
Պատկերասփիւռէն երեկոյեան լուրերը կը սփռէին. բարեկամի մը հետ «աչքի պոչով» կը հետեւէինք լուրերուն, առանց ընդհատելու մեր հաճելի զրոյցը։ Պաստառին վրայ երեւցաւ նախագահ Օպաման, լրագրողներու հետ զրոյցի պահուն։
– Տե՛ս, մազերը որքա՜ն սպիտակեր են,- նշմարեց բարեկամս։
– Նախագահութեան ծանր բեռն ու աշխարհի մտահոգութիւնները ասա՛նկ կþընեն,- փիլիսոփայեցի ժպտելով։
– Չէ՛, ասոր պարագային ուրիշ պատճառ կայ,- բացատրեց խորհրդաւոր ժպիտով մը։
Հարցական նայուածքիս՝
– Սպիտակած իւրաքանչիւր թել իր պատմութիւնը ունի. իւրաքանչիւր սուտին կամ կատարած բարի խոստումէն ետդարձին՝ թել մը ճերմկած է։ Տե՞ս, մազերուն կէսէն աւելի սպիտակ է արդէն։ Նախագահներուն տրուած պատիժ մըն է, կþերեւի։ Պուշն ու Քլինթընն ալ անցան նոյն ճամբէն։ Տասը տարի առաջ աւելի՛ ճշմարտախօս ու անկեղծ էր, խոստում պահել գիտէր…,- բացատրեց դառնացած։
– Հիմա՜ հասկցայ, թէ նախագահին նստավայրը ինչո՛ւ Սպիտակ Տուն կը կոչեն,- նետեցի՝ նոյնքան դառն ժպիտով մը։