ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց Իզմիթի ընդդիմադիր քաղաքապետ Ֆաթմա Քափլանն ու անոր ամուսինը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի երեսուն պաշտօնեաներ՝ կաշառակերութեան եւ պետական գնումներու մրցանքները կեղծելու եւ հովանաւորչութեան մեղադրանքներով։
Ոստիկաններ նաեւ խուզարկութիւններ կատարեցին Անթալիոյ, Քըրըքքալէի, Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ։
Քափլան ընդդիմադիր հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան անդամ է, որ 2019-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարտութեան մատնած էր իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուին եւ երկու տարի առաջ ալ վերընտրուած էր։
Իշխանութիւնները կը մերժեն ընդդիմութեան այն պնդումը, թէ փտածութեան դէմ պայքարի քողի տակ լռութեան կը մատնուին ընդդիմադիրները։
*
Անգարա դատապարտեց Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ թրքական փոքրամասնութեան պատկանող ութ նախակրթարաններ փակելու Աթէնքի իշխանութիւններուն որոշումը՝ յայտարարելով,որ անիկա Լօզանի դաշնագրի խախտում մըն է։
Ութ նախակրթարաններու փակման որոշումը կը հիմնաւորուի աշակերտներու թիւին նուազմամբ։ Այս որոշումով՝ Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ թրքական նախակրթարաններու թիւը կը հասնի 76-ի։
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Օնճու Քեչելի նաեւ Աթէնքի իշխանութիւնները մեղադրեց՝ թուրք փոքրամասնութեան վերաբերեալ եւրոպական ատեաններու վճիռները եւ եւրոպական կառոյցներու յանձնարառականները չկատարելու յանցանքով։
*
Թուրքիա հրաժարած է աջակցելէ ՆԱԹՕ-ի վառելանիւթերու ցանցի արդիականացման նախագիծէն, որ կը գնահատուի 27 միլիառ եւրոյով։
Այս հարցէն լաւատեղեակ դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Անգարա մետասաներորդ պահուն փորձած է զիջումներ կորզել՝ Թուրքիոյ տարածքին գործադրուելիք 21 նախագիծերու արագ ֆինանսաւորման համար։ ՆԱԹՕ-ի համար վառելանիւթի հայթայթման ցանցին արդիականացումը կենսական է եւ մաս կը կազմէ Ռուսիոյ հետ հաւանական պատերազմի մը պատրաստութեան ծրագրին։
*
Թուրքիոյ նախագահ էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց, որ վեց տարի առաջ բիւզանդական կայսրութեան մայր տաճարը՝ Այա Սոֆիան իբրեւ մզկիթ վերաբացած են։
Այա Սոֆիա կառուցուած է Ք.Ե. 537-ին եւ ամբողջ 916 եղած է բիւզանդական կայսրութեան մայր տաճարը, ուր կայսրերը կ՛օծէին։ Մինչեւ այսօր պահպանուած է կայսրին համար կառուցուած կլոր սալայատակը, ուր ան կը կանգնէր օծման պահուն։
Օսմանցիները 1453-ին գրաւեցին բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը եւ Մեհմէտ Ֆաթիհ մուտք գործեց Այա Սոֆիա, ուր ծնկաչոք աղօթեց եւ տաճարը հռչակեց մզկիթ մը։
Տասնամեակներ իբրեւ թանգարան մնալէ ետք, 2020-ին Էրտողանի որոշումով՝ Այա Սոֆիա իբրեւ մզկիթ վերաբացուեցաւ։
*
Թրքական Օրուչ Ռէիս նաւը Կիպրոսի գրաւեալ թրքական բաժնին շրջանային ջուրերուն մէջ երկրաբանական ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարէ՝ բնական կազի կազատարին կառուցման ծրագրին վերաբերեալ։
Կազատարը, որ Կիպրոսի գրաւեալ բաժինը պիտի կապէ Թուրքիոյ, 101 քիլոմեթր (63 մղոն) երկարութիւն ունի, որուն 97 (60 մղոն) քիլոմեթրը ծովուն տակէն կ՛անցնի։ Անիկա Մերսին նահանգի Անամուր շրջանէն ընթացք պիտի առնէ՝ հասնելով Կիպրոսի գրաւեալ բաժնի Քիրենիա շրջանի արեւելքը գտնուող Թեքնեճիք աւանը։

