Արուեստ Եւ Մշակոյթ

ՄԱԷՍԹՐՕ ԼՈՐԻՆ ՄԱԱԶԵԼ ՊԻՏԻ ՉՄԵԿՆԻ ՃԱՓՈՆ

Լորին Մաազել
Լորին Մաազել

  Անհանգստութեան պատճառով, աշխարհահռչակ թագաւորական “Քոնցերթկեպաու“ նուագախումբի  ղեկավար Լորին Մաազել պիտի չմեկնի Ճափոն, Պոսթընի Համանուագային խումբին հետ։ Անոր փոխարինողն է Շարլ Տիւթուան։

Ղեկավարութեամբ Լորին Մաազելի, Երեւանի Ա. Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած երաժշտական արուեստի մեծագոյն իրադարձութիւններէն մէկը կատարուեցաւ:

Շարլ Տիւթուա
Շարլ Տիւթուա

Հայ հանդիսատեսը առիթը ունեցաւ ունկնդրելու Ամսթերտամի թագաւորական “Քոնցերթկեպաու“ 120 նուագողներէ բաղկացած նուագախումբը: “Փիւնիկ“ մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ իրականացած երեկոն աննախադէպ երեւոյթ էր Հայաստանի մէջ եւ անիկա հիացուց ու հմայեց բոլոր ներկաները անխտիր: “Երեւանեան հեռանկարներ“ փառատօնի ծիրին մէջ իրականացած համերգը Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած 20-րդ համերգն էր 100 համերգներու շարքէն:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button