Սարգիս Մահսէրէճեանը Մտերմութեան Մէջ Ի՛սկ Վերլուծաբան Եւ Հրապարակագիր
Սարգիս Տաղտէվիրեան
Մշա՛կ, ցանէ՜.- յանուն Տիրոջ նըշխարին,
Թող մատներէդ յորդին սերմեր լուսեղէն.
Վաղը ամէն մէկ հասկի մէջ կաթնային
Պիտ՛ հասուննայ մաս մ‘Յիսուսի մարմինէն:
Դանիէլ Վարուժան — «Ցան» («Հացին Երգը»)
Եթէ վերի տողերուն մէջ «մշակ»-ը փոխարինենք Սարգիս Մահսէրէճեանով եւ «հասկ»-ը հայ մշակոյթով, կրնանք պատկերացնել մեր ընկերոջ բերքը:
Տարի մը Ամանորի իմ շնորհաւորանքի մաղթանքներուս միացուցած էի Դանիէլ Վարուժանի վերոյիշեալ տողերը. ընկերս Սարգիսը հետեւեալով պատասխանած էր.
— Սագօ ճան, սրտիս նուրբ թելերուն դպար: Վարուժանը ամէնէն սիրած բանաստեղծներէս է, ուժի եւ գեղեցկութեան բանաստեղծը…
Քանի մը շաբաթ առաջ, 10 փետրուար 2026-ին կեանքէն հեռացաւ Սարգիս Մահսէրէճեանը: Կապս հետը աւելի զարգացած է իր Ամերիկա գալէն ետք:
Շարունակութեան մէջ գրելիքս ու մէջբերելիքներս մեր միջեւ մտերմիկ բանաւոր եւ համացանցին շնորհիւ է-նամակներով խօսակցութիւններէն են, բառացիօրէն, թէեւ երբեմն երկար: Ասոնք ցոյց կուտան իր գաղափարները, իր դաստիարակութեան հիմքով մարդկային, ազգային ու դաշնակցական սկզբունքները օրուան դէպքերուն եւ դէմքերուն մասին: Յայտնեմ որ ասոնց մեծամասնութեան նիւթերուն մասին ինք գրած է իր յօդուածներուն մէջ. յատկանշականը հո՛ս իր մտերմիկ լեզուն է եւ ընկերական կապը: Չեմ կասկածիր, թէ նմանօրինակ յարաբերութիւն ունեցած է նաեւ ուրիշներու հետ, նոյն կամ տարբեր ոլորտներ շօշափող. անոնք ալ իրենց մօտեցումով մեր ընկերոջ յիշատակը կրնան արձանագրել:
Նախ տամ երկու բարձրախօս լօզունգ, որ կը պատկանին ընկ. Սարգիսին եւ կ’արտացոլացնեն իր՝ Հայաստանի, Հայ դատի պահանջատիրութեան ու մեր իրաւունքներուն ուժգին տէր ըլլալը.
- Տալիք հող չունինք, առնելիք շատ:
- Ո՞վ որո՛ւ հողը, որու պիտի տայ:
Ասոնք ընկերս գրած էր ո՛չ թէ վերջերս, այլ 2016-ին, հայ-ազերի քառօրեայ պատերազմէն ետք, բանակցութիւններու մթնոլորտին մէջ, չընդունելով ո՛չ մէկ զիջում: Այսօր աւելի շեշտակիօրէն կը վերաբերին Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն դաւաճանութեան եւ հակապետական ընթացքին:
Անհրաժեշտ է ներկայացնել ընկ. Սարգիսին հաստատումները Հայաստանի ներկայ ՔՊ-ական հայրենադաւ իշխանութիւններուն մասին մեր խօսակցութիւններուն ընդմէջէն. անշուշտ տեղ-տեղ ասոնք կը զուգորդուին իր զուարթախօս ոճին հետ:
Հոկտեմբեր 2019.
— Մէկը (ՔՊ-ական մը) Արցախի մասին «գիւտեր» կ‘ընէ, ուրիշ մը ԲՈՒՀ—երէն հայերէնով դասաւանդուող նիւթերը քաղաքավարօրէն դուրս կը դնէ: Ահա՛ քեզի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» բարիքներէն:
Ո՛չ մէկը դէմ է, որ անցեալ տարիներուն եղած ահաւոր չարիքները պէտք է դարմանուին, սակայն անոնց կողքին ասանկ բանե՞ր...
Հա՛, չմոռնամ ըսելու, որ Արայիկ Յարութիւնեանի յայտարարութեան մասին յօդուած մը ղրկեցի երէկ գիշեր. «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը արդէն դրած է կայքէջին վրայ. «Դո՞ւն ալ, Բրուտոս» վերնագիրով: Յուսամ մեր միւս թերթերն ալ շուտով դնեն եւ… երկաթը տաք—տաք ծեծենք: Նպատակս պարտիզպան ծեծել չէ, այլ խնձոր ուտել, եթէ… խնձոր մնայ:
— Ես Փաշինեանին ինչ (ածական մը) ըլլալը, սունկի չափ արմատ չունենալը եւ այլ անարժէքութիւնը նկատած եմ շատ աւելի առաջ, քան Արծուիկին հետ իր վէճը (1), անուղղակիօրէն ալ ակնարկած եմ անցեալ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, նշելով, որ մարդիկ կան որ բարձրախօսով ընտրապայքար կը մղեն փողոցներու մէջ: Յետոյ, վարչապետ ըլլալէն ետք, անցեալ տարուան Մայիսին քանի մը գլուխնոց յոդուածաշարք մը տուի, հարց տալով, թէ Հայաստանը դէպի ո՞ւր կ‘ուղղուի: Մինչեւ այսօր ալ կը զգուշանամ շատ սուր քննադատութիւն ուղղելէ, ո՛չ թէ քաշուելով իրմէ ու իր խմբակէն, այլ որեւէ ձեւով վնաս չպատճառելու համար մեր այդտեղի մարմիններուն եւ ընկերներուն, նաեւ՝ չվնասելու համար դրական այն շարժումին, որ նախկինին դէմ սկիզբ առաւ՝ անկախ Փաշինեանի աղմկարար ամբոխավառութենէն. ատիկա պիտի ըլլար ուշ կամ կանուխ: Այդ մասին ալ նախատեսութիւն ըրած էի անցեալ տարիներուն: Բնականաբար միակը ես չէի:
Հիմա, հարցը հոն է, որ նախորդ իշխանութեան օրով հարկադրաբար կիսաքայլեր կատարեցինք եւ վնասները կրեցինք: Տակաւին այսօր, բարեկամի մը հետ կը խօսէի (համակիր է), ինծի հարցուց, որ ինչո՞ւ ձեր կեցուածքներն ու ուղղութիւնը բաւարար չափով չէք բացատրեր ժողովուրդին, մինչդեռ քոչարեանականներ եւ այլ հակա—փաշինեանականներ օր, ժամ չեն կորսնցներ իրենց էշը առջեւ քշելու, յաճախ ծայրայեղութիւններու մէջ իյնալով: Չուզեցի պատասխան—բացատրութիւն տալ. հասկցողին շատ բարեւ:
- Փաշինեանի կազմած կառավարութեան առաջին ժողովին:
Նոյեմբեր 2019.
— Վստահ եմ իմացար. մերինները Արայիկ էֆէնտիին հրաժարականը պահանջեր են եւ մինչեւ հինգշաբթի պայմանաժամ տուեր են:
Քեզի անեկդոտ մը պատմեմ:
Մարդուն մէկը երեկոյ մը էշուն վրայ նստած գիւղ մը կը հասնի, կը մտնէ խանը, էշը դռնապանին կը յանձնէ որ ախոռ տանի, կերակրէ, ինք ալ կը մտնէ կերակրուելու, անկիւն մըն ալ կը քնանայ:
Առտու կ‘արթննայ եւ նախաճաշէն ետք էշը կը պահանջէ: Մարդիկը կ‘ըսեն, որ էշը չկայ, գողցուեր է: Մեր մարդը գիւղին հրապարակը կ‘ելլէ եւ բարձր ձայնով կը պահանջէ.- «Ձեզի մինչեւ կէսօր ժամանակ կու տամ. էշը կը բերէք՝ կը բերէք, թէ ոչ, ես գիտեմ թէ ի՛նչ պիտի ընեմ»:
Գիւղացիները ահ ու սարսափի կը մատնուին, կ‘երեւի թէ նշանաւոր մէկն է կամ զօրաւոր կռնակ ունի, կը մտածեն, կը գտնեն իշուն գողը, էշը կը բերեն, ախոռին ետեւի դրան մօտ կը ձգեն եւ քանի մը վայրկեան ետք մարդուն կ‘ըսեն, որ էշը վերադարձեր է. «Կ‘երեւի թէ ախոռին դուռը բաց մնացեր է, ան ալ դուրս գացեր է արածելու», կը բացատրեն: Մարդը գոհ կը մնայ, խանին տիրոջ պարտքը կը վճարէ եւ էշը նստած՝ կը պատրաստուի ճամբայ ելլելու: Գիւղացի մը վարանքով կը մօտենայ եւ քիչ մը քաշուելով կը հարցնէ.- «Հէլէ ըսէ՛. եթէ էշդ չգտնուէր, ի՞նչ պիտի ընէիր, ըսիր որ ես գիտեմ ընելիքս…»: Մարդը պաղ—պաղ կը պատասխանէ.- «Ի՞նչ կրնայի ընել, քալելով պիտի երթայի…»:
Մարտ 2021.
Զոհուած զինծառայողներու ծնողներու կողմէ քննութիւն մը կատարելու պահանջին առիթով:
— Սիրելի ընկերս,
Երբ 9 նոյեմբերի (1920)համաձայնագիրին եւ մեր պարտութեան լուրերը «ծագեցան», կարճ ատեն ետք յօդուածաշարք մը գրեր էի, հարց դրած ու հարցումներու տարափ մը շարած, նշելով, որ պէտք է անկողմնակալ եւ մանրամասն քննութիւն բացուի այս պատերազմին իսկական պատճառներուն, ընթացքին եւ հետեւանքներուն մասին, քննութիւնը պէտք է ըլլայ արհեստավարժի մօտեցումով եւ կարելի եղածին չափ լուսարձակներէ հեռու, որպէսզի քաղաքական դրամագլուխի չվերածուի: Հոս դրուած հարցը նման քննութեան մը մէկ պարբերութիւնը պիտի ըլլայ միայն: Մենք կարծես թէ վարժութիւն կ‘ընենք՝ ընդհանուրը մոռնալով՝ մասնակիներուն ետեւէն իյնալու: Օրինակի համար, սկսած ենք զայրանալ եւ բողոքել, որ եկեղեցի մը, յուշակոթող մը կը փճացուի, մինչդեռ ԱՄԲՈՂՋ ԵՐԿՐԱՄԱՍ ՄԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԵՆՔ, անոր վերատիրանալու հարցը մնացած է այս «մասնակիներուն» շուքին մէջ (մասնակիները անկարեւոր չեն, բայց երբ կայ ամբողջ անտառ մը, որ կ‘այրի, խլուած է, մէկ—երկու ճիւղի մասին լալը նպատակի չի ծառայեր):
Յունիս 2021.
Ահազանգ. Ադրբեջանցիները փոխում են Թարթառ գետի հունը. Մեծ քանակությամբ ինժիներական տեխնիկա են տեղափոխում – 25 յունիս 2021
Վերոյիշեալ լրատուութեան առիթով:
— Է՛, հիմա կ‘ուզես որ Նիկոլն ու Արայիկը մէկ գետի համար կռի՞ւ ընեն: Չէ՞ որ Սեւ լիճին համար կռիւ ընելու պատրաստ չէր մեր Նիկոլը, եւ իր խաղաղասիրութեան համար մարդիկ զինք ընտրեցին...
(Կծու հեգնանքով):
Յուլիս 2021.
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹՅՈՒՆ․ ԿԸՀ ԿԱՅՔՈՒՄ ԹՎԵՐԸ ՄՈՒՏՔԱԳՐԵԼԻՍ ՄԵՔԵՆԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵ՞Ր ԵՆ ԱՐՎԵԼ — 20 ՀՈՒԼԻՍ 2021
Վերոյիշեալ լրատուութեան առիթով:
— Ընկերս,
Գայլին եւ գառնուկին պատմութիւնը գիտես, չէ՞: Գայլը ըսեր է. «Քեզ պիտի ուտեմ, որովհետեւ ջուրս կ‘աղտոտես»: Գառնուկը ըսեր է. «Ջուրդ վերէն կու գայ, ես վարէն կը խմեմ, խմած տեղիս հետ գործ չունիս»: Գայլը պնդեր է. «Քեզ պիտի ուտեմ, անկախ անկէ, թէ ջուրը ուրկէ՞ կը խմես»:
Հիմա, մարդիկը ամէն ձեւի դիմեցին, որ Փաշինեանը վերընտրուած հռչակուի: Գնա՛ եւ Մարքօ փաշային բողոքէ՛: Մարդոց պատասխանը պիտի ըլլայ. «Ի՛նչ փաստ որ ալ բերէք, մենք որոշած ենք որ Փաշինեանը պէտք է ընտրուած նկատուի»: Ասոր համար, computer-ի մասնագէտ ըլլալու պէտք չկայ:
Օգոստոս 2021.
Փաշինյանի առաջարկած այլընտրանքային ճանապարհը դեպի Որոտան — ի՞նչ վիճակում է այն: (Տեսանիւթ):
Վերոյիշեալ տեսանիւթին առիթով:
— Սագօ ճան,
Այս ժապաւէնը նկարած է Զարուհի Պոսթանճեանը եւ երէկ ցուցադրուեցաւ պատկերասփիւռի կայանէ մը:
Իմ ցաւս այն է, որ մերոնք ինչո՞ւ նման բացայայտում ընող՝ առաջինը չեն ըլլար:
Ասկէ աւելին ալ կայ. լսեցի՞ր, որ Նիկոլը սկսած է Սիւնիքի քաղաքները կոչել… թրքական անուններով, նաեւ կը խօսի «ազերիներուն պատկանած շրջանները իրենց պէտք է տանք» մտածողութեամբ (նոր չէ, բայց կը կրկնէ եւ պէտք եղած ուժգնութեամբ հակադարձութիւն չի գտներ…):
Ժամանակին, եթէ չեմ սխալիր դեկտեմբերին, տեղ մը գրեցի, որ 44-օրեայ պատերազմը եւ հետեւանքները մեր նորագոյն պատմութեան մէջ Ցեղասպանութենէն ետք ամէնէն ծանր աղէտն են: Հիմա, այդ աղէտը նոր էջերով կը զարգանայ: Մեր ԳՈՐԾը կ‘ուշանայ:
Հոկտեմբեր 2021.
— Ընկերս, գրեր էի թէ Արամ Սարգսեանը Նիկոլին պնակալէզն է: Չեմ մանրամասնած, սակայն այդ իշուն (բայց ԷՇը ի՞նչ մեղք ունի՝ պիտի ըսես) քաղաքական արեւելումին ալ լաւ ծանօթ եմ, Նիկոլին հետ նոյն ծակին մէջ (բայ անուն մը) ալ, շինծու ընդդիմադիր խաղալուն ալ, ինչպէս որ շինծու ընդդիմադիրներ են (ածական մը) Պապաճանեանը, ձախող (ածական մը) Մարուքեանը եւ անոնց շղթան երկարող միւս (ածական մը):
…Պզտիկ յոյս մը ունիմ, որ այս տեղական ընտրութիւնները ձիւնագնդակի վերածուին եւ մեր անկումը տեղ մը կանգ առնէ, յետոյ ալ պտիկ—պտիկ վեր բարձրանալու սկսինք (եթէ… բարձրացնող ըլլայ):
— Հայաստանի մէջ ապագայ կայ...
Խաղաղութեան եւ տնտեսական վերելքի հաւաստիքները յայտնապէս մնացած են օդին մէջ:
Մեր այժմու ողբերգութեան մէկ այլ երեսը, որուն մասին շատ չի խօսուիր, իսկ դարմանի մասին միայն խօսք կայ, շատ մըն ալ հռետորաբանութիւն:
Հաւատա՞նք, որ 22 000 հոգի նոր ռուսահպատակ դարձած է, 300 000 հոգի ալ կարգի կանգնած է. հիմա, ապագան ո՞ւր մնաց...
Այս լուրերուն մի՜ հաւատաք. աղբիւրը ընդդիմադիր ճակատին կը պատկանի…
(Վերջին տողը՝ կծու հեգնանքով):
Դեկտեմբեր 2023.
— Եաանի եթէ ըսենք որ այս դաւաճանը ապուշ մըն է, բան մը մեղմացուցած կ‘ըլլա՞նք:
Ասոնց անունին դիմաց որքան ալ ժխտական որակականներ շարենք, քիչ է: Ասոնք ո՛չ թէ կախաղան պէտք է բարձրանան, այլ մէկէն խազզուխի վրայ նստեցուին: Կախաղան ելլողը քանի մը ակնթարթ ետք կը մեռնի, միւսին պարագային, ցաւը կրնաս երկարել որքան որ կ‘ուզես… (Մի ըսեր, որ ասոնք այնքան անզգամ են, որ խազզուխը պիտի չզգան):
Յուլիս 2024.
Յաջորդող գրաւոր զրոյցը տեղի ունեցաւ հայերէն երգող սեւամորթի մը տեսանիւթին առիթով:
ՍՄ.- Ժամանակին ճոք մը կար, թէ՝ Ափրիկէի մէկ հանքին մէջ գտած են 10 միլիոն հայ: Ասիկա անոնցմէ մէկն է:
ՍՏ.- Ընկերս Սագօ,
Ես ալ ժամանակին ուրիշ բան լսած էի… (հաւանաբար լուրջ էր). հայերուն առաջարկած են Ափրիկէի մէջ (կարծեմ Մատակասքարի մէջ էր) հողամաս մը տալ, եւ Հայաստանէն «վազ անցնին», որ աշխարհին գլուխը չցաւցնեն: Երեւի այս ափրիկեան մօտեցումները ատոր պատրաստութիւններն են…
ՍՄ.- Սագօ ճան,
Քեզի բան մը պատմեմ, որ ձեւով մը ըսածիդ համապատասխան է:
Մեր մէջ շատոոոոոոնց մտածում մը սկսած էր զարգանալ, թէ՝ քանի Հայաստանը Թուրքիոյ դրացի է, եւ թուրքերը մեզի թոյլ պիտի չտան որ հանգիստ ապրինք (անոնք իրականութեան մէջ կ‘ուզեն որ մենք չապրինք), եկէ՛ք, աշխարհի մեծ պետութիւններուն դիմենք, որ մեզի Ափրիկէի, Ամերիկայի, մինչեւ իսկ Աւստրալիոյ մէջ կտոր մը հող տան, բոլոր հայերը հոն փոխադրուին եւ հանգիստ ապրին, զարգանան, իշտէ ասանկ բաներ:
Ասոնք բոլորը երկար ատեն հաքի պի—հաքի էին:
1989-ին, մէյ մըն ալ Հալէպէն նամակ մը եկաւ «ԱԶԴԱԿ». մարդը գրած էր, որ քանի հիմա Արցախի խնդիրն ալ կը տաքնայ, հայերուս համար նոր եւ ապահով հողաշերտ մը ունենալու, անանկ պահանջ դնելու ժամանակը եկած է. չեմ յիշեր, թէ ո՞ր ցամաքամասէն հող ունենալ կ‘երազէր: Յայտնի էր, որ բարի, հայրենասէր, բաւական ալ պատմութիւն գիտցող մարդ էր: Կը խնդրէր, որ նամակը հրատարակենք:
Բնականաբար չէինք կրնար հրատարակել: Չէինք կրնար նաեւ անպատասխան ձգել: Նստեցայ, բաւական երկար մասեր վերցուցի նամակէն (առանց իմաստէն բան փոխելու), եւ առանց զինք վիրաւորելու՝ մէկ առ մէկ բացատրեցի, որ ինչո՞ւ նման պահանջ իմաստ չունի, երեւակայելի իսկ չէ եւ այլն: Վերջացուցած էի հետեւեալ հարցումով (այդ ալ խորագիր ըրի). Հապա Արարատը ո՞ւր փոխադրենք…
Եկու՛ր, հիմա այս հարցումը Փաշինեանին ուղղենք. վստահաբար պիտի պատասխանէ. Արարատ ի՞նչ ըսել է, Արարատը թուրքերուն կը պատկանի, մենք Արագած ունինք, Քանաքեռի բլուրը ունինք:
ՍՏ.- Սիրելի Սագօ,
Եթէ այս «գերագոյն դաւաճան»-ին շուտով 6 գիրը չտանք ի՜նչ Արագած, ի՜նչ Քանաքեռ… իր եւ իր անբարոներուն միայն կուրծքերը պիտի մնան, այդ ալ հանրատուներուն մէջ…
ՍՄ.- Էտկար Ղազարեանը կը ճանչնա՞ս. Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան եղած է եւ շրջան մըն ալ մարզպետ: Վերջերս, ճոքի պէս բան մը նետեց (ասիկա յիշեցի, կարդալով է—նամակիդ վերջին բառերը): Ըսաւ, որ Նիկոլը Եւրոպայի մէջ հեծիկ քշեր է եւ ըսեր է որ բաւական ցաւալի բան է հեծիկ քշելը: Էտկարը կ‘ըսէ, որ հեծիկ քշելը այդքան ալ ցաւցնող բան չէ, բացի այն պարագային, որ նստելիք տեղդ նստարան չկայ եւ խազզուխի վրայ կը նստիս:
Փետրուար 2024
Համօ Սահեան. «Մեր Ժողովուրդը շատ միասնական ժողովուրդ է. մեզնից ուզում են խլել երեք բան…»:
Այդ երեքը հետեւեալներն են, ըստ (բանաստեղծ) Համօ Սահեանի. մեր միասնութիւնը, մեր յիշողութիւնը՝ պատմութիւնը, կորուստները եւ մեր ստեղծագործ միտքը:
Վերոյիշեալ տեսաերիզին առիթով:
— Սագօ ճան,
Համօ Սահեանը «նախկիններուն» դասակարգին կը պատկանի: Հիմա Նիկոլի նոր պատմութեան ժամանակաշրջանը կ‘ապրինք. ի՜նչ միասնութիւն, ի՜նչ անցեալ, ի՜նչ պատմութիւն ու Արարատ: Ասոնք մեր զարգացման եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու խոչընդոտներ են:
(Կծու հեգնանքով):
Շատեր կը յայտարարեն, թէ ընկերս՝ Սարգիսը իր ազնիւ, բարեացակամ եւ զուարթախոհ բնաւորութեան պատճառով ո՛չ մէկ անձ վիրաւորած կամ ցաւցուցած է. ՍԽԱ՛Լ Է: Ինչպէս վերը տեսաք, իր թէ՛ վերլուծական քաղաքական-ընկերային յօդուածներով եւ թէ՛ մտերմիկ գրաւոր կամ բանաւոր խօսակցութիւններով խիստ կերպով քննադատած է ու վայրագ ժանիքներով խածած ե՛ւ Հայաստանի ներկայ ՔՊ-ական իշխանութիւնները ե՛ւ այլազգի նախագահներ ու վարչապետներ. Օպամա, Պայտըն, Թրամբ, Էրտողան, Ալիեւ, եւայլն, այսինքն՝ բոլոր անոնք որ վնաս հասցուցած են հայութեան ու անոր արդարացի դատին:
*****
Հայաստանի զինուորներու եւ Լիբանանի հայ մարտիկներու նմանութիւն:
Յուլիս 2021.
Հայաստանի բանակի զօրացրուող զինուորի մը տեսանիւթին առիթով, ուր ան կը փափաքէր իր զինուոր ընկերներուն հետ մնալ:
— Ժամանակին, Պուրճ Համմուտի մէջ ալ ունեցանք տղաք, որոնք իրենց պահակութեան սահմանուած ժամերէն ետք, իրենց ընկերներուն հետ ըլլալու համար քանի մը ժամ ալ կը մնային դիրքին վրայ, պահակութեան կեդրոնին մէջ, ակումբը, մինչեւ իսկ եթէ ցուրտ էր կամ ռումբեր կը տեղային...
*****
Հեղինակած է բազմաթիւ գրախօսականներ զանազան գրական ստեղծագործութիւններու հրատարակութիւններուն առիթով, վաստկելով յարգուած գրաքննադատի կոչումը: Իր գրական կարողութիւններուն եւ փորձառութեան շնորհիւ հրաւիրուած է բանախօսելու բազմաթիւ գիրքերու շնորհահանդէսներուն, ուր դրած է իր դրոշմը ներկայացուած գործին մակարդակին վրայ:
Սարգիսը նաեւ սիրահար էր արուեստին, հայ թէ օտար: Մշտական գնահատական յօդուածներ ունէր հայ արուեստագէտներու եւ արուեստի ձեռնարկներու մասին, արժանաւորները մի՛շտ ոգեպնդող, դրական յարատեւութիւնը մի՛շտ քաջալերող, իսկ անարժանները՝ պախարակող:
Սեպտեմբեր 2015.
100 Լապտերիկներ կոչուող պատանիներու երաժշտական խումբի մը ներկայացումը.
— Լաւագոյն իրագործումներէն մին, որ Հայրենիքը կրնար ներկայացնել Եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով եւ ապագայ Մեծ Հայերու տեսլականով:
Պիտի խնդրէի որ մեր բոլոր փոքրիկները դիւթենք այս տեսաերիզով:
Մեր վերամուտի սաները համախմբելու «Տաղանդներու Ցուցադրութեան» յարմար առիթ:
Աներեւակայելի…
Մայիս 2021.
— Սպաներէն երգի շատ գեղեցիկ մեկնաբանութեան մը տեսաերիզը կը տարածէ գրելով. «Քաղաքական աշխարհի աղբանոցէն հեռու»:
ՍՏ.- Սագօ՛, ժամանակին երբ անհանգստացեր էիր, նոյնիսկ բժիշկդ (ըստ քու փոխաբերական յօդուածիդ) յանձնարարած էր այդ աղբանոցէն հեռու մնալ. կրցա՞ր…
ՍՄ.- Կրցա՛յ. այնքան՝ որքան կը տեւէ նման երաժշտական կտոր մը:
Մայիս 2021.
Սպիտակցի Հայկոյի «Պիթըլզ»-ի «Yesterday» երգի անգլերէն ահաւոր առոգանութեամբ, նաեւ ընթերցելով մեկնաբանութեան տեսաերիզի մը առիթով.
— Հա՞յ, թէ՞ «Պիթըլզ»-ի երգը նորագոյն «բարձունքներ»-ու վրայ:
Եւ տեսէ՜ք, թէ երաժիշտները ինչպիսի՜ զմայլանքով կը նուագեն… (Երանի մեզի):
(Կծու հեգնանքով):
*****
Իր եւ հայ մամուլի յարաբերութեան մասին:
Օգոստոս 2020.
— Մեր պատմութիւնները բազմաթիւ «մութ ծալքեր» ունին: Հասած ենք տեղ մը, ուր… զիրար լաւ չենք լսեր, չենք փորձեր զիրար հասկնալ, յետոյ ալ ելեր ենք ասոր—անոր խրատ կու տանք:
Ես ալ նկատած եմ, որ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը շատ աւելի «զգայուն» է այս իմաստով, առանց կողմնացոյցը կորսնցնելու: Ամէնէն պարզ օրինակը այն է, որ երբեմն Time-sensitive յօդուած մը ղրկեմ բոլորին (եւ կը ղրկեմ նոյն է—նամակով…). «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը անմիջապէս կը դնէ, ուրիշներ կը դնեն 2-3 օր ուշացումով (երբ գրուածին համը փախած է կամ ուրիշներ ալ նման մեկնաբանութիւններ ըրած են. մինչեւ իսկ գրութեանս տակը արձանագրած՝ այդ օրուան թուականը կը ջնջեն…), ոմանք ալ չեն հրատարակեր (այդ ալ իրե՛նց իրաւունքն է. ես երբեք չեմ սպասեր, որ բոլոր գրածներս դնեն. երբեմն չեմ ղրկեր, յանկարծ երկտող մը կու գայ, թէ զիրենք մոռցե՞ր եմ…): Եկուր տե՛ս, որ չդնելը տեղ մը առաջադրուած օգուտը չ‘ունենար:
Երբեք չեմ կրնար հպարտանալ, որ գրածներս մե՜ծ բանգէտի մտածումներ են, սակայն տեղ մը ցաւ կը զգամ:
— …Ժամանակին, մեր մամուլը ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂԻ դեր ունէր, անոր խօսքը մտիկ ընող կ‘ըլլար:
Կ’երեւի չէ՞ ընկերոջս համեստութիւնը…
*****
Գրածները հաւաքելու մասին (ՀՅԴաշնակցութեան պատմութեան մասին իր կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը կուսակցական աշխատանքի մը համար տրամադրելու խօսակցութեան միջոցին):
Հոկտեմբեր 2021.
— Գրածներս հաւաքելու մասին մտածած եմ, ազնիւ բարեկամներ եւ ընկերներ ալ նման առաջարկ ըրած են, սակայն...
Հիմա տրամադրութեանս տակ ունիմ «ԱԶԴԱԿ»-ի 90 տարիներու հաւաքածոն, DVD-ի վրայ: Երբեմն հին օրերէն կամ (Լիբանանի) պատերազմի շրջանէն բաներ մը կը փնտռեմ եւ յանկարծ դիմացս կ‘ելլեն այս կամ այն գրածներս: Շատերը մոռցած եմ արդէն, իսկ մէկ քանին ալ մօտաւորապէս բառացի կերպով կը յիշեմ: Ատոնք, եւ վերջին տարիներուն գրածներս կրնան բազմաթիւ հատորներ կազմել, մինչեւ իսկ եթէ ԸՆՏՐՈՎԻ ընեմ եւ «ժամանակավրէպ» նկատածներս դուրս ձգեմ:
…Այս ըսելէս ետք, աւելցնեմ. Քի՜մ Քիմէ… որո՞ւ հոգը, որո՞ւ ճիւերուն: Շատ աւելի արժէքաւոր գրողներու հաւաքածոներ չեն հրատարակուիր, կարգը ինծի չի հասնիր, ընկեր:
Սաղ մնաս:
Իմ կողմէս աւելցնեմ, որ ընկերս իր հեզութենէն մեկնած չեմ գիտեր որո՞ւ նկատի ունէր վերի տողերուն մէջ, իր անզուգական արժէքը թերագնահատելով, իրմէ «աւելի արժէքաւոր գրողներ» ըսելով (Եդեմէն թող չի նեղուի ան իր համեստութիւնը վիրաւորելուս համար):
Ի դէպ այս հարցով, ան որ պիտի հրատարակէ իր գործերուն հաւաքածոն, որ վիթխարի գործ պիտի ըլլայ, նոյնիսկ պէտք չէ համարձակի զեղչել բնագիրին մէջ տեղ գտած ազգային, միջազգային, քաղաքական եւ մշակութային մարզերու, անձերու թէ դէպքերու մասին իր կեցուածքներն ու հաստատումները: Իր այս յօդուածները նաեւ կը կազմեն մեր ժողովուրդին արդի պատմութեան մեկնաբանուած (անշուշտ իր՝ հայրենասէր ու հայրենատէր ոսպնեակով դիտուած) անցուդարձերը, որովհետեւ ան կը գրէր քանի մը օրուան յաճախականութեամբ եւ կ’անդրադառնար գրեթէ ամէն կարեւոր դէպքի, չոր լրատուութիւնը բիւրեղացած ներկայացնելով :
*****
Յարութիւն Քիւրքճեանի մահուան առիթով գրութիւններու մասին. ինք ալ յարգանքի խօսք գրած էր անոր մասին, անդրադառնալով նաեւ «ԱԶԴԱԿ»-ին մէջ միասին գործակցութեանը:
Օգոստոս 2024
— Ընկե՛ր, ուսուցիչդ հպարտ պիտի զգար այս տողերդ կարդալով (յուշագրութիւն մըն ալ համեստօրէն ես գրած էի, Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ ինծի ուսուցիչ եղած Յ. Քիւրքճեանին մասին):
Վստահ եմ կարդացիր նաեւ Վեհանուշին եւ Յարութ Պէրպէրեանին գրածները: Ասոնք իրարու միանալով՝ քիչ մը աւելի յստակ դիմանկար մը կը կազմեն: Յուսամ ուրիշներ ալ կը գրեն:
Պետրոս Դուրեանը ըսած է. «եթէ յիշատակս թարամի, այն ատեն կը մեռնիմ»: Յարութները չեն կրնար մեռնիլ, վերջին տողդ արդար ընդգծում էր:
*****
15 Փետրուար 2025.
Սուրբ Սարգիսի օրը իր անուանակոչութիւնը շնորհաւորելու մաղթանքներուս առիթով, ուր վերջին տողերս, որոնց կ’ակնարկէր ընկերս հետեւեալն էին. «… եւ մեր երկրին համար փափաքածներդ իրականացած տեսնես»:
— Մաղթանքներդ ստացայ մեեեեեծ հաճոյքով: Վերջին տողերդ յիշեցուցին երգ մը.
…Վախնամ մեռնիմ ես այս ցաւով
ու իջնեմ սեւ գերեզման…
Չէ՛, չէ՛, մեռնելու մասին չեմ մտածեր: Մինչեւ այդ օրը, դեռ շաաաաատ մաղթանքներ ունիմ քեզի եւ բոլոր անուանակիցներուս, սկսելով այս պահէն:
Սաղ մնաս:
Դժբախտաբար, գրեթէ ճիշդ մէկ տարի ետք, կորսնցուցինք ընկերս, հայ արդի հրապարակագրութեան եւ գրականութեան ՄԵԾ ԿԱՂՆԻ ՄԸ, բայց ան մտահոգուելու պէտք չունի «իջնելու սեւ գերեզման», այլ իր աւանդը քանդակուած է պայծառ յաւիտենականութեան մէջ:


