Գլխաւոր

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁՆԵՐ՝ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

Հ․Հ․ անկախութեան 35-ամեակին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն ուղերձներ յղեցին Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա․ կաթողիկոսները։ Ստորեւ, ուղերձները․-

 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ենք բերում մեր ժողովրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս եւ շնորհաւորում Անկախութեան տոնի առիթով:

Այսօր տօնախմբում ենք հայոց անկախ պետականութեան վերահաստատման  35-րդ տարեդարձը: Այս  տարիների ընթացքում մեր հայրենիքն անցել է բազում փորձութիւնների միջով, սակայն մեր ժողովուրդը երբեք չի ընկճուել, չի յուսահատուել, մեծ զոհողութիւնների գնով անգամ շարունակել է հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութիւնը եւ իր ներուժը ծառայեցրել ազգային զարթօնքին:

Advertisement Donate Today

Անկախութեան տոնն այսօր հրաւէր է մեզ վերարժեւորելու անցած ուղին եւ մեր կեանքի ընթացքը: Ներկայիս բարդ պայմաններում, առաւել քան երբեւէ, անհրաժեշտ է լինել միասնական եւ մնալ համախմբուած հայրենիքի շուրջ, որպէսզի կարողանանք դիմագրաւել ներքին ու արտաքին սպառնալիքներին: Անկախութեան տօնական օրուայ խորհրդով զօրացած` անմնացորդ նուիրումով շէնացնենք ու պայծառացնենք մեր երկիրը եւ ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պաշտպանենք մեր ժողովրդի ազատ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքը այս սրբազան հողի վրայ: Ամուր պահենք Քրիստոսաւանդ յոյսը, հաւատն ու սերը, հաւատարիմ մնանք ազգային-հոգեւոր մեր արժէքներին եւ միասնաբար կերտենք արդար, օրինայարգ, համերաշխ հասարակութիւն` յանուն մեր ապահով ու լուսաւոր ապագայի:

Աղօթք ենք բարձրացնում առ Աստուած, որ խաղաղութեան մէջ պահի հայրենի մեր երկիրը, Իր Սուրբ Հոգու իմաստութեամբ առաջնորդի մեր ժողովրդին եւ պարգեւի բարօր ու առաջընթաց կեանք. ամէն:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

**

Այսօր 21 Սեպտեմբեր Հայաստանի անկախութեան օրն է։

Անկախութիւնը աստուածատուր պարգեւ է. զայն պէտք է պահել հաւատարմութեամբ։ Անկախութիւնը նաեւ մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքներէն մէկն է. զայն հարկ է յարգել։

Անկախութեան ամուր պահպանումը ու անոր սկզբունքներուն, արժէքներուն ու հրամայականներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը կ՚ենթադրէ հաւատք, կամք ու պայքար։

Ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ժողովուրդը կերտեց ու պահպանեց իր անկախութիւնը. եւ երբ պատմութեան պայմաններուն պարտադրանքով կորսնցուց՝ զայն վերահաստատելու տեսլականը վերածեց ամէնօրեայ պայքարի։

Արդարեւ, հայրենիքին հզօրացման ու զարգացման եւ մեր ժողովուրդին անսասանութեան ու յաւերժութեան աղբիւրը անկախութիւնն է։

Հայաստանի անկախութեան նշումը պատգամ մըն է ուղղուած իւրաքանչիւր հայուն՝ հաւատարիմ ըլլալու անկախութեան որպէս սրբազան արժէք։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button