ՊԱՔՈՒԻ ՀՊԱՐԳԵԼՔԸ` ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԸ
ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ.- Ստեփանակերտի վերակառուցուած օդակայանը կը մնայ իսկական հպարգելք (“թապու“) մը Պաքուի համար: Արդարեւ, Իլհամ Ալիեւի ղեկավարած կառավարութիւնը անցեալ շաբաթավերջին նոր օրէնք մը վաւերացուց, որուն գլխաւոր թիրախը, Արցախի մէջ նորակառոյց Ստեփանակերտի օդակայանն է:
Ուրբաթ, Յունուար 18ին վաւերացուեցաւ թէ, Ատրպէյճանի օդային տարածքէն ներս, տեղւոյն օդուժը, արտօնութիւն ունի հակազդելու եւ ամէն գնով արգելք հանդիսանալու, որ այս օդանաւերը շարունակեն իրենց ուղեւորութիւնը, այսպէս կոչուած, արգիլեալ գօտիէն ներս: Բնականաբար հայրենի կողմ, բռնօրէն փոխադարձեց եւ իր կարգին յայտնեց թէ ձեռնածաւալ պիտի չմնայ, որեւէ միջամտութեան եւ ոտնձգութեան պարագաներուն:
Պաքու նման գօտի մը կը նկատէ Արցախը, եւ անշուշտ այդ նոր օրէնքին գլխաւոր թիրախն է Ստեփանակերտի օդակայանը: Հակադարձելով այս օրէնքի վաւերացման` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը յայտարարեց, որ Հայաստանի հակա-օդային պաշտպանութեան ուժերը պատրաստ են երաշխաւորելու Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էլտար Սապիրօղլու Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման վերաբերեալ Չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ գոյութիւն ունի Շիքակոյի դաշինք` քաղաքացիական օդանաւորդութեան մասին: Երկրորդ` ան նշած էր, որ պէտք է հաշուի առնել, որ մենք ներկայիս կը գտնուինք պատերազմական իրավիճակի մէջ եւ երրորդ` եթէ հայերը դիմեն այսպիսի քայլի մը, ապա պիտի ստանան համարժէք պատասխան, այսինքն` Ատրպէյճանի բանակը պիտի կատարէ իր վրայ դրուած պարտաւորութիւնները:

Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հետ կապուած Ատրպէյճանի հերթական յայտարարութեան վերաբերեալ Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ:
Նշենք թէ վերջերս, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան “Ազատութիւն“ ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ աշխարհի մէջ գործող բոլոր օրէնսդրական եւ բարոյական չափանիշերը ուղղակիօրէն կ՛արգիլեն ուժ կիրարկել քաղաքացիական փոխադրամիջոցներու, որոնց շարքին` օդանաւերու նկատմամբ: Միեւնոյն ժամանակ, ան վերապահութիւն կը յայտնէ, որովհետեւ ազերի կողմը կրնայ չհասկնալ այս օրէնքները:
Արցախի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան կտրուկ ձեւով ներկայացուցած է դէպքերուն ազերի սպառնալիքներուն ակնարկուող պատահելիքին զարգացման պարագային հայկական կողմի պատասխանը, այն է` հայկական կողմը եւս ի վիճակի է ոչնչացնել դէպի Պաքու ուղղուող օդանաւերը: Արդէն իսկ անցեալ տարի, Արցախի հակա-օդային պաշտպանութեան համակարգը ուղեկցած է 2226 օդանաւերու դէպի Ատրպէյճանի տարածք:
Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մնայուն յանձնախումբի նախագահ Կորիւն Նահապետեան սադրանք որակելով Ատրպէյճանի նշեալ յայտարարութիւնը յայտնեց, որ զուսպ կը վերաբերի անոր նկատմամբ: Նահապետեան նշեց, որ քաղաքական եւ ռազմավարական որոշ նկատառումներէ մեկնելով` նպատակայարմար չի նկատեր հայկական կողմին հաւանական արձագանգի մասին խօսիլը:
“Բազմիցս մենք նշած ենք, որ թէ՛ Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն եւ թէ՛ առանձին սադրիչ գործողութիւններու առիթով մենք միշտ պատրաստ ենք համապատասխան գործողութիւններ կատարելու: Ատիկա կրնայ ըլլալ առանձին յայտարարութիւններու տեսքով, կրնայ ըլլալ նաեւ համարժէք զինուորական գործողութիւններու տեսքով, այնպէս որ կը վստահեցնեմ, որ մեր իշխանութիւններուն կողմէ համարժէք քայլերը կ՛իրականացուին, եւ որեւէ մտավախութիւն պէտք չէ ունենալ“, կ՛եզրակացնէ Նահապետեան:
Այս լարուած կացութիւնը կը մտահոգէ միջազգային հանրութիւնը եւ մասնաւորաբար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները: Անցեալ Յուլիսին տագնապի գօտի կատարած հերթական այցելութեան իբրեւ արդիւնք համանախագահները կատարեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած էին, որ Արցախի մէջ օդակայան բանալու ծրագիրին վերաբերեալ կողմերէն հաւաստիացում ստացած են այն մասին, որ վերջիններս կը բացառեն որեւէ սպառնալիք կամ ուժի կիրարկում քաղաքացիական օդանաւի դէմ:
Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ 2008-էն ի վեր սկսած էր նոր ու գլխաւոր մասնաշէնքի կառուցումը. այս միջոցին լայնցուած է նաեւ էջուղին եւ հարթեցուած են անոր յարակից քանի մը բլուրներու գագաթները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ժամանակակից օդանաւերու ընդունումը: Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցման օրերէն իսկ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը սպառնան հարուածել զայն օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը: Սպառնալիքները կը շարունակուին, հակառակ միջազգային հանրութեան կողմէ հնչած դատապարտումներուն:

