ՏՈՄՍ.- ԹՈՂ ՄԱՐԴԻԿ ԳԻՏՆԱՆ…

Ս. Մ.
Յունիս 5, 2015
Խճողուած մայրուղիի մը վրայ ինքնաշարժ վարելու պահուն, լաւ բան է, երբ բարեկամէ մը հեռաձայնային զանգ մը ստանաս եւ ջղագրգիռ վիճակդ փարատես հաճելի զրոյցով մը:
Վերջերս, նման հաճելի պահ մը ապրեցայ, թէեւ հազիւ… մէկ վայրկեան տեւողութեամբ.
– Ալո՞, լուրը լսեցի՞ր,- հարցուց բարեկամս:
– Ո՞ր լուրը… Լուրերը այդքա՜ն շատ են,- բացատրեցի:
– (Միացեալ Նահանգներու) Խորհրդարանի նախկին նախագահ Տենիս Հէսթըրթ ամբաստանուած է անուղղայ արարքներով: Կը խօսուի կաշառքի, անբարոյական արարքներու մասին,- բացատրեց:
– Ամերիկեան ու աշխարհի քաղաքական կեանքին մէջ այսպիսի բաներ նորութի՞ւն են քեզի համար…- կատակեցի, յիշեցնելով Նիքսընէն մինչեւ Պիլ Քլինթընը, Պուշն ու կառավարիչներ, նախարարներ եւայլն:
– Այս պարագան մեզի՝ հայերուս համար յատուկ շահեկանութիւն ունի,- պնդեց: – Սա այն մարդն է, որ խորհրդարանի նախագահութեան օրերուն, ղեկավարեց հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին խափանումը: Հաւանաբար թուրքերը կաշառեր էին զինք…
– Իրմէ առաջ ու վերջն ալ նման անարդարութիւն ընողներ եղան, աշխարհն ու մարդկութիւնը արիւնաքամ ընող պատերազմներ չարաշահողներուն մասին չե՞ս լսեր ամէն օր,- փորձեցի բացատրել, առանց որեւէ մէկը չքմեղելու մտադրութեամբ:
– …Թող մարդիկ գիտնա՛ն,- շարունակեց իր ընդհատուած նախադասութիւնը,- թէ այս մարդը անբարոյ եւ կաշառքի մեղսակից մարդ է, նման մարդիկ պէտք չէ՛ գտնուին անարդար որոշումներ տալու դիրքի վրայ,- եզրակացուց, եւ անսպասելիօրէն խզեց հեռաձայնային կապը:
Չհասցուցի ըսելու, որ իր այս մտածումները սեղմող նամակ մը գրէ թերթերու խմբագրութեանց:
Թող ըլլամ իր եւ նման սրտցաւ մարդոց թարգմանը:


Ashkharh togh kidna te yerp hayeroun hanteb anartaroutioun kordsen, oush te ganoukh, badijnin ge kednen! Ays mer anedske ella charoutian tem! In English : KARMA is a b….!