
ՓԱՐԻԶ․- Ֆրանսայի մէջ Հ․Հ․ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան եւ Հ․Հ․-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ, իրենց կողքին ունենալով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ՝ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը, յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ Կոմիտաս վարդապետի արձանին առջեւ, որ ժխտողական մակագրութեամբ պղծուած էր նախօրէին։
Օգոստոսի 31-ին Հայաստանի դեսպանութիւնը խստօրէն դատապարտած էր այդ արարքը, «որ ժխտողականութեան դրսեւորում է, պղծուած է յուշարձան մը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի համար զոհուած հայերու յիշատակին»:
Կոմիտասի Փարիզի արձանը, որ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին զետեղուած յուշարձան մըն է, որ պղծուած է Օգոստոս 30-էն 31-ի լուսցող գիշերը։ Անոր պատուանդանին վրայ գրուած է․- «Սուտ է»։
Այս արարքը կու գայ աւելնալու վերջին շրջանին Ֆրանսահայութիւնը թիրախ ունեցող՝ թուրք ժխտողականներու իրերայաջորդ գործողութիւններուն վրայ։
Ծերակուտական Փիէռ Ուզուլիաս եւ երեսփոխանուհի Վալերի Պուայէ դատապարտած են այս արարքը։