ԳլխաւորԼրահոս

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ ԵՒ ՑՈՅՑ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ- Ապրիլ 24-ին, Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, կազմակերպութեամբ շրջանի Հ․Ե․Դ․-ին, տեղի ունեցաւ հաւաք եւ ցոյց։
Երիտասարդները վանկարկելով եւ պաստառներ բարձրացնելով, պահանջեցին միջազգային ատեաններէն ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անոնք պահանջեցին նաեւ թուրք երիտասարդներէն, մտաւորականներէն իրապաշտօրէն սերտել եւ ճանչնալ դաժան անցեալը:
Նշենք թէ, Քալիֆորնիոյ «Ֆերահեան» վարժարանի աշակերտները, որոնք կ՛այցելէին մայրաքաղաք, իրենց կարգին մասնակցեցան այս հաւաքին։
Միւս կողմէն, խումբ մը թուրքեր փորձեցին հակասական վանկարկումներով խանգարել օրուան հաւաքը։ Նոյնիսկ, Թուրքիոյ դեսպանատունը փորձեց Շերիտըն Սըրքըլ շրջանի մէջ գտնուող դեսպանատան ճամբաները փակել, սակայն բողոք-ցոյցը շարունակուեցաւ։
Ապա ցուցարարները ժամանեցին Հայաստանի դեսպանատուն, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ ձեռնարկ, մասնակցութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի նուագախումբին։ Խօսք առին Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեան եւ Հ․Հ․ դեսպան Վարուժան Ներսեսեան։
Արամ Համբարեան շեշտեց, թէ Հայ Դատը պիտի շարունակէ անաչառ կերպով գործել եւ շարունակ հետապնդել Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուած ուռացման քաղաքականութիւնը։ Իսկ Ներսեսեան նշեց, թէ Թուրքիան կը թերագնահատէ մեր համաշխարհային շարժման` խորապէս բարոյական շարժման ուժը, որ հիմնուած է ճշմարտութեան եւ արդարութեան ու ամուր խաղաղութեան մեր ընդհանուր յոյսին վրայ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն պիտի ճանչցուի։
Հաւաքի ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը, որոնց կարգին հովիւներ՝ Սարգիս Ագթաւուգեան եւ Յովսէփ Կարապետեան։ Իսկ, տեղւոյն շաբաթօրեայ «Համաստեղ» վարժարանի աշակերտները, իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստական յայտագրով մը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button