Լրահոս

Ուստըրի Ամէնայն Հայոց Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցին Նշեց 135-ամեակը՝ Հայաստան Ուխտագնացութեամբ

Վերջերս, Ուստըրի (Մասաչուսէց) Ամէնայն Հայոց Սուրբ Փրկիչ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալները ձեռնարկեցին բացառիկ երկու ուխտագնացութիւններու դէպի Հայաստան՝ նշելու համար ծուխին 135-ամեակը։ Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ մօտ 70 ուխտաւորներ, երկու խումբերով այցելեցին հայրենիք։
Ծուխին հովիւին՝ Տ. Թադէոս Քհնյ. Բարսեղեանի առաջնորդութեամբ առաջին ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Յուլիս 1-13, իսկ երկրորդ խումբը Հայաստան մեկնեցաւ Յուլիս 17-30ին (նկարին մէջ՝ վեհաշուք Արարատ լերան առջեւ)։ Իրենց ճամբորդութեան ընթացքին ուխտաւորները աղօթեցին Հայաստանի բազմաթիւ սրբավայրերու մէջ, որոնց շարքին էին Խոր Վիրապը, Գեղարդավանքը, Նորավանքը եւ Տաթեւի Վանքը։
Երկու խումբերն ալ ջերմօրէն ընդունուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ., Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ եւ արժանացան անոր հայրական օրհնութեան։
Ուղեւորութեան ծրագիրը կ’ընդգրկէր նաեւ այցելութիւններ Մատենադարան, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, Հայ Օգնութեան Ֆոնդի Օքթէթ երաժշտական դպրոցը՝ Դիլիջանի մէջ եւ ACT արհեստագիտական քոլէջը Փարաքարի մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր կրթական, մշակութային եւ պատմական վայրեր։
Անդրադառնալով այս բացառիկ փորձառութեանը՝ Տ. Թադէոս Քհնյ. Բարսեղեանը ըսաւ.
«Այս ուխտագնացութիւններուն նպատակը մեր ժողովուրդը իր նախնիներուն հայրենիքին վերամիացնելն է, անոնց հաւատքը զօրացնել եւ իրենց հայկական ինքնութեան հարստութիւնը վերագտնելուն օգնել։ Մենք միասին աղօթեցինք այնտեղ, ուր մեր նախահայրերը աղօթած են, տօնեցինք մեր հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ մեր Եկեղեցիին կենդանի հաւատքը ապրեցանք իր ակունքներուն մէջ»։
Ուստըրի ծուխը Ամերիկայի ամէնէն առաջին հայ եկեղեցական համայնքն է, իսկ մէկ ամառուան ընթացքին երկու ուխտագնացութիւն կազմակերպելը, հաւանաբար, եւս առաջինն է Արեւելեան Թեմի եկեղեցիներու պատմութեան մէջ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button