ԱմերիկահայԳլխաւոր

Ուաշինկթընի Մէջ «Համազգային» Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Երաժշտական Փառատօն

 

Ուաշինկթընի Մէջ «Համազգային» Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի  Երաժշտական Փառատօն

 

Անցեալ տարուան փայլուն յաջողութենէն ետք, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի «Համազգային»-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած Հայ երաժշտական երկրորդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 25-28-ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Սուրբ Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Փառատօնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ մասնակիցները հայ երաժշտութեան հարստութեան ծանօթացնելու եւ ամրապնդելու անոնց կապը հայ մշակութային ժառանգութեան հետ։ Չորս ոգեշնչող օրերու ընթացքին պատանիները պիտի մասնակցին վարպետներու կողմէ ղեկավարուած աշխատանոցներու, համոյթային փորձերու եւ համատեղ ելոյթներու, որոնց նպատակն է զարգացնել թէ՛ անոնց երաժշտական կարողութիւնները եւ թէ՛ հայկական ինքնութեան զգացումը։

Աճող Աւանդութիւն

«Համազգային»-ի առաքելութիւնը՝ պահպանել, զարգացնել եւ տարածել հայ մշակոյթն ու կրթութիւնը, երբեք այսքան էական չէ եղած։

Advertisement Subscribe Today

Երբ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը կը դիմագրաւեն գոյութեան մարտահրաւէրներ, հայ երաժշտական փառատօնի նման մշակութային նախաձեռնութիւնները յոյսի, կամքի եւ յարատեւութեան հզօր գրաւական կը հանդիսանան։

2025-ի ոգեւորութեան ու թափին վրայ հիմնուած՝ 2026-ի փառատօնը կը խոստանայ նոյնքան եւ աւելի հարուստ, ամբողջական եւ անմոռանալի փորձառութիւն մը փոխանցել մասնակիցներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ գաղութի հանրութեան։

Հրաւէր

8-էն 18 տարեկան բոլոր երեխաներն ու պատանիները ջերմօրէն հրաւիրուած են մասնակցելու։

Երաժշտական գիտելիք կամ երգեցողութեան փորձ անհրաժեշտ չեն։ Փառատօնի ընթացքին մասնակիցները․-

  • Նոր երգեր պիտի սորվին եւ կատարեն։
  • Տեղեկանան հայ երաժշտութեան յատկութիւններուն։
  • Ծանօթանան հայկական աւանդական նուագարաններուն։

Անոնք, որոնք արդէն երաժշտական գործիք  կը նուագեն, առիթ պիտի ունենան կատարելագործելու իրենց հմտութիւնները եւ սորվելու հայկական կտորներ՝ վարպետ արուեստագէտներու առաջնորդութեամբ։ Նուագելով վարպետներու եւ ուրիշ նուագարաններու կողքին, անոնք ձեռք պիտի բերեն ինքնավստահութիւն, կարգապահութիւն եւ հայկական երաժշտական արտայայտութեան աւելի խոր ըմբռնում։

Նորութիւն՝ լարային Ճիւղ

Այս տարուան փառատօնը պիտի ներառէ յատուկ լարային ճիւղ՝ աշխատանոցներ եւ համոյթային փորձառութիւն։

  • Յառաջացած լարային նուագողներու համար կամերային երաժշտութեան առիթ նաեւ պիտի ստեղծուի։
  • Սկսնակ եւ միջին մակարդակի լարային նուագողներու համար՝ համոյթային նուագ եւ վարպետներու ցուցմունքներով՝ դասեր պիտի կատարուին։

Այս ընդլայնուած ծրագիրը կ՚երաշխաւորէ, որ լարային բաժնի բոլոր մակարդակներու աշակերտները զարգացնեն իրենց հմտութիւնները, միաժամանակ հաղորդուելով հայկական ստեղծագործութիւններուն, համատեղ կատարումներու ընդմէջէն։

Փառատօնի ոգին

Աւանդոյթի եւ նորարարութեան խաչմերուկին, փառատօնը կը յիշատակէ հայ երաժշտական ժառանգութիւնը, կը փարատէ մոռացութեան մշուշը եւ կը ստեղծէ այն միջավայրը, ուր հայ երեխաներն ու պատանիները՝ սկսնակ թէ փորձառու, զիրար կը ներշնչեն եւ հայու հոգին կ՚արթնցնեն բոլորին մէջ։

Անցեալ տարուայ փառատօնէն տեսարաններ

Այս փառատօնը աւելի քան համերգաշարք մըն է․ան մշակութային ժառանգութեան եւ ինքնութեան տօնակատարութիւն մըն է։ Ան այն վայրն է, ուր հայկական մեղեդիները կը լեցնեն սրահները, ուր երեխաներն ու պատանիները իրենց արմատներուն հանդէպ հպարտութիւն կը բացայայտեն, եւ ուր մշակոյթը կը շարունակուի երգով ու հնչիւնով։

Ընդհանուր տեղեկութիւն

Թուական՝ Յունիս 25էն 28, 2026
Վայր՝ Սուրբ Աստուածամայր  Հայ Առաքելական Եկեղեցի
4125 Fessenden St. NW, Washington, DC 20016

Եւ

Սուրբ Խաչ Soorp Khatch Հայ Առաքելական Եկեղեցի

4906 Flint Dr., Bethesda, MD 20916

Փառատօնի ընթացքին,  Ուրբաթ 26 Յունիսի երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ կալա–համերգ։

Իսկ յատուկ աշակերտ-արուեստագէտ համերգին մանրամասնութիւնները կը փոխանցենք յաջորդիւ։

Այս տարուան հիւր արուեստագէտները պիտի յայտարարուին յառաջիկայ շաբաթներուն։ Կը քաջալերենք, որ հետեւի՛ք մեր ընկերային ցանցերու լուրերուն եւ յայտարարութիւններուն։

Ծրագիր

Լարային, դաշնամուր, Փչողական եւ երգ (8–18 տարեկաններ)

Վճար՝ $350 մինչեւ Ապրիլ 30, ապա՝ $400։

Կը ներառէ՝

  • Փառատօնի շապիկ։
  • Ճաշ եւ նախուտեստներ։
  • Աշխատանոցներ։
  • Ուրբաթ երեկոյեան կալա-համերգի մէկ մուտքի տոմս։
  • Մասնակցութիւն աշակերտ–արուեստագէտ համերգին։

Իւրաքանչիւր արձանագրուած մասնակիցի ընտանիքին կը տրամադրուին անվճար երկու տոմս աշակերտ-արուեստագէտ համերգի մուտքի։

Յառաջադէմ լարային աշակերտներ (մինչեւ 18 տարեկան)

(Suzuki Գիրք 7-10+ / ASTA Մակարդակ 5-6)
Վճար՝ $450 մինչեւ Ապրիլ 30, ապա՝ $500։

Կը ներառէ կամերային երաժշտութեան դասընթացք, հմտութեան դասեր, փառատօնի շապիկ, Ճաշ եւ նախուտեստներ, կալա համերգի  մէկ մուտքի տոմս եւ մասնակցութիւն եզրափակիչ համերգին։

Իւրաքանչիւր արձանագրուած մասնակիցի ընտանիքին կը տրամադրուին անվճար երկու տոմս աշակերտ-արուեստագէտ համերգի մուտքի։

Բոլոր մասնակիցները պարտին մասնակցիլ փառատօնի բոլոր ձեռնարկներուն, ներառեալ եզրափակիչ համերգին։

Եթէ ունիք 8-էն փոքր երեխայ, որ կը փափաքի մասնակցիլ այս փառատօնին, կը խնդրուի կապ հաստատել կազմակերպիչներուն հետ։

Կեցութիւն եւ պատրաստութիւն

Մօտակայ հիւրանոցներու ցանկ մը պիտի տրամադրուի արձանագրուած ընտանիքներուն։ Երաժշտական կտորները եւ երգացանկը նախօրօք պիտի ուղարկուին, որպէսզի մասնակիցները լիովին պատրաստ ըլլան այս իմաստալից մշակութային փորձառութեան մասնակցելու։ Հետեւաբար կը քաջալերուի շուտ արձանագրուիլ։

հարցումներու համար դիմել՝
east@hamazkayin-usa.org (Music Festival- registration question)

Յունիս 25-28-ի թուականները նշեցէ՛ք ձեր օրացոյցներուն մէջ եւ միացէ՛ք մեզի Ուաշինկթընի մէջ, որպէսզի շարունակենք միասին կերտել հայ երաժշտական հարստութեամբ լեցուն կենսունակ ապագայ մը մեր ապագայ սերունդին համար։

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button