Քար․- Մեր Բառերուն Ամենէն Փափուկը
Նորայր Տատուրեան
«Ակօս»
Մետաքս է, ծիածան է, աղօթք է, հէքիաթ է, նազանք է, արցունք եւ ժպիտ է։ Ո՛չ, յարգելի ընթերցող, այս ազնիւ եւ քնարական խօսքերը չեն ուղղուած դէպի գեղեցկուհիի մը, անոր մազերուն, կամ՝ դէպի անոր բանած նուրբ ասեղնագործութեան։ Այս խօսքերով հայ ժողովուրդը նկարագրած է՝ քարը։ Այո, այն կարծր նիւթը՝ որ ագուլիսցիի համար «քօր» էր, զէյթունցիի եւ հաճընցիին համար «քօյ», իսկ մուսա լեռցիի համար՝ «քուր», եւ որուն վրայ նստած է ամբողջ ժողովուրդ մը, եւ որուն քարհատ, քարտաշ եւ քարկոփ վարպետները, իրենց քարածին ձեռքերով, դարեր շարունակ ստեղծեր են քարակոթողներ, քարարձաններ եւ «քարէ մատեաններ»։ Տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս քարացած բառ մը հայու մտածողութեան մէջ փափկացաւ ու դարձաւ նոյնիսկ «սիմֆոնիա», ձեզ կը հրաւիրեմ մտովի ճամբորդել Երեւանէն Սեւան ուղղուող «Մ4» միջպետական ճանապարհ, կանգ առնել անոր 14-րդ քիլոմեթրի վրայ, ու դիտել մեր աշակերտները, որոնք հանրաշարժէն իջած՝ ճամբու եզրին կը հաւաքեն «սատանի եղունգ»։ (Ժողովուրդը այսպէս կը կոչէ հրաբխային, ապակենման, կիսաթափանցիկ այն սեւ քարը, որ երկրաբանական շրջանակներու մէջ յայտի է որպէս «օպսիտիան»։
– Պարոն, նոյն քարերն են հոս կամ հոն։ Տղաները ինչո՞ւ վեր-վեր կ՚ելլեն։
– Այո… Մեղեդի, երբ տղայ զաւակ ունենաս կը հասկնաս։
Երբ աշակերտներու մեծամասնութիւնը մեր մօտակայքն է ու տաբատի մը գրպանը լեցնելու չափ քար հաւաքելով զբաղած է, Շանթն ու Աւօն, հայկական լեռնաշխարհի պարզ զաւակներ, քարեր գլորելով դարվար՝ սկսած են բլրակի վրայ բարձրանալ։ Անոնք քոթոթներու կը նմանին, որոնք կը սիրեն խաղի համար մայր արջուկի գլուխը կամ ուսը մագլցիլ։
– Մեղեդի, թէեւ «քար» բառին բուն իմաստն է «կարծր», ու գիտնականներ թող շարունակեն չափել ու կշռել անոր նիւթական յատկութիւնները, տե՛ս հայու երեւակայութիւնը ինչպէ՛ս նրբացուցեր է զայն։ Սուրբ Գիրքի մէջ ան գործածուած է «գոհար, ակունք» իմաստով, ուրկէ կու գայ Գեղարդի քարափոր տաճարի մէջ ձեր երգած «շարական»ներուն իմաստի մեկնաբանութիւնը։ Իւրաքանչիւր տօնի համար յատուկ ստեղծուած այդ հոգեւոր երգերու շարքը կը ստուգաբանուի որպէս թանկագին քարերու՝ «ակն»ներու շարք՝ «շար-ական»։ Իսկ եթէ երգ է քարը, նախերգանքը պէտք է, որ կատարէ Վահան Տէրեանը։ Կը յիշե՞ս «Մի՛ խառնէք մեզէ բանաստեղծութիւնը։
– Այո, ա՚ն, որ Նաիրան արտասանեց արտասանութեան երեկոյին։
– Այո, այդ մէկը, ուր Տէրեանը աշխարհին կը յորդորէ.
«Չի հասկանայ ձեր հոգին եւ ծոյլ, եւ օտար,
Տաճար է մեր երկիրը,
սուրբ է ամէն քար»։
Գիտե՞ս Մեղեդի, թէ՛ ինչու բանաստեղծներ այսպիսի սուր եւ արդար տեսողութիւն ունին։ Աշուղ Ճիւանին տուեր է պատասխանը.
«Բանաստեղծի աչքերը փորձաքար են հաստատուն,
Չեն դադարի քննելուց լաւ ու վատը օրն ի բուն»։
Աւօն, «Հայաստան» կոչուած քարակոյտի այժմ սփիւռքաբնակ զաւակը, իր հայրենի կարօտի չափ մեծ քարեր կը պեղէ։ Յատուկ ջանք կը թափէ ամենէն ծանրը յայտնաբերելու համար։
– Մեղեդի, եզակի երեւոյթ է աշխարհի բոլոր լեզուներու մէջ, որ հայերէնը ունի չորս հարիւրի չափ, ո՛չ, սխալ չլսեցիր, չորս հարիւր բառ՝ «քար»ով շինուած։ Փոքրիկ բառարան մը պէտք պիտի ըլլար բոլորը ցանկագրելու համար։
– Չեմ զարմանար, պարոն, երբ մեր երկիրը քարերով է հարուստ, թէեւ աղքատ է անոր իւղով…
– Իսկ ինչպէ՞ս չյիշել մեր «քար»-է տեղանունները։ Ըստ «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններ» բառարանի՝ Ծոփքէն Ուտիք, Գուգարքէն Սիւնիք, կէս հազարի չափ են անոնք։ Եւ քարակերտ մեր երկրամասի կեդրոնն է քարերուն ամենէն սրբազանը՝ Արարատը, ու մեր քարաշէն բնակավայրերը, որպէս լոյսի կաթիլներ, փռուած են այդ հսկայութեան փէշերուն տակ, ինչպէս՝ Քարաբերդը, Քարախաչը, Քարաղբիւրը, Քարաշամբը, Քարավաճառը, Քարավանքը, Քարաձորն ու Քարուտը… Բայց, Մեղեդի, օրեր եղան ու մեր քարը ծովը ինկաւ։ Անիշխան երկրի մէջ քար քարի վրայ չմնաց, քարադէմ ասպատակողներ քարուքանդ ըրին նրբակերտ այդ գեղեցկուհին։ Երկրի մէջ տիրեց քար լռութիւն։ Բանաստեղծ Գէորգ Էմինը, որուն տապանաքարը Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցիի բակի մէջ է, քարացաւ, երբ իր աչքերով դիտեց պատմութեան այդ քարասիրտ էջերը։ Երբ սթափեցաւ, բանաստեղծը ծանրօրէն վերսկսաւ շարժել իր գրիչը. «Քարաշատ այն երկիրը, որտեղ քարէ տուն ունէր միայն Յիսուսը, եւ որը յաճախ չէր կարողանում մի կտոր քար դնել իր ամենից սիրելի զաւակների շիրիմներին… Գառնին ու Զուարթնոցը, իմ Ախթամարն ու Տեկորը… աւերուա՛ծ անգամ, նրանք մեր քարէ ստորագրութիւնն ու կնիքն են այս հողի վրայ»։ Սակայն, Մեղեդի, քարի կամք ունեցող ժողովուրդը, ամուր որպէս քարաբեկոր, քարէն հանեց իր հացը։ Նկատեցի՞ր նաեւ, թէ որքա՛ն հարուստ են մեր «քար»է դարձուածքները։
– Պարոն, մեր քովէն անցնող-գացող օտար զբօսաշրջիկներուն ինչպէս բացատրել այս ամէնը ու մեր «քարահաւաք» այս արարողութիւնը։
– Գիտեն։ Միթէ՞ մեր քարակերտ վանքերէն, Քարին Տակերէն ու Քարահունջերէն գրաւուած չեն անոնք։ Իսկ, եթէ աւելի համոզիչ ըլլալ կ՚ուզես, Համօ Սահեան թարգմանէ ու պատմէ անոնց.
Ուր որ նայում եմ, քարէ բարձունք է,
Քարէ արցունք է, քարէ ժպիտ,
Քարէ ծաղկունքի քնքշանք է բիրտ,
Քարէ ամպրոպ է ու ծիածան է,
Քարէ մագաղաթ, քարէ մատեան է։
Խօսիր Չարենցը ու հպարտ արտասանէ. «Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քարն եմ սիրում»։ Պատմէ անոնց, նաեւ թէ մենք մայրական սէրն իսկ չափեր ենք քարով ու թարգման եղիր Շիրազին.
Հիմալայն իբրեւ կշռաքար դրի՝
Վեր թռաւ լեռը հետն իր նժարի…
Նորից մայրիկիս սէրը քաշեց վար։
Իսկ երբ այս գիշեր Երեւան վերադառնանք, լեզու եղիր Պարոյր Սեւակին ու պատմէ անոնց, թէ հայ բանաստեղծը ինչպէս նկարագրեց իր մայրաքաղաքը։
– Ճիշդ այսպէս. «Տաք է սէրը մեր շէկ քարերիդ պէս»։
– Եւ, շարունակէ… «Մեր դարէ կարօտ, մեր քարէ նազանք»… Մեղեդի, տղաներուն այլեւս կանչենք, աւելի վեր չելլեն ու վտանգաւոր բան մը չընեն։ Մեր խօսակցութիւնն ալ կը շարունակենք հանրաշարժի մէջ ու կը տեսնենք, թէ մեր բառը պատմութեան ի՜նչ քարուղիներէ անցեր է։
Երեւան-Սեւան մայրուղիի 14-րդ քիլոմետրի վրայ ճամբու եզրին մեր աշակերտները սկսեր էին քարեր հաւաքել՝ որպէս հայրենի յուշանուէր։ Մինչ շատեր ափ մը օպսիտիանով կը գոհանային, Աւօն եւ Շանթը, որոշեր էին «սատանի եղունգ» կոչուած այդ քարի ամենամեծը որոնել։ Այդ «քարահաւաք» արարողութիւնը առիթ տուած էր, որ Մեղեդիի հետ խօսէինք «քար» բառի մասին։ Ու, հասեր էինք այն եզրակացութեան, թէ հակառակ իր նիւթի կարծրութեան՝ «քար»ը մեր ամենէն փափուկ բառերէն մէկն էր… Բանաստեղծներ Պարոյր Սեւակի, Գէորգ Էմինի եւ Համօ Սահեանի քնարական տողիկներն էին մեր վկաները։ Անոնք, որոնք մեր նախորդ զրոյցին ականջալուր եղած են, լսած են, թէ «քար»ը նաեւ մատեան էր եւ սուրբ, արցունք էր եւ ծաղկունք… Աշակերտները կը սկսին հանրաշարժ վերադառնալ։ Իսկ Աւօն… Ան գրկած է հսկայական կտոր մը օպսիտիան, այն սեւ, ապակենման եւ կիսաթափանցիկ գեղեցկուհին, որմով հարուստ է Հայկական լեռնաշխարհը։
– Տղա՛յ, ասիկա ինչպէ՞ս պիտի տանիս։
– Պարոն, դժուար չի, դնում եմ ճամբրուկիս մէջ, փաթաթում են շորերիս ու տանում եմ։ Կը պահենք դասարանում։
Հանրաշարժի մէջ Ալիքը դարձեալ նստած է վարորդ Արտուշին քով, գետինը։ Աղջնակը, իր թանկագին լուսանկարչական գործիքը ձեռքին՝ անթարթ կը դիտէ հայրենի բնաշխարհը ու կը լուսանկարէ զայն։ Որոշած է իր նկարներու համադրութեամբ դասարանի համար մեծաչափ պաստառ մը ստեղծագործել։
– Պարոն, քարի այս պաշտամունքը հարազատ թուաց ինծի։
– Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ մեր ցեղը քարածին է ու նստած է քարերու վրայ։ Եւ ի՞նչ ընէր ժողովուրդը, եթէ ոչ՝ մտովի փափկացնէր ու մեղմացներ զայն, որպէսզի գոյատեւէր քարասիրտ այս բնութեան մէջ։
– Գրականութեամբ կարելի է։
– Ճիշդ է. գրականութեամբ եւ մանաւանդ խաչքարերով, որմով մեր նախնիները, Գէւորգ Էմինի խօսքով՝ «ասեղնագործած են իրենց սէրն առ Աստուած, յոյզերը, մտքերը… որպէս քարէ աղօթք»։ Ըստ Էմինի, հայ ժողովուրդը մետաքսի նուրբ թելեր կը հանէ նոյնիսկ հայոց բիրտ քարերէն։
– Երկիրը սիրել, ուրեմն, պիտի նշանակէ քարը սիրել։
– Ահա, սկսար քարերու լեզուն հասկնալ։ Տե՛ս, Էմինը ի՛նչ նուրբ տողիկ մը նուիրած է մեր երկրին. «Քարէ խորհուրդ է ու քարէ խաչ»։ Ան նաեւ երկտողի մէջ երգած է հայոց պատմութիւնը.
Երգից բացուում են շուրթերը քարի,
Մենք երգում ենք, եւ լալիս է քարը։
Բանաստեղծը, Ալիք, գիտէր նաեւ թէ քար էր ու քարին պիտի վերադառնար, ու դանդաղօրէն սկսաւ գրի առնել հետեւեալ միտքերը.
Կը գամ, կը նստեմ այս մամռոտ քարին,
Կը գամ կը պառկեմ այս քարի վրայ,
Կամ… այս քարի տակ։
Իսկ Էջմիածնի անապատական, բանաստեղծ Իսահակ աբեղայ Պօղոսեանի համար քարը յուզումներու ծանրութիւն է. «Սրտիս մէջ քարեր ու լոկ անապատ»։
– Պարոն, ես լուսանկարներուս մէջ կ՚ուզեմ դրական ըլլալ ու ցոյց տալ, թէ քարը կեանք է ու սէր է։
– Հայու համար նաեւ երաժշտութիւն… Վաղը մենք կ՚երթանք Գառնի։ Ձորամէջը, Ալիք, բնութեան հրաշալի մէկ ստեղծագործութիւնն է, կոչուած՝ Քարերի Սիմֆոնիա։ Մեր նկարագիրը, ըստ երեւոյթին, կերտուած է այդ սիրունատես քարերով, ինչպէս Համօ Սահեանը ըսեր է. «Երազներից քարէ ծաղիկ եւ քարեղէն հեքիաթ հիւսող»։ Կը տեսնե՞ս, մեր լեզուն քարով կրնայ արտայայտել կեանքի ամէն հանգրուան եւ զգացմունք։ Ահա մայրենիի ամենէն պատկերալից գոհարները. քարարձան, քարերգ, խաչքար, խարսխաքար, եզրաքար, պորտաքար, սալաքար, կաթիլաքար, անկիւնաքար, շիրմաքար եւ ամենէն նուիրականը՝ սրբատաշ քար։ Մեր հիներու գրաբար լեզուն ունեցեր է նոյնքան պատկերալից դարձուածքներ. «Քար պատուական», «քար դժոխային», «քար մանրիկ», «յարկանել քարիւ», «քարկոծել քարամբ», «չթողուլ քար ի քարի վրայ» եւ բախտաւորութիւն մը՝ «միով քարամբ զերկուս պարսաքարել»։ Ժողովուրդը ունի քարէ բազմաթիւ ասացուածքներ։ Որքան քար, այնքան ասացուածք- «Եօթը քարի արանք» անելի մատնուած վիճակ, «քարերը կ՚աղաղակեն» իրականութիւնը կարելի չէ ծածկել, «քարսիրտ դառնալ» գութը կորսնցնել, «քարը հալեցնել» աղիողորմ լալ, «քար նետել» սուր ակնարկութիւն տալ, «քարը գոգէն՝ փէշէն թափել» զիջել, «քարը տեղը դնել» ճիշդ խօսքը ըսել, «քարէ հաց կամ իւղ հանել» չարչարանքով ապրուստ վաստկիլ։ Այսքան քարի մէջ անշուշտ գիրքի անուն պիտի դառնար ան. Ռազմիկ Դաւոյանի ժողովածուն՝ «Քարէ Բարձ»… Քանի՞ հատ լուսանկար ունիս հիմա։
– Հազար երկուհարիւր։ Պարոն, մեծ պաստառիս համար խորագիր գտայ. «Իմ Քարէ Երկիր»։
– Մեր քարակոյտի վրայ քար մըն ալ դուն աւելցուցած պիտի ըլլաս…
Հանրաշարժը կը մօտենայ Երեւան։ Իրիկնամուտի այս ժամուն քարակերտ քաղաքը սկսեր է շիկանալ։
– Պարոն, Մեղեդիին ինչո՞ւ ըսիք, թէ երգ էր քարը։
– Մեր երգահաններու ազնիւ յօրինումներն են անոնք։ Ալիք, մտաբերէ «Էրեբունի-Երեւան»ը, քայլերգը մեր լուսաւոր մայրաքաղաքին, որուն մականունն է «Վարդագոյն քաղաք», եւ որ կը պատրաստուի իր ծննդեան 2800-ամեակը տօնել։ Ըստ Պարոյր Սեւակի ան «Մեր դարէ կարօտ, մեր քարէ նազանք» է։
– Եւ, «տաք է սէրը մեր իր շէկ քարերի պէս»…
Պարոն Արտուշէն կը խնդրենք, որ նուագէ Թաթայի «Երեւանս, Երեւանս» երգը։ Րոպէ մը չանցած երգչուհի Տաթեւ Ասատրեանի ձայնով կը հնչէ այդ մեղմօրօր մեղեդին.
Թէ յուշերից քաղաք հիւսեմ,
Հիւսեմ թելով երազներիս…
Երեւանս, Երեւանս,
Անգին քարս, անգին քարէ վարդս…։
Հիմա ուշ Հոկտեմբեր է։ Աւոյին քարը, որպէս յուշաքար, արժանապէս կը կանգնի դասարանի գրասեղանի վրայ ու կը զարմացնէ բոլորին։ Ալիքին պաստառը, «Իմ Քարէ Երկիր», պատի վրայ զետեղուած գեղեցկուհի, իր պատմութեամբ կը ներշնչէ շատերուն։ Իսկ Շանթը, ան, որ Աւոյին հետ քարաբլուրին գագաթը մագլցած էր, դպրոցական առիթներուն, կտոր մը օպսիտիան գրպանէն հանելով՝ Յովհաննէս Գրիգորեան կ՚արտասանէ.
Սա իմ երկիրն է,
Չափերով այնպիսին,
որ ազատօրէն տեղաւորել եմ սրտիս մէջ,
որ չկորցնեմ յանկարծ։


