ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՋՈՒՐ…ՋՐԱՐՇԱՒ ՈՒ ՋՐԱՀԱՒԱՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 16 Second

Նոյեմբերի վերջին շաբաթավերջն ենք…Գոհաբանութեան տօնի սեմին եւ այս առթիւ սովորութիւն դարձած է ամերիկահայ բոլոր գաղթօճախներուն համար, թէ “Հայաստան“ համահայկական հիմնադրամին հովանաւորութեամբ, ազդանշանը կը տրուի դրամահաւաքի միօրեայ արշաւին` թելեթոնին:

Անցնող տարիներուն հիմնադրամը, նկատի ունենալով Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ գիւղերու կարեւորութիւնը, բարգաւաճման ծրագիրները կեդրոնացուց այդ շրջաններուն մէջ, գլխաւորաբար աշխատանքներ իրականացնելով կրթօճախներու շինութեան, գիւղատնտեսութեան, անասնաբուծութեան, ջրամատակարարման, ճանապարհաշինութեան, վառելանիւթի մատակարարման, առողջապահական, մշակութային եւ մարմնակրթական բնագաւառներէ ներս:

Այս տարի անգամ մը եւս կեանքի տարրական պահանջներէն եւ աշխարհի ամէնէն պարզ նիւթն ու հեղուկը` ջուրը, նկատի առնուած է, իբրեւ դրամահաւաքի նպատակ:

Ճակատագրապաշտութիւնը թերեւս բնական եւ հասկնալի հակազդեցութիւն մըն է այնպիսի ուժերու դէմ, որոնք կրնան թուիլ կամ պարտադրել, թէ հակակշիռէ դուրս են:

Ահաւասիկ քսան տարուայ անկախութենէ ետք, Արցախը իր դէմ ունի մարտահրաւէրներ ու բնական խոչընդոտներ, որոնց համար շարունակ պայքար կը մղէ: Ջուրը իր մատակարարման եւ ամբարման աշխատանքով կը մնայ  հաստատ եւ էական ենթակառոյց մը, յատկապէս երբ բնութեան ստեղծած պայմանները, կը ստիպեն որ ամէն գնով եւ շտապօրէն այս գործն ու պարտականութիւնը իրականացուի:

Արդէն իսկ ըմպելի ջուրի ներքին ցանցի վերակառուցման եւ կոյուղիի համակարգին վերանորոգման աշխատանքներ տարուած են Ասկերանի, Հատրութի, Մարտակերտի եւ զանազան այլ անհասանելի շրջաններէ ներս: Դեռ շատ ճամբայ կայ կտրելիք …եւ անշուշտ ջուր` մատակարելիք:

Արցախցիին համար ամէնօրեայ “տարտ“` մտահոգութիւն պէտք չէ ըլլայ ջուրի չգոյութիւնը կամ սակաւ գոյութիւնը:

Ջուրը կեանք է ամէնուր, իսկ Արցախի գիւղերէն ներս ոչ միայն կեանք է, այլ նաեւ` տնտեսական զարգացման նախապայման:

Հետեւաբար, մեր բոլորին պարտականութիւնն է, մե՛ր լումայով, մե՛ր մասնակցութիւնը բերենք այս դրամահաւաքին:

Այսպէս համահայկական եւ համասփիւռքեան ճիգերով կարելի է դիմել ջրարշաւի եւ ջրահաւաքի, եւ կենսալի ջուրը հասցնել հեռաւոր գիւղեր, տէր հանդիսանալով ու թիկունք կանգնելով մշակ Արցախցիին:

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ“

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles