
Յ. Պալեան
Երբ նոյնիսկ մեծ եւ տիրապետող լեզուներու համար կ’ահազանգեն…
2019-ին, հինգ ցամաքամասերէն 100 անձնաւորութիւններ Ֆրանսայի նախագահին ուղղուած կոչ մը ստորագրած էին ի պաշտպանութիւն ֆրանսերէնի, ընդդէմ անգլերէն-ամերիկերէնի տիրապետութեան: Համախմբումը ըսած էր. «Խնդրական կը դառնայ մեր ազգային ինքնութիւնը եւ ֆրանսախօսութեան ապագան»:
Կոչէն կը թարգմանեմ հատուածներ.
«Ֆրանսերէնի վիճակը վատ է: Խեղդուած անգլերէն-ամերիկերէնի կողմէ, իր գործածութիւնը կրնայ հեռացուիլ անոր կողմէ»: Այսինքն ֆրանսերէնը կը դադրի գործածական կենդանի լեզու ըլլալէ: Կոչը կը խօսի «ներխուժման» մասին: Կ’ըսուի. «Անձնատուական մեծամասնութիւն մը պիտի պաշտպանէ իրապաշտութիւնը, խուլ խեղդուկ ճիչերուն ինքնութեան մը դէմ, շղթայուած ենթադրեալ տիեզերական լեզուի մը կողմէ, իրողապէս ծառան յատուկ տիրոջ մը»: Եւ նախագահին կոչ կ’ընեն դիմադրելու:
Կը պահանջեն նաեւ, որ երկրին մէջ, ֆրանսերէնի անտեսումը ենթակայ ըլլայ օրինական հետապնդումներու եւ պատիժներու:
Կը պահանջեն որ կրթական առարկաներու անգլերէնով ուսուցումը կանխուի եւ արգիլուի:
Պատահեցա՞ւ որ հայերէնի պաշտպանութեան համար կոչ հրապարակեն հինգ ցամաքամասերու հայ մտաւորականները, անուանի համալսարաններու հայածնունդ դասախօսները:
Յաճախ խօսուեցաւ, որ «հայերէնը վտանգուած լեզու է»: Չըսին՝ ինչո՞ւ: Քանի որ չէ պաշտպանուած լեզուին տէր ժողովուրդին, պետութեան եւ մտաւորականութեան կողմէ: Չէ պաշտպանուած, քանի որ հայերէնը որպէս խօսակցական եւ գրաւոր կենդանի լեզու գործածութիւնը տարերային նահանջ կ’արձանագրէ ազգային իրաւ որակի եւ իրաւ գիտակցութեան պակասի հետեւանքով: Բայց ինքնագոհութեամբ կը շարունակուի անձնատուական ընթացքը:
Եթէ միայն կարենայինք վիճագրութիւն մը կազմել, գիտնալու համար, որ հայութեան 3+10 միլիոնի ո՞ր տոկոսին համար հայերէնը գէթ խօսակցական հաղորդակցական լեզու է:
Եթէ միայն կարենայինք վիճագրութիւն մը կազմել, գիտնալու համար, որ հայութեան 3+10 միլիոնի ո՞ր տոկոսին համար հայերէնը անխառն գրական, գիտական եւ ստեղծագործական լեզու է:
Եթէ միայն կարենայինք վիճագրութիւն մը կազմել, գիտնալու համար, որ հայութեան 3+10 միլիոնի ամէն բնոյթի ղեկավարութեան, ընտրանիի, էլիդայի, ո՞ր տոկոսի ասպարէզի լեզուն հայերէն է:
Եթէ միայն կարենայինք վիճագրութիւն մը կազմել, գիտնալու համար, որ հայութեան 3+10 միլիոնի արուեստներու եւ մարմնամարզի ո՞ր տոկոսին համար հայերէնը ասպարէզի լեզու է:
Եւ վիճակագրութեան եզրակացութենէն ետք հարց տայինք, թէ ո՞ւր կ’երթանք որպէս դեռ երէկ ինքնուրոյն ազգ, թերեւս այսօր ալ դեռ ինքնուրոյն ազգ: Ո՞ւր հասնելու համար: Եթէ ազգի պաշտպանութիւնը եւ գոյատեւումը ազզի եւ անոր ղեկավարութեան համար քաղաքական-գաղափարական հիմնահարց է, պատասխանատուութիւն եւ պարկեշտութիւն պէտք է ունենանք ըստ այնմ դիրքորոշուելու, գործելու եւ ղեկավարելու:
Նաեւ՝ հայերէնի համար: Հայաստան եւ սփիւք(ներ):
Գիտակցութիւնը կը պահանջէ, որ առանց վասն պատշաճեցման արդարացման ճապկումներու, այս ԽՆԴԻՐը դառնայ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ: Չենք կրնար բաւարարուիլ գիտակից բջիջներու յամառ աշխատանքով, քանի որ անոնց բոլորի համագումար աշխատանքը 3+10 միլիոնին տեսական պահանջին բաղդատած, իր կարգին կը մնայ բջիջային: Համագումարը կ’ըլլայ ինքնագոհութեան եւ անվաղորդայն քննադատութիւններու հանդէս, եթէ բացակային որոշումները գործադրելու կամքը եւ միջոցները:
Այսինքն՝ պետութիւնը պիտի գիտակցի վտանգին, նախաձեռնէ եւ յանձնառութեամբ գործադրէ վերականգնումի միտող որոշումները, առանց զանոնք ստորադասելու անմիջական եւ հրամայական նկատումներու:
Դժբախտաբար հայերէնի բոլոր ձեւերով վերականգնումի աշխատանքին պիտի չձեռնարկէ ստուար մեծամասնութեամբ առօրեակական գործնապաշտութեան ցանցին մէջ բռնուած զանգուածը, այդ նախաձեռնութիւնը պիտի գայ վերնախաւէն, եթէ ան դեռ ազգային ղեկավարութիւն է: Նախաձեռնելու ճնշումը պիտի գայ հարազատ մտաւորականութենէն, եթէ ան արդէն, իր կարգին, պատշաճելով չէ հաշտուած նահանջին հետ:
Կացութիւնը կը թուի ճահճացած ըլլալ: ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼը, նաեւ օտարաբարբառ հայկական լրատուամիջոցները, եթէ կ’անդրադառնան ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏի ազգային-քաղաքական աղիտալի հետեւանքներուն, զանգուածը կ’առաջնորդեն այնպէս, որ ան տէր ըլլայ իր ինքնութեան եւ ժառանգութեան, ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ պետութենէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւններու ղեկավարութիւններէն, առաջնորդուիլ եւ գործել ազգային իրաւ գաղափարախօութեամբ: Այսինքն նայիլ ազգային լինելութեան ուղղութեամբ, եւ ո՛չ թաղային-համայնքային էսթէպլիշմընթային դիրքերու:
Կ’ըսե՞նք, ըսի՞նք, որ հայերէնի հարցը առաջանհերթութիւններու շարքին է:
Վաղը ուշ է: Այսօ՛ր կրնա՞նք նախաձեռնել համահայկական ստորագրահաւաքի, պահանջելու համար, որ Հայաստանի պետութիւնը ակադեմիաները, հայերէնի ուսուցման կեդրոնները, զոյգ կաթողիկոսները, յարանուանութիւններու առաջնորդները, եւ սփիւռքներու կազմակերպութիւնները,- կուսակցութիւններ, Բարեգործական, ՀՕՄ, Համազգային, Թէքէեան, մամուլ, հրապարակ գան հայերէնի ազատագրութեան օրակարգով, գումարելու համար Խոհրդաժողով մը, որուն որոշումները, առաջին հերթին, պետութիւնը կը գործադրէ, եւ բոլոր միւսներն ալ կը հետեւին, այդ որոշումները կ’ընդունին որպէս ուղեցոյց:
Նման խորհրդաժողովի կայացումը, որոշումները եւ անոնց գործադրութիւնը գոյապահպանական քաղաքական աքթ է, նոյնքան հիմնական՝ որքան պետութիւնը եւ բանակը, ընդօրինկուած տեսութիւններէ առաջ եւ վեր:
Ստորահաւաք, որուն կարիք պիտի չըլլար, եթէ հայկական թերթը հայերէնով լոյս տեսնէր, եթէ հայկական կոչուած մշակութային կամ բարեսիրակաան կազմակերպութիւնները հայերէնով ծանուցում եւ նամակ ղրկէին:
Խուճապ եւ նահանջ երբեք վերականգնումի եւ յաղթանակի չեն առաջնորդած:
Հայրենադարձ մտաւորական մը Հայկական Մշակութային Միութեան օտարալեզու եւ ո՛չ իսկ մէկ հայերէն բառ պարունակող նամակին պատասխանած է, ըսելով, որ իր անունը հանեն իրենց ցանկէն: Ընդվզում մը, որ պէտք է վերածուի համազգային շարժման, տարբերութիւններէ վեր եւ առանց աշխարհագրական տարբերութիւնները պատնէշ համարելու:
Այլապէս հայ մշակոյթը աշխարհի բոլոր լեզուներով պիտի տեւէ, կրնա՞յ այդպէս ըլլալ, բացի հայերէնէ: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ հայ մշակոյթը, որպէս թանգարանային իր, բախտաւոր պարագային պիտի ունենայ իրմով հետաքքլրուող հայ եւ օտար մարդիկ:
Պատշաճիլ իրատես ըլլալ չի նշանակեր, այլ՝ վարագոյրը իջեցնել եւ չգոյութիւնը յանձանձել:
Ինչպէ՞ս իրականացնել հայերէնի ազատագրութեան պահանջի ստորահաւաքը, պահանջ պետութենէն եւ ամէն կարգի իրաւ կամ սուտ ընտրանիներէն:
Բայց ինչո՞ւ Պետութիւնը եւ բազմաբնոյթ ղեկավարութիւնները պիտի սպասեն ստորագրահաւաքի մը պահանջը: Սկզբունքային կարգով, միթէ՞ իրենք, իրենց այլազան հանգամանքներով, աւելի գիտակից չեն ստորահաւաքի մասնակիցներէն:
Եթէ այդ գիտակցութիւնը բացակայ է, պէտք է ճշդեն, թէ ի՞նչ նպատակով կը զբաղեցնեն աթոռները, պիտի ըսէր իմաստուն գիւմրեցի Պոլոզ Մուկուչը: