
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18-էն սկսեալ, Սպիտակ Տան այցելուներու սրահին մէջ, կը ցուցադրուի հայ որբերու կողմէ նուիրուած գորգը, որուն առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երկար սպասուող այս ցուցադրութեան մասին բացատրութիւններ տուին քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Տէյվիտ Վալատաօ։ Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 23։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ նշեց, թէ այս ցուցադրութիւնը կը փաստէ թէ ամերիկացիք օժանդակած են հարիւր հազարաւոր հայերու: Յատկապէս որբերու կեանքը փրկուած է Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն։
“Այդ օժանդակութեան արդիւնքն է Ղազիրի որբանոցի հայ որբերուն պատրաստած այս գորգը, որ պատմական արժէք ունի ու առիթ կ՛ընծայէ ծանօթանալու Հայկական Ցեղասպանութեան ծալքերուն“, աւելցուց Համբարեան, որ իր խօսքի աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր քոնկրեսականներուն, որոնք ապահոված են այս ցուցադրութեան իրականացումը։
Այդ օրերուն, Ա.Մ.Ն.-ի նապագահ Քալվին Քուլիճի (1923–1929) նուիրուած այս գորգը կը ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներուն իբրեւ երախտագիտութիւն՝ Սպիտակ Տան նուիրուած երկու այլ իրերու (նուիրուած Ֆրանսայի եւ Ճափոնի կողմէ) մասին կազմակերպուելիք ցուցադրութեան մը ընթացքին: