ԳլխաւորԽմբագրական

Քինախնդիր Ազգընտիրին Սայթաքումները

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

«Յաջողութիւնը չի կայանար այն հաստատումով, որ երբեք պէտք չէ սխալիլ, այլ՝ միեւնոյն սխալը երբեք չկրկնել»։

Ճորճ Պեռնարտ Շօ (իրլանտացի թատերագիր, քննադատ եւ քաղաքական գործիչ, 1856-1950)

․․․Թէ քանի՞ անգամ կրկնուեցաւ կամ պիտի կրկնուի քինախնդիր «ազգընտիր» վարչապետին «կաֆ»-ը, կամ ալ արդեօ՞ք իր ամենամեծ սխալը այն էր, որ շարունակ կը վախնար, թէ սխա՞լ մը պիտի ընէր։ Չէ՛, անտեղի է յանգիլ այդքան ալ խոր վերլուծումներու կամ եզրակացութիւններու:

Այսպէս, 7 Յունիսի ընտրութիւններու սեմին,  վարչապետ Փաշինեան եւ վերստին իր թեկնածութիւնը առաջադրող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, արդէն իսկ գործի լծուած են լայնածաւալ քարոզարշաւի, որ ըստ երեւոյթին այդչափ ալ հեզասահ չընթանար։

Ամիսներ առաջ, «Կրթուելը նորաձեւ է» ոճը կիրարկելով, թափանցիկութիւն «խաղալով» եւ արեւմտեան աշխարհը տպաւորելու համար, Փաշինեան ժողովուրդին հետ կ՛ուզէ շաղուիլ եւ ուղակիօրէն զրուցել։

Հայաստանի վարչապետը, փոխանակ ինքնաշարժներու շարասիւնով (տեղին է յիշել 26 Ապրիլ 2022-ի ահաւոր արկածը, երբ շարասիւնի սուռացող ինքնաշարժներէն մէկուն հարուածով մահացած էր անմեղ յղի Սոնա Մնացականեանը) շրջագայելու կամ ման գալու, որոշած էր հետիոտն կամ փապուղիով փոխադրուիլ եւ Հայաստանի քարտէսը ընդգրկող կրծքանշաններ ցրուել աջ ու ձախ քարոզելով, թէ ինք եւ իր ՔՊ-ական անձնակազմը խաղաղութեան եւ հայ ժողովուրդի փայլուն ապագային համար կը գործեն։

Advertisement Subscribe Today

Դժբախտաբար, այս «կրթելու ձեւ»-ը հեզասահ չընթացաւ եւ իր աթոռին համար ոգի ի բռին պայքարող վարչապետը բազմիցս մերժուեցաւ, չընդունուեցաւ եւ նոյնիսկ պախարակուեցաւ։

Վարչապետը, իր իսկ պաշտօնը չյարգելով, չափազանց զայրանալով եւ ինքզինքէն դուրս գալով, անյարիր, կոպիտ եւ անպատշաճ մեկնաբանութիւններով փաստեց, թէ սկսած է կորսնցնել իր հաւասարակշռութիւնը՝ ջղագարուելու՝ իմա՛ խելագարուելու աստիճան։

Բաժակը յորդեցաւ, երբ ան հրամայական եւ սպառնալի ոճով փորձեց այդ կրծքանշանով ներգրաւել պատահմամբ իր դիմաց նստած երիտասարդ մայրն ու իր մատղաշ մանչուկը։ Ի յայտ եկաւ, թէ այդ երիտասարդ մօր եւ իր զաւակին սրտին մէջ կային այլ քարտէս, այլ կրծքանշան։ Անոնք Արցախէն տեղահանուած էին, ներկայ ՔՊ-ականներու կիրարկած անհեռատես, ձախող  եւ անփորձ  քաղաքականութեան արդիւնք, եւ որոնց ղեկավարը՝ իրենց դիմաց մատ բարձրացնելով, կը փորձէր ինքզինք արդարացնելէ աւելի պարտադրել։ Դեռ աւելին, այդ երիտասարդ մայրը` դուստրն էր 1993-ին Արցախի ազատագրութեան օրերուն Մարտունիի մէջ զոհուած  եւ յետմահու պարգեւատրուած ազատամարտիկի մը:

Մինչ այդ, բոլորովին խրթին ու կնճռոտ նիւթ մըն է, այս պատահարին ընթացքին, այդ մանչուկին հոգեկան ապրումներուն անդրադառնալը։ Արդեօք մանկավարժական տարրական օրենքներէ հեռու, մենատիրական եւ պարտադրող «կրթուելու նորաձե՞ւ» մը կը փորձէ ստեղծել այս սայթաքած վարչապետը։

Ինքզինք Օլոֆ Փալմէ (Շուէտի ընկերվար վարչապետը, որ սպաննուեցաւ 1986-ին երբ իր կողակիցին հետ շարժապատկերի սրահէ մը տուն կը վերադառնար) կամ  Խոսէ Մուխիքա (Ուրուկուայի նախկին ազատամարտիկը, որ 2010-էն 2015 նախագահեց իր երկիրը) կարծելով մէյտան իջած Փաշինեան, ընկրկած կը թուի ըլլալ։

Այդ անմեղ կնոջ ու իր զաւակին ներողութիւնը բաւարար չէ, այլ բարձր ձայնով եւ սրբագրելու համար այդ սադրիչ եւ աններելի «Փախածներով չփորձէք ասել, որ ես Ղարաբաղ եմ տուել» խօսքը, այդ խաւարային զգեստաւոր վարչապետը պէտք է խոստովանի եւ քաջութիւնը ունենայ  բարձրաձայն բացայայտելու․ «ՀԱՅՈՐԴԻՆԵ’Ր․․ԵՍ եՄ ՏՈՒԵԼ ՂԱՐԱԲԱՂԸ»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button