:
Փակման խօսքը փոխանցեց, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան, որ կոչ ուղղեց ամէն գնով շարունակելու աշխատռանքը: Ան յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը միակը չէ Արեւմուտքի մէջ. արեւմտեան աւելի քան 25 պետութիւններու խորհրդարաններ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպող յանձնախումբին, որ լաւապէս կազմակերպած էր այս մեծարանքի ձեռնարկը:
Աւարտին աղօթքը կատարեց շրջանի Ամենայն Հայոց Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ Գէորգեան:
Յայտագրէն առաջ, կատարուած աճուրդի արդիւնք, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: Այս գծով, պաշտօնի լծուած յատուկ յանձնախումբ մը գլխաւորութեամբ Տէր եւ Տիկին Ճիմ եւ Նորա Գիզիրեանի, գործի լծուած էր, կազմակերպելու համար այս ձեռնարկը: Անոնց կողքին ժրաջանօրէն գործած էին Լորիկ Պարոնեան, Թամար Քանարեան, Անի Տէյիրմէնճեան- Տիզ, Թամար Չալեան, Ռաֆֆի Քաարաքաշեան, Րաֆֆի Հովակիմեան, Սթիւ Մեսրոպեան եւ Արամ Յովակիմեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ