Լրահոս
Փաշինեան Պահանջած Է Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Տնօրէնին Հրաժարականը
Մարտ 11-էն ի վեր պաշտօնանկ եղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Էտիթա Գզոյեանը։ Լուրեր տարածուած էին, թէ պատճառը Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Վենսին Արցախի մասին գիրք նուիրելն էր։
«Ես եմ խնդրած, որ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը հրաժարականի դիմում գրէ․ իմ ցուցումն էր։ Վենսին Արցախի մասին գիրք նուիրելը համարած եմ Կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ ուղղուած եւ սադրիչ քայլ մը», յայտարարեց Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պարզաբանելով պատահածը։

