
Մարք Յարութիւնեան
25 Փետրուար 2023
Փարիզ
Յառաջադէմ եւ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, ճիշդ կողմնորոշուելու եւ լուսաբանել-լուսաբանուելու, տեղեկանալու համար զանգուածի ակնկալութիւն-ընտրանքներէն, կը կատարուին հարցախոյզներ, որոնք անհատներու գումարի միջին եւ համեմատական մտածողութեան պատկերը կու տան, կ’օգնեն ղեկավարին կողմնորոշուելու, հանրութեան բազկերակը բռնելու:
Հայկական ընկերութիւնը, Հանրապետութիւն եւ բազմաշերտ սփիւռքներ, վերնախաւէն անդին նայելու-լսելու մշակոյթ չունի, ղեկավարը, ղեկավարութիւնը, ընտրանի կամ ընտրանիի շրջանակ (ներ), իրենք զիրենք կը վերարտադրեն, իրենք զիրենք չեն թարմացներ, կը մտածեն եւ որոշումներ կը կայացնեն ինքնաշնորհուած անսխալականութեան եւ ամենագիտութեան իրաւունքով, երկխօսութիւն եւ վիճարկում անկարելի դարձնելով, այս պատճառով ալ զանգուածը չի հետեւիր, անհատները կը շարունակեն գործել փակ շրջանակի մէջ ըստ իրենց ըմբռնումներուն եւ շահերուն: Այլակարծութիւնը մեղանչում կը համարուի: Հետեւանքը՝ տարտղնում եւ անհատապաշտութիւն:
Եթէ վերնախաւը գիտնար, որ ինք ճշմարտութեան մենաշնորհը չունի, լսել գիտնար, նուազ կը պառակտուէինք, լքումներ տեղի չէին ունենար, երկխօսութիւն եւ վիճարկում մենախօսութիւն չէին ըլլար, բազմակարծութիւնը չէր սահմանափակուեր հայր-որդիի, խնամի,-ծանօթ-բարեկամի զրոյցով: Սփիւռք(ներ)ի պարագային կը գերիշխեն, թաղայինը եւ ընտանեկանը, աւանդութիւն է, որ հայր, մայր, կին, զաւակ, գտնուին նոյն աւազանին մէջ, անոր ջուրին մէջ նետուին, առանց աննախապաշար եւ ազատ ընտրանքի հետեւելու: Այս պատճառով ալ, չենք կրնար ըսել որ, հայկական զանգուածները քաղաքականացած են, քանի որ կը գտնուին յապաղած եւ իր անունը չըսող նահապետական դրութեան մէջ: Ուստի կողմնորոշուելու համար մտածել աւելորդ կը համարուի, տարբեր մտածողը՝ վնասակար, եւ իրատեսութիւնը կը բթանայ:
Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ վերնախաւէն կը հնչէ անվիճելի «Վարդապետն ասաց»-ը, magister dixit, որոշելու իրաւունքի իւրացում տեղի կ’ունենայ, որուն հետեւանքը հաւաքականութան գիտակցուած յանձնառութեան բացակայութիւնն է, որ կը բացատրէ հաւաքական կամք ստեղծելու անկարելիութիւնը: Եթէ երբեմն զիրար լսելով «դուն ալ ճիշդ կրնաս ըլլալ», «ես ալ կրնամ սխալած ըլլալ» ըսելու առաքինութիւնը ունենայինք, մեր ամենագիտութիւններուն վրայ քար դնելով, նուազ կը պառակտուէինք: Պառակտուելով զիրար ուժասպառ չէինք ըներ: Մեր կացութեան մէջ եղող ժողովուրդի մը համար պառակտումը հարա-քիրի ընելու թատերական պերճանք է: Մի՛շտ՝ հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ):
Ֆիզիքական եւ հոգեբարոյական տարտղնումը մեր ժողովուրդի ընկերաքաղաքական գոյավիճակն է, որ զայն կը դնէ բազմաթիւ շփոթեցնող ընտրանքներու առջեւ: Ոմանք կը յաջողին չես գիտեր ո՞ր իրաւասութեամբ եւ իմաստութեամբ մտածել եւ ուղղութիւն ընտրել ժողովուրդին անունով: Չի ստեղծուիր հանրային կարծիք, որ ինքզինք դատապարտած է տատանումի: Այս կամ այն ձեւով «իշխանութեան» մը այս կամ այն օղակին մէջ գտնուողներ կը կողմնորոշուին ենթակայութեան թելադրանքով, կը կարծեն ինքնուրոյն կողմնորոշուիլ, առանց հասկնալու որ կը գտնուին կատարուած իրողութիւններու դէմ յանդիման: Ամէն բնոյթի իշխանականները, զանազան մակարդակներու, կը յաջողին այդ ընել, երբ ժողովուրդը չէ քաղաքականացած եւ ինքնուրոյն չի մտածեր, կ’ենթարկուի ամբոխահաճական բարձրախօսի աղմուկին՝ հաւանութիւն տալու եւ ծափով բաւարարութիւն զգալու համար:
Մեր բազմաբնոյթ խնդիրները լուծելու եւ ճամբացոյց ըլլալու համար, իրաւ մտաւորականութիւնը, որ լուսաւորող պիտի ըլլար կը բացակայի, կամ զայն լռեցուցած կ’ըլլան, զայն փոխարինելով, ինչպէս յաճախ ըսած եմ, «տիրոջ ձայն»ը կրկնող մեծ կամ պզտիկ շահախնդրութիւններու գերի դարձած թութակներով, եւ հանրային կարծիքը կը ճահճանայ: Կը գործէ քննադատութիւն չընդունող ամենագէտ վարչամեքենան, անսխալականներու «էսթէպլիշմընթ»ը:
Եթէ ունենայինք հանրային կարծիքը «չափելու» ունակ դրութիւն մը, որ ժողովնրու եւ կամ հանրաժողովներու աւարտին հարցախոյզ մը կատարէր եւ հարցնէր սրահէն դուրս եկողներուն, թէ ի՞նչ հասկցած էք, ի՞նչ պիտի ընէք հիմա կամ վաղը, ստացուած պատասխանները իմաստութիւն կը թելադրէին: Յաճախ կը յիշեմ միամտացած զանգուածի արտայայտութիւնը հանրածանօթ դէմքի մը մասին, որուն համար ամէն ճառէ ետք կ’ըսէին, թէ «ի՜նչ լաւ կը խօսի, մարդ բան չի հասկնար»: Կ’ըսեն թէ ուրիշ մը սովորութիւն ունէր, բեմէն իջնելէ ետք ըսելու, որ «այսօր ալ կլլեցուցինք»…
Նախանձով տեսած եւ ընթերցած եմ, ֆրանսական նոյն մեծ թերթին մէջ, մրցակից կամ հակադիր կուսակցութիւններու պատասխանատուներու յօդուածները եւ հարցազրոյցները, որոնք հանրային կարծիքը եւ քաղաքացին դուրս կը բերեն ենթակայութեամբ միատեսակ մտածելէ, հետեւաբար՝ թելադրութեամբ կամ կարգախօսներով կողմնորոշուելէ, այսինքն՝ ամբոխահաճական ճապկումներու զոհ ըլլալէ: Անոնք տարբեր կարծիքներու արտայայտութեան ազատութեամբ դատողութիւն կը զարգացնեն, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը ճիշդ հունի մէջ մնայ: Այս ընթացքը ազնիւ երկխօսութիւն է, հանդուրժողութեան եւ փոխհասկացողութեան առաջին քայլն է:
Մենք ազգային առաքինութան վերածած ենք թեր կամ դէմ ըլլալու մշակոյթը եւ այդ ալ ընդունած ենք որպէս քաղաքականութիւն, քաղաքականացում, ուղղուածութիւն, այլընտրանքը համարելով թշնամութիւն, «վարդապետն ասաց»-ի, «magister dixit»-ի դէմ յանցանք: Միշտ խօսած ենք «միասին ըլլալ»-ու մասին, բայց իրարու դէմ եղած ենք: Եթէ կարելի ըլլար հոգեբոյժ մը հրաւիրել, որպէսզի կազմակերպէ հաւաքական դարմանում, group thérapy եւ զարգացնէ ըստ մեր կարողութիւններուն գործելու, գնահատելու եւ որոշելու «մշակոյթ», վերջ կու տայինք բազմաթիւ կուսակցութիւններով քաղաքականութիւն խաղալու շփոթեցնող աղմկարարութեան:
Հայկական մամուլը կարծէք ստեղծուած է կողմնապաշտաշտական կարծիքներու տարածման համար, ինչ որ պարզ կերպով կը կոչուի քարոզչութիւն: Ինքնահաստատման համար միւսին դէմ ըլլալու վարք: Հայկական մամուլը ընդունուած կարծիքը թելադրող է եւ ոչ կարծիքներու շփման եւ բիւրեղացման մենաշնորհեալ հարթակ: Միշտ երազած եմ, որ հայկական թերթերը ունենան «Ազատ Բեմ»-ի սիւնակ, ուր կարենան տեղ գտնել տարբեր կարծիքներ, ի հարկէ փոխանակման համար եւ ո՛չ «սեւացրէ՛ք»-ի: Նման յանդգնութիւն կը ստեղծէ միասին մտածելու եւ զիրար լսելու մշակոյթ, որ նուաճելու համար փոխըմբռնում եւ համագործակցութիւն:
Եթէ գիտակից եւ ողջախոհ հասարակութիւն ունենայինք, պիտի յայտնուէին մարդիկ, որոնք «ճարպիկներուն» եւ «մանիպուլատոր»-ներուն պիտի հարցնէին, թէ ի՞նչ կ’ընեն ազգին եւ հայրենիքին համար իրենց «զբաղեցուցած» դիրքերուն վրայ, բացի դիրք ունենալու եւ պահելու թափահարումներէ:
Յաճախ մտածած եմ, ոմանց ալ ըսած, թէ նոյն տեղ մնալով հինգ տասը կամ քսան տարի, մարդիկ եթէ ոսկի հաւկիթ պիտի ածէին, ածած պէտք է ըլլային: Ինչո՞ւ չենք ուզեր տեսնել եւ հասկնալ, որ ժամանակի թաւալումին հետ սերունդներ փոխուած են, որոնք ունին կարողութիւն եւ պատրաստութիւն՝ ընդդէմ պարզապէս անհամ եւ անշահ կրկնութիւններով օրօրուելու եւ օրօրելու փորձերու, Հայաստան կ’ըսեն՝ շապլոն խօսքերու: Այդ փոխուած սերունդը տեղ չունի, կամ կը կարծէ տեղ ունենալ՝ ընդունած ըլլալով վարդապետն ասացը եւ զայն կրկնելով:
Եթէ քաղաքականօրէն հասուն զանգուած ունենայինք կեղծ արդիականութեան հտպիտներու տգիտութեան վրայ հիմնուած այլեւս սովորութիւն դարձած ցուցադրութիւն-շաուներով չէինք գինովնար:
Կը խօսինք Արցախի եւ անոր ժողովուրդի սպառնացող «վերջնական լուծման» մասին, թէեւ ոչ ոք կ’ուզէ տեսնել, տեսնէ անգամ չի խօսիր այդ մասին: Ի՞նչ է վերջնական լուծումը. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՕՏԱՐՈՒՄը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնա՞յ չգիտնալ այս իրականութիւնը: Միաժամանակ չգիտնալ, որ այդ օտարումը հանգրուան է, նոյնինքն ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕՏԱՐՈՒՄԸ համաթրքական ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ, ՆԱԽԸՆԹԱՑ է: Արցախեան հակամարտութեան մասին խօսող պետութիւններ ազգային-քաղաքական իրաւունքի մասին չեն խօսիր, կը բաւարարուին, բախտաւոր պարագային, խօսելով մարդկային իրաւանց եւ ֆիզիքական ապահովութեան մասին, որոնց համար տեղի կ’ունենայ անդադրում երթեւեկ: Իսկ ի՞նչ կը բանի հայ պետութիւնը բացի քայլ յարմարցնելէ եւ կատարուած իրողութիւն համարելէ ինչ որ կը կորսնցնէ եւ դեռ ինչ որ կրնայ կորսնցնել:
Երբ պետութիւն մը եւ անոր ղեկավարութիւնը ազգային իրաւունքի, անցեալի եւ ժառանգութեան կը վերաբերին թաղի անկիւնի կրպակատէրի հաշիւներով, հայրենիքը կը դառնայ խանութի անկիւնը դրուած ալիւրի կամ ցորենի տոպրակ, եւ անոր բովանդակութեան հինգ աւելիով կամ հինգ նուազով առք-վաճառքը գլխաւոր մտահոգութիւն: Այս մասին մտածեցի երբ կարդացի հետեւեալը, կցուած մեկնաբանութամբ եւ ես ինծի հարց տուի. Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՆՔ, Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆ, Ո՞ՒՐ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՒ ԻՆՉՈ՞ : Ո՛չ յօդուած, ո՛չ խմբագրական պիտի գրեմ:
Հայաստանի ԱՌԱՒՕՏ թերթ( 22 փետրուար 2023 : Արտագրեցի:
«Անգորան եւ Թել–Աւիւը վիճում են թամանեանական կառավարութեան շէնքի շուրջ․ Խաղատուն Тuran թէ հիւրանոց Zion» :
«Հանրութիւնն արդէն սովոր է, որ իր ամէն ելոյթում Փաշինեանը բացայայտում է իր ագենտուրային պարտաւորութիւնների ու զիջումների նոր չափաբաժինը։ Հերթական առիթը արդարադատութեան թաղամասի կառուցման վերաբերեալ նրա գլխաորութեամբ խորհրդակցութիւնն էր։ Խօսելով դրա նպատակայարմարութեան մասին, Փաշինեանն անցել է բուն նիւթին․
«Կարծում եմ՝ պետական կառավարման համակարգը Երեւան քաղաքի փոքր կենտրոնից և ընդհանրապես կենտրոնից պետք է դուրս բերել: ․․․ Մէկ պարզ օրինակ կարող եմ բերել. ի հարկէ, շէնքը, որտեղ մենք գտնուում ենք, պատմամշակութային շատ կարեւոր արժէք է, բայց մենք չենք հաշուում, թէ, օրինակ, այս շէնքի 6 մետր բարձրութեամբ աշխատասենեակների տաքացման, հովացման, սպասարկման համար ինչքան միջոցներ են ծախսուում, որոնք կարող էին կամ չծախսուել, կամ ծախսուել աւելի արդիւնաւետ: Կարծում եմ, որ այստեղ էլ մենք մտածողութեան եւ մտածելակերպի փոփոխութեան կարիք ունենք, եւ այդ ռազմավարութիւնը պէտք է որդեգրենք՝ Երեւան քաղաքի փոքր կենտրոնից եւ ընդհանրապէս կենտրոնից պետական կառավարումն ամբողջութեամբ դուրս հանելու եւ այս ֆիզիկական ենթակառուցուածքը պետական եկամուտների աճին ծառայեցնելու նպատակն իրագործելու առումով ․․․ Այս ռազմավարութիւնը քննարկում ենք եւ կարծես մօտ ենք հայեցակարգային մակարդակում այն որդեգրելուն», ասել է Փաշինեանը, նկատի առնելով շէնքերի վաճառքը կամ վարձակալութիւնը: Փաշինեանի որոշումը պէտք է դիտարկել Մոսկուա-Անգորա-Թել-Աւիւ երրեակի բարձր հովանու ներքոյ «խաղաղ օրակարգի» եւ «խաղաղութեան պայմանագրի», այն է՝ Հայաստանի կապիտուլեացիայի ակտի ստորագրման նրա պաշտօնական յայտարարութեան համատեքստում։ Արցախի ու Նախիջեւանի՝ Բաքուին պատկանելութեան ճանաչմամբ եւ ՀՀ տարածքների մեծ մասի, այդ թուում Երեւանի արեւմտեան հատուածի օտարմանը համաձայնութեամբ Փաշինեանն արդէն բացել է Երեւանի դռները։ Պատահական չէ, որ այս ելոյթը հետեւեց հենց այդ պաշտօնական յայտարարութեանը։
Ում դրօշն է փողփողալու ժամացոյցի աշտարակի գլխին՝ ահա այն հարցը, որն առայժմ չի յաջողուել կարգաւորել Անգորայի եւ Թել-Աւիւի հետ։ Դրօշի խնդիրը փաստօրէն միակն է, որ խոչնդոտում է ժամ առաջ շէնքը վաճառելու որոշմանը։ Բոլորովին առանց դրօշ պաշտօնական Երեւանի առաջարկը առայժմ չի ընդունուում։ Իբրեւ աշխատանքային է դիտարկուում, սակայն, սիւնազարդ աշտարակի վերացումը՝ Շուշիի Ղազանչեցոց տաճարի խաչերը գմբէթի հետ վերացնելու «սողոմոնեան» օրինակով։ Չկայ աշտարակ՝ չկայ դրօշի խնդիր»։
* * *
Այս տոողերը ընթերցող հայը, Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), կրնա՞յ սոսկ հանդիսատեսի պէս դիտել եւ շարունակել իր զգացական, (ան)բանիմաց գրասէրի ընթացքը եւ մշակել դասական դարձած ամուլ հայրենասիրութիւնը: Հանրապետութեան հայը, բայց նաեւ սփիւռքի հանդէսներու, ճաշկերոյթներու եւ «բարեսիրութեան» հայերը, գումարած չխանգարելու-չխանգարուելու բթացումով ապրողները, պիտի հասկնա՞ն, թէ վաղը ո՞ւր կրնանք հասնիլ: Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի պատմական եւ մայրաքաղաքին նկարագիր տուող շէնքերու տաքացման եւ հովացման ծախսերուն, միթէ՞ կարելի չէ զանոնք հոգալ թիկնապահական-ոստիկանական ջոկատներու եւ իշխանական-ընտանեկան-զբօսաշրջային ծախսերէն հրաժարելով: Հարցում էր: