ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ ԶՕ­ՐԱԿ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆԸ` ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԱՌԱՋ­ՆԱ­ՀԵՐ­ԹՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 18 Second

syria_bombing_  Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թիլ­ի­ա­սի Մայ­րա­վան­քին մէջ, Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին նա­խա­գա­հու­թեամբ գու­մա­րուող Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը, իր քննար­կում­նե­րուն, խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն ու որո­շում­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր տեղ յատ­կա­ցուց Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան: Ար­դա­րեւ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ու Ազգ. Կեդր. Վար­չու­թեան կող­մէ տրուած զե­կոյց­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող պատ­ուի­րակ­նե­րու փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ, Ազգ. Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը մեր ժո­ղո­վուր­դի սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րուն ազ­նիւ ու­շադ­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ կ՛ու­զէ յանձ­նել հե­տեւ­եալ կէ­տե­րը.-

1.- Ազգ. Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը բարձր գնա­հա­տան­քով կ՛ող­ջու­նէ Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ցու­ցա­բե­րած մի­աս­նա­կան ոգին, Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին ամ­րօ­րէն կապ­ուած մնա­լու ու իր հա­մայն­քա­յին իրա­ւունք­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու հա­ւա­քա­կան վճռա­կա­մու­թիւնը: Ժո­ղո­վը իր խոր գնա­հա­տան­քը կը յայտ­նէ Սուր­իոյ հա­յու­թեան ծա­ռա­յու­թեան լծուած մեր հո­գե­ւոր ու հա­մայն­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ու գա­ղու­թի կեան­քէն ներս գոր­ծող բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն, որոնք հա­կա­ռակ Սուր­իա­յէն ներս ստեղծ­ուած դժուար պայ­ման­նե­րուն, նուի­րու­մով իրենց կա­րե­լին կ՛ընեն մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն կա­րիք­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լու:

2.- Ազգ. Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը երախ­տա­գի­տու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ անց­նող շուրջ եր­կու տա­րի­նե­րուն Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան զօ­րակ­ցու­թեան ու օժան­դա­կու­թեան գծով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ու Ազգ. Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան տա­րած հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ան նա­եւ իր ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւնը յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան, Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ մեր թե­մե­րուն, գա­ղութ­նե­րուն, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ու ան­հատ ազ­գա­յին­նե­րուն Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օգ­նու­թեան գծով իրենց ցու­ցա­բե­րած աջակ­ցու­թեան հա­մար:

3.- Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը ո՛չ միայն պատ­մա­կան ու կազ­մա­կերպ­ուած հա­մայնք է, այլ նա­եւ իր կա­րե­ւոր տե­ղը ու դե­րը ու­նի Սփիւռ­քի Հայ կեան­քի մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան, մար­զա­կան, տնտե­սա­կան ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան մար­զե­րէն ներս: Հե­տե­ւա­բար, Սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի վե­րա­կանգ­նու­մը կը նկա­տենք հա­մազ­գա­յին առաջ­նա­հեր­թու­թիւն: Այս հա­մո­զու­մով հարկ է մեր ամ­բող­ջա­կան ու ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւնը գործ­նա­պէս ար­տա­յայ­տել Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան նկատ­մամբ:

4.- Մեկ­նե­լով այս իրո­ղու­թե­նէն, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան հան­գա­նա­կու­թեան կոչ ուղ­ղեց: Մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը սի­րով ըն­դա­ռա­ջե­ցին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կո­չին: Հա­ւաք­ուած գու­մար­նե­րը Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ճամ­բով հանգր­ուա­նա­յին կեր­պով փո­խանց­ուե­ցան Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նին: Մե­ծա­պէս հրա­մա­յա­կան է որ այս գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նակ­ուի եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը շա­րու­նա­կեն նե­ցուկ կանգ­նիլ Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օգ­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն:

5.- Սուր­իոյ մեր հա­մայն­քը միշտ կը մնայ երախ­տա­պարտ սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին ու իր ժո­ղո­վուր­դին: Մեր ժո­ղո­վուր­դը եր­բեք չի մոռ­նար որ Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ Թուրք­իոյ գոր­ծադ­րած Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դը ըն­դու­նեց մեր բազ­մա­հա­զար զա­ւակ­նե­րը: Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը միշտ կը մնայ սուր­ի­ա­ցի ժո­ղո­վուր­դի կող­քին, ջա­տա­գով` ար­դա­րու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան ու քրիս­տոն­եայ-իս­լամ հա­մա­կե­ցու­թեան ու միշտ պատ­րաստ` իր գոր­ծօն ու ամ­բող­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րե­լու Սուր­իոյ բար­գա­ւաճ­ման ու յա­ռաջ­դի­մու­թեան ձգտող աշ­խա­տանք­նե­րուն:

6.- Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին գլխա­ւո­րու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը կը վստա­հեց­նէ Սուր­իոյ մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին, որ այս Սուրբ Աթո­ռը իր թե­մե­րով ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով կը մնայ զօ­րա­կից ու աջա­կից: Վստահ ենք, որ Սուր­իոյ մեր սի­րե­լի քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը պի­տի ամ­րապն­դեն իրենց ներ­քին մի­աս­նա­կա­մու­թիւնը, պի­տի խո­րաց­նեն իրենց հա­ւա­քա­կան հա­ւատ­քը ու կռա­նեն իրենց կամ­քը` ի խնդիր Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին ու վե­րա­ծաղ­կու­մին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles