ՏԻԹՐՈՅԹԻ Հ.Ե.Դ.-Ի «ԳՈԲԵՌՆԻԿ ԴԱՆՏՐՃԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԵՐԷՑ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ…
Տիթրոյթի »Գոբեռնիկ Դանտրճեան« Հ.Ե.Դ.-ի երէց անդամներ՝ Անուշ Մարտիկեան (Ատամնաբուժութեան ուսանող), Շանթ Տէմիրճեան (Հոգեբուժութեան ուսանող), Ճէքի Չօփճեան (Առեւտրական ճիւղի ուսանող) եւ Առաքել Չօփճեան (Վկայեալ մասնագէտ թանկագին քարերու եւ ոսկերիչ) եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի այլ նահանգներէն՝ երեք Հ.Ե.Դ.-ի անդամներ, շուրջ երկու ամիս Յունիս 27էն մինչեւ Օգոստոս 23, 2009 այցելեցին Հայաստան, ընկ. Արա Իշխանեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք անմոռանալի օրեր անցուցին հայրենի հողին վրայ: Հ.Ե.Դ.-ի Հայաստան Աշխատանքային ամառնային ծրագրին որպէս մասնակիցներ, տարիներէ ի վեր Հ.Ե.Դ.եան գլխաւոր միջոցառումը հանդիսացած է, սփիւռքահայ համալսարանական ուսանող – ուսանողուհիներու հայրենի հողին վրայ աշխատանքային փորձառութիւն ձեռք ձգել առաջադրանքը: Անոնք, ընկերային ու մասնագիտական բազմազան գործունէութիւններու մասնակցելով եւ հայրենաբնակ իրենց հասակակիցներուն հետ շփում հաստատելով, զանոնք աւելի մօտէն ճանչնալու եւ փոխադարձ յարաբերութիւններ մշակելու հնարաւորութիւնը ունեցան : Հ.Ե.Դ.-ի Հայրենիք Աշխատանքային ծրագրի մասնակիցները, իրենց կեցութեան տեւողութեան Երեւանի մէջ կանխաւ ապահոված յարկաբաժիններու մէջ մնացին:
Վերոյիշեալ շուրջ երկու ամիսներուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդ անդամները աշխատեցան, ըստ իրենց վիճակուած աշխատանքին Երեւանի մէջ: Իրենց Աշխատանքային եւ ընկերային փորձառութիւններուն կողքին, այս փաղանգը դաստիարակչական եւ մշակութային բնոյթով բազմաթիւ յայտագիրներու մասնակցած են, որոնց կարգին հայերէն լեզուի, պատմութեան եւ այլ դասընթացքներու: Անոնք այցելած են Հայաստանի, Արցախի զանազան պատմական յուշարձանները, մօտէն ընտելանալով հայ մշակոյթի ժառանգութիւններուն:
Տիթրոյթի »Հայրենիք«ի թղթակից Անդրանիկ Գարատօլեան, հանդիպում մը եւ հարցազրոյց մը ունեցած է այս երիտասարդներուն հետ: Անոնք դրական կերպով արտայայտուեցան իրենց պապենական հողին վրայ ձեռք ձգած փորձառութեան եւ զգացումներուն մասին.-
Անուշ Մարտիկեան.- »Շատ կը փափաքէի Հայրենիք այցելել եւ մօտէն ծանօթանալ հայրենի մեր ժողովուրդին ընկերային, տնտեսական եւ այլ պայմաններուն: Այս տարի, շնորհիւ Հ.Ե.Դ. Հայրենիք Աշխատանքային ծրագրին մասնակցեցայ : Հոն կեցութեանս ժամանակ, շուրջ երկու ամիսներու ընթացքին հնարաւորութիւնը ունեցանք հայրենաբնակ եւ Արցախաբնակ մեր քոյրերը եւ եղբայրները մօտէն ճանչնալու, փոխադարձ յարաբերութիւններ մշակելու անոնց հետ վերադարձէս ետք, շնորհիւ ելեկտրանամակի ընդձեռնած դիւրութիւններուն, մեր կապը մինչեւ օրս կը շարունակենք :
Երեւան կեցութեանս ընթացքին աշխատանքային ծրագրով »Երեւանի Ամերիկեան համալսարան«ի մէջ անգլերէն լեզու դասաւանդեցի 10-13 տարեկան հայ փոքրիկներուն: Աշակերտները ուշիմ ու խելացի էին, անգլերէն լեզուով իրենց գրութիւններու ուղղագրութիւնը գրեթէ անսխալ կը կատարէին, սակայն իրենց մօտ կը պակսի գործնական արտայայտուելու կարելիութիւնը, որ կը կարօտի ժամանակի եւ փորձառութեան:
Շուրջ ամիս մը եղաւ, որ հայրենիքէն վերադարձած եմ, սակայն ցարդ հայրենիքի մէջ անցուցած օրերս եւ յատկապէս աշակերտներուս հետ ունեցած պահերս, զիս աւելի եւս ամրապնդեցին դէպի արմատներս, շատ ուրախ եմ հայ ծնելուս համար, որովհետեւ Հայ ժողովուրդը աշխատունակ, շինարար ու հանճար ազգ մըն է«:
Շանթ Տէմիճեան.- »Հայաստան կեցութեանս օրերուն ինծի վիճակուեցաւ աշխատիլ (Autistic) երեխաներու հետ, զորը առնչութիւն ունի հոգեբանական ասպարէզին: Որոշած եմ յառաջիկայ տարի, կրկին երթալ Հայրենիք ու աշխատիլ այդպիսի երեխաներու հետ«:
Ամբողջ կեանքս ապրած եմ Միացեալ Նահանգներ, որպէս հայորդի բնականաբար միշտ ալ մօտիկ զգացած եմ այն ամէն ինչին, որ հայկական է, եւ այն ինչ որ նախակրթարանի, եւ երկրորդական վարժարանի մէջ հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կարդացած էի Հայաստանի եւ Արցախի մասին, անոնց նկատմամբ ունեցած մտապատկերս ինքնին գրեթէ կախարդական էր:
Միշտ մտքովս ես ինծի հարց տուած էի թէ ինչո՞ւ մեր նախահայրերը, իրենց հայրենիք ընտրած էին Հայաստան կոչուած լեռնաշխարհը, եւ թէ ինչո՞ւ մեր հայրենաբնակ եւ սփիւռքաբնակ ժողովուրդ այդքան կարեւորութիւն կու տայ Արարատ լերան, որ հայ ժողովուրդին խորհրդանիշն է:
Միակ բանը որ կ’ուզեմ ըսել, շատ ուրախ եմ որ ինծի պատեհութիւնը տրուեցաւ մասնակցութիւնս բերելու, Հ. Ե.Դ.-ի Հայաստան աշխատանքային ծրագրին:
Այնպէս կը թուի ինծի թէ հայրենիք կեցութեանս ամէն մէկ օր, ինծի պարգեւ մըն էր:
Առաքել Չօփճեան .- »Կը նախընտրէի Երեւանի մէջ, ադամանդ տաշող գործարանի մը մէջ աշխատիլ, ձեռք ձգելու համար ադամանդ տաշելու փորձառութիւն, որ կարեւոր է իմ գործիս համար : Դժբախտաբար, տնտեսական պատճառով գործատեղին առժամապէս փակուած էր: Ոսկերչութեան գործատեղիի մը մէջ սկսայ աշխատիլ, որուն տէրը Լիբանանէն հայրենիք հաստատուած հայորդի մըն էր: Ոսկերչական արհեստի մէջ ունեցած գիտելիքներս ոսկի ձուլելու եւ թափելու, ինչպէս նաեւ մեքենայով ոսկիի վրայ փորագրելու փորձարութիւններս եւ գիտելիքներս սորվեցուցի գործատեղին մէջ աշխատող հետաքրքիր գործընկերներուս : Հայաստան իմ կեցութեանս կեանքի փորձառութիւն մը եղաւ, »Ինքնավստահութեան, համբերութեան, ներողամտութեան, յարատեւութեան, բարեկամութեան եւ յարգանքի կարեւորութիւնը սորվեցայ: Հ.Ե.Դ.-ի Հայաստան Աշխատանքային Ծրագրին մասնակցութիւնս, ինծի պատեհութիւն տուաւ աւելի եւս բարելաւել իմ արմատներուս, հպարտ կը զգամ իմ հայ ինքնութեամբս:
Ճէքլին Չօփճեան.- »Երեւանի մէջ աշխատեցայ »Երեւան« պարբերաթերթի անգլերէն լեզուի բաժինին մէջ : Ամերիկեան ծանուցման պարբերաթերթերու մէջ, ունեցած որոշ փորձարութիւններովս կրցայ օգտակար ըլլալ: Եւրոպական հասկացողութեամբ ծանուցման պարբերաթերթերու որոշ այլ գիտելիքներ կրցայ ձեռք ձգել, որոնց օգտագործումը նոր փորձառութիւն մըն է մասնաճիւղիս մարզին մէջ: Որոշած եմ յառաջիկայ տարի եղբօրս ընկերակցիլ եւ կրկին այցելել հայրենիք: Իսկապէս հայրենի հողին վրայ դուն քեզ հարազատ կը զգաս : Հակառակ ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութեան, ազնիւ եւ հիւրասէր են, յատկապէս Արցախահայութիւնը: Հայրենիքի մէջ անցուցած իւրաքանչիւր օրը հաճելի եղաւ : Չափազանց ուրախ եմ Հ.Ե.Դ.-ի հայրենիք աշխատանքային ծրագրին մասնակցած ըլլալուս համար, համոզուած եմ որ այս փորձառութեամբս աւելի եւս մօտեցած եմ արմատներուս«:
**
Անցնելով իրենց ընդհանուր տպաւորութիւններուն այս երիտասարդականները ըսին.- »Հ .Ե.Դ.ի երիտասարդական Հայաստանի աշխատանքային ծրագիրը իսկապէս լաւագոյնը, կազմակերպած էր, թէ իր աշխատանքային եւ թէ դաստիարակչական ծրագրով: Հայաստան մեր կեցութեան օրերուն, պատեհութիւնը ունեցանք այցելելու Հայաստանի, եւ Արցախի պատմական յուշարձանները, մօտէն ընտելացանք մեր պապերու մտքի ու հոգիի ստեղծագործութիւններուն, որովհետեւ աւելի եւս մօտեցանք մեր արմատներուն:
Կիւմրի այցելութեան առթիւ, բացառիկ պատեհութիւնը ունեցանք անցնելու սահմանապահ ուժերէն անդին հեռուէն հեռադիտակով դիտելու Բագրատունեաց հրաշալի մայրաքաղաք Անիի հազար ու մէկ եկեղեցիներէն տակաւին կիսաքանդ մնացած սքանչելի կառոյցները: Կոչ կ’ուղղենք Տիթրոյթի Հ.Ե.Դ.եան մեր ընկեր-ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ Տիթրոյթաբնակ մեր բոլոր երիտասարդ բարեկամններուն, երթալ Հայաստան եւ մօտէն շփում ունենալ հայրենաբնակ եւ Արցախաբնակ մեր ժողովուրդի, ընկերային, տնտեսական, մշակութային բնագաւառներուն: Վստահ ենք որ անպայման իրենք եւս, աւելի եւս հայացած պիտի վերադառնան: Վստահ ենք որ ձեռք ձեռքի տալով աւելի եւս օգտակար կը հանդիսանանք գաղութիս ազգային կեանքէն ներս մեր գործօն դերակատարութեամբ:

