ՊՐԱ­ԶԻ­ԼԻ ՄԷՋ ՀԱ­ԿԱ­ՀԱՅ ԲԱ­ՆԱ­ՁԵ­ՒԻ ՄԸ ՈՐ­ԴԵԳ­ՐՈՒ­ՄԸ ՁԱ­ԽՈ­ՂԵ­ՑԱՒ

0 0
Read Time:2 Minute, 4 Second

p3 Brazil_Congress  ԵՐԵ­ՒԱՆ, ՍԱՆ ՓԱՈՒ­ԼՕ.- Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր, թուրք եւ ազե­րի քա­ղա­քա­գէտ­ներ գոր­ծի լծուած էին եւ լո­եպի­ին­կի ճամ­բով, սկսած էին հա­կա­հայ խմբա­ւո­րում­ներ հիմ­նել ու գոր­ծի լծել: Նոյ­նիսկ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մետ­ի­ա­րով, ժա­մա­նե­լով, տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ  Պրա­զիլ­իոյ պատ­ուի­րա­կու­թեան հետ, որոնք կը գլխա­ւո­րէ­ին երես­փո­խան­ներ Նել­սըն Փե­լեկ­րի­նոն եւ Քլաուտիօ Քա­ժան:

Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է թէ, վե­րո­յիշ­եալ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, կը պատ­կա­նին տար­բեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու: Փե­լեկ­րի­նոն իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ է, իսկ Քա­ժա` ընդ­դի­մա­դիր դե­մոկ­րա­տա­կան:

Պրա­զի­լի հայ հա­մայն­քի “Էս­թա­քաօ Ար­մեն­իա“ կայ­քէ­ջի յօդ­ուա­ծա­գիր փրոֆ. Ճէյմս Օն­նիկ Թամճ­եան յայտ­նեց, թէ Փել­լեկ­րի­նօ եւ Քլաուտիօ Քա­ժա թրքա­կան լոպի­իստ­ներ են: “Տա­րօ­րի­նակ է, որ եր­կու հա­կա­ռա­կորդ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ այս հար­ցով մի­աս­նա­բար կը գոր­ծեն“, յայտ­նեց Թամճ­եան: Ար­դա­րեւ, այս եր­կու երես­փո­խան­նե­րը խոս­տա­ցած են երկ­րի խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան յանձ­նա­խում­բին ներ­կա­յաց­նել դի­մում մը, որուն մի­ջո­ցով կ՛ա­ռա­ջար­կեն Պրա­զի­լի աջակ­ցու­թիւնը` Ատր­պէյ­ճա­նին եւ կը պա­հան­ջեն հայ­կա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջը Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րէն` վկա­յա­կո­չե­լով Մ.Ա.Կ.-ի որոշ բա­նա­ձե­ւեր:

Պրա­զի­լա­հայ հա­մայն­քը, դի­մե­լով հե­տե­ւո­ղա­կան ար­շա­ւի, կրցաւ կա­սեց­նել այս բա­նա­ձե­ւե­րը եւ մթնո­լորտ ստեղ­ծեց Պաք­ուի տրա­մադ­րած նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րով տար­ուած, այս եր­կու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն եւ անոնց քայ­լե­րուն դէմ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles