Ռուսաստանի նախագահ, Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները արդէն իսկ ժամանած են Քազան, անգամ մը եւս քննարկելու համար Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորումը:
Յատկապէս, ազերի մետիան մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէ այս կայանալիք հանդիպումին, շարունա՛կ շեշտելով թէ այդ խորհրդաժողովը, հաւանաբար, կարելի է նկատի ունենալ իբրեւ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման վերջին յոյս ու առիթ:
Ղեկավարութեան մօտ, թէ ընդդիմադիր ճակատ… բոլորն ալ Քազանի խորհրդաժողովը կը նկատեն անկիւնադարձային եւ խիստ կարեւոր: Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը, ամէնայն ինքնավստահութեամբ եւ լաւատեսութեամբ կ՛արտայայտուի թէ, այս հանդիպումով, վերջնականապէ՛ս պիտի վերահաստատուի իր երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը:
Ըստ նոյնի՛նքն Ալիեւի, այժմ լաւ պայմաններ ստեղծուած են, եւ հաւանական կը նկատէ թէ Արցախի ներկայ իրավիճակը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ:
Ալիեւի արտայայտութիւններն ու յայտարարութիւնները վերլուծելով, կարելի է կատարել որոշ հարցադրումներ: Առաջին հերթին, ակնթարթ մը մէկդի դրած Արցախի հիմնահարցն ու կարեւորութիւնը, ի՞նչ պատճառներով, Ատրպէյճանի նախագահը, որոշած է “Վերջին առիթ“ որակել այս սովորական դարձած հանդիպումներու շարքը, ուր անգամ մը եւս կրկնենք թէ բացակայ է հողին տէրը` Արցախահայը, յանձին իր նախագահին: Աւելին, Ինչպէ՞ս բացատրել “Եթէ խաղաղութեամբ չլուծուի…այլ միջոցներու պիտի դիմենք“ի յոխորտանքը…կամ յետ-Քազանեան… կանխահասօրէն “գազանային“ այս արտայայտութիւնը:
Ալիեւի համար, կը թուի թէ բանակցութիւններ հասկացողութիւնը բոլորովին տարբեր ու նեղմիտ իմաստ ունի: Պարզ ու մէկի՛ն, ան Արցախը Ատրպէյճանի ներկայ պետական տարածքներուն միացնելու մասին է որ կ՛անդրադառնայ… այսինքն Պաքուի ղեկավարութիւնը` Քազան պիտի ժամանէ ո՛չ մէկ դիւանագիտական ու խաղաղ միջոցներով հիմնահարց լուծելու մտայնութեամբ, այլ առա՛նց որեւէ այլ ծրագրի, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջական վերականգնումը կատարելու յոխորտանքով եւ…թութակաբանութեամբ:
Նմանօրինակ քաղաքականութիւն, կարելի չէ՛ նոյնիսկ վերագրել Դ. դարու աւարտի լատին գրագէտ Ռենաթուսի “Si vis pacem, para bellum…“ (Եթէ կ՛ուզես խաղաղութիւն` պատրաստուի՛ր պատերազմի) ասացուածքին, որ ընդհանրապէս դրական ձեւով կ՛ընկալուի .- ուժե՛ղ կեցուածք մը, դժուա՛ր թէ յարձակումի ենթարկուի, մինչդեռ Ալիեւի պարագային` կը շրջուի Ռենաթուսի ասացուածքը եւ դառնայ “Si vis bellum, para bellum…“, այսինքն` “Եթէ կ՛ուզես պատերա՛զմ` պատրաստուի՛ր պատերազմի…“:
“Հայրենիք“
Խմբագրական – Յունիս 21, 2011