Խանասորի Արշաւանքը՝ Հայութեան Պատժող Բազուկը

Յուլիս 25-ը միայն տարեդարձ մը չի՛ խորհրդանշեր, այլ անկիւնադարձ մը, որ կը վերականգնէ հայորդիին պատմական տիպարը։
1897-ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. Ռայոնական Ժողովին որոշուեցաւ պատժել Մազրիկ ցեղախումբը ծաւալուն արշաւախումբով, որուն նպատակը պիտի ըլլար վրէժը լուծել ջարդուած մարտիկներուն։
1896-ին, Վանի ինքնապաշտպանութենէն ետք, հայ մարտիկնեըը համաձայնութեան յանգած էին օսմանեան կառավարութեան հետ՝ մեկնելու դէպի Պարսկաստան, քաղաքի հայ բնակչութեան կեանքի երաշխաւորումով։ Սակայն, քրտական Մազրիկ ցեղախումբը, Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի հրամանով, ճանապարհին վրայ կոտորածի ենթարկեց մարտիկները։ Աւելի քան 300 հայ երիտասարդներ զոհուեցան քրտական ցեղախումբի կատարած հայատեաց արարքին։ Հայ մարտիկներու խումբը կը գլխաւորէին դաշնակցական Պետոն, արմենական Մկրտիչ Աւետիսեանը եւ հնչակեան Մարտիկը։
24-էն 25 Յուլիս 1897-ի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, 235 դաշնակցական մարտիկներ, որոնցմէ 40-ը՝ ձիաւոր, թուրք-պարսկական սահմանը կտրեցին։ Արշաւախումբը, սկսելով Սալմաստէն, անցաւ Արաուլ լերան լանջը եւ ուղղուեցաւ Վանայ լիճի հարաւ-արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտը, որ Մազրիկ ցեղախումբին ամառնային հաւաքավայրն էր։
Վարդան (Սարգիս Մեհրապեան) եւ Յովսէփ Արղութեան արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար նշանակուած էին, իսկ արշաւանքի մտայղացումը ներկայացուցած Նիկոլ Դուման՝ չորս յիսնապետներէն մէկն էր։
Քանի մը ժամուան կռիւը վերջ գտաւ ճշդուած նպատակին իրագործումով` Մազրիկ ցեղին բնաջնջումով եւ ֆետայիներուն ամբողջական յաղթանակով: Աւելի՛ն, Մազրիկ ցեղին վրայ, Խանասորի դաշտին մէջ տեղի ունեցած յարձակումը ուժգին ցնցում ստեղծեց թէ՛ հայկական, թէ՛ քրտական եւ թէ թրքական շրջանակներուն մէջ. հայուն համար, անիկա եղաւ նախընթաց ահաւոր կոտորածներէն ետք, խիզախութեան, ստրկութիւնը մերժելու եւ բռնադատութեանց դէմ ծառանալու հայուն ու հայ ֆետայիին կամքին արտայայտութիւնը, իսկ թուրքին ու քիւրտին համար` պատգամ մը, թէ հայուն համար, այլեւս վերջ գտած է ստրկութեան եւ ստրկամտութեան շրջանը։
Խանասորի արշաւանքին ընդմէջէն արտայայտուեցաւ դաշնակցական ֆետայիին բարձր նկարագիրը եւ բարոյական խստապահանջութիւնը: Տաք կռուի մէջ, կիներուն եւ երեխաներուն ձեռք չտուող ֆետայիին գովքը հիւսեցին նախ եւ առաջ իրենք` քիւրտերը եւ այսպէս, հաստատած` հայ ազատագրական պայքարին արդարամիտ դիմագիծը:
Խանասորի արշաւանքը կը ներկայանայ իբրեւ արտայայտիչը ռազմաքաղաքական արդի մտածողութեան, որ միջազգային սահմաններուն վրայ կը գծէր կարելիութիւնը հայկական քաղաքական ուրոյն դերակատարութեան:
Այսպէս, Խանասորի արշաւանքը եւ անոր քաջարի հերոսները դարձան օրինակ եւ առաջնորդ` թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ հայ նոր սերունդներուն համար, որոնք դաշնակցական ֆետայիներու խստութեան եւ ազնուութեան մէջ տեսան այն կեցուածքը, որ կ՛ամրապնդէ հայութեան պայքարի կամքը եւ ազգային արժանապատուութիւնը:
Խանասորի արշաւանքը միաժամանակ ծառայեց քանի մը հիմնական նպատակներու: Անմիջականօրէն, անիկա զօրաւոր ազդարարութիւն մը եղաւ սահմանաբնակ այն քիւրտ ցեղախումբերուն, որոնք մեր յեղափոխականներուն «դէպի երկիր» գործունէութիւնը կը դժուարացնէին: Երկրորդ մակարդակի վրայ, հայկական ներքին ճակատէն ներս, նորաստեղծ յեղափոխութեան շուրջ թանձրացող պահպանողական ամբաստանութիւններու եւ վերապահութիւններու պատը քանդեց, նուիրագործելով Դաշնակցութեան ռազմական ուժականութիւնը: Երրորդ կարգի վրայ, թրքական իշխանութիւններէն սկսեալ մինչեւ մեծ պետութիւնները եւ միջազգային հանրային կարծիքը դէմ յանդիման դրաւ ա՛յն իրողութեան, որ հայկական յեղափոխութիւնը ժողովրդային ամուր կռուաններ եւ ազգային վարակիչ նկարագիր ունեցող հունաւոր շարժում է:
Դեռ աւելի՛ն, Խանասորը եղաւ նաեւ Սարդարապատ կերտող կամաւորներու եւ զինուորներու օրրանը: Վեց դարերու ստրկութենէ, տանջանքներէ եւ շահագործումէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով հայկական բազմամարդ զօրագունդ մը կը բարձրացնէր «Մա՛հ կամ ազատութիւն» դրօշակը, «Վրէ՜ժ, վրէ՜ժ» կը կանչէր եւ կը նախաձեռնէր զինուորական լայն գործողութեան` ի խնդիր հայորդիին պատիւին պաշտպանութեան եւ ոճրագործին սանձումին:
Ներկայ դաժան օրերուն, տեղին է շարունակ յիշել Խանասորի արշաւանքը՝ հայութեան պատժող բազուկը։

