ՇՆՈՐ­ՀԱ­ՀԱՆ­ԴԷՍ` ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ ՈՍ­ԿԻ ՏԱՂ­ՏԷ­ԼԷ­ՆԻ “ԵՐԱ­ԶԱՆ­ՔԻ ՊԱ­ՀԵՐ ԿԵԱՆ­ՔԻ ՏԱ­ՐԻ­ՆԵ­ՐԷՍ“ ԳԻՐ­ՔԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 45 Second

p6 AMER VosgiD Organizing Committee 022313  Եր­կա՜ր ատե­նէ ի վեր Նիւ Եոր­քա­հայ գրա­կան շրջա­նա­կը այս­քան մար­դա­շատ չէր եղած:  Որ­քան ալ այս քա­ղա­քի մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րը մի­ա­ցած էին Էսա­յեան-Կեդ­րո­նա­կան Սա­նուց Միու­թեան այս ձեռ­նարկը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու մտադ­րու­թեամբ, սա­կայն մե­ծա­րուող գրա­գի­տու­հին` 90ամ­եայ Տի­կին Ոս­կի Տաղ­տէ­լէն (Մարզ­ուան­եան` Սե­բաստ­իա ծնած) իր տա­րի­նե­րու կրթա­կան կեան­քով ու իր հա­րուստ ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ պատ­ճառ եղած էին, որ կա­րե­նար ի մի հա­ւա­քել եր­բեմ­նի իր ու­սա­նող­նե­րը, ըն­թեր­ցող­նե­րը եւ գրա­սէր­նե­րը:

Փետր­ուար 23, 2013, Շա­բաթ երե­կոյ­եան բեր­նէ բե­րան լե­ցուն սրա­հի մը մէջ ըլ­լա­լու հա­ճոյ­քը վա­յե­լե­ցին ամէն անոնք, որոնք տա­կա­ւին այս ափե­րուն վրայ կը հա­ւա­տան հա­յե­րէն գիր­քի տա­րած­ման առա­քե­լու­թեան, հա­յե­րէն լեզ­ուի պահ­պա­նու­թեան:  Անոնք եկած էին Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Եկե­ղեց­ւոյ “Գա­լուստ­եան“ սրա­հը հա­ղորդ­ուե­լու ան­գամ մը եւս մայ­րե­նի լեզ­ուի անու­շու­թեամ­բը: Սրա­հին մէջ ակ­նե­րեւ էր նա­եւ շրջա­նի հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն շա­տե­րու ներ­կա­յու­թիւնը. ծա­նօթ անուն­ներ, հե­ղի­նակ­ներ, երա­ժիշտ­ներ. վեր­ջա­պէս ընտ­րա­նի մը, որուն բա­բա­խուն սիր­տը կը տրո­փէ միայն հա­յե­րէն լե­զուով: Ու այս բա­րե­բախ­տա­բար:

Շնոր­հա­հան­դէ­սը կը հո­վա­նա­ւո­րէր Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Առաջ­նորդ Խա­ժակ Արք. Պար­սամ­եա­նը: Օր­ուան հան­դի­սա­վա­րը` գա­ղու­թի ազ­գա­յին­նե­րէն յարգ­ուած Ար­թօ Խրիմ­եան (ատե­նա­պե­տը` Սա­նուց Միու­թեան) խնամ­եալ կեր­պով վա­րեց բա­ւա­կա­նին ճոխ յայ­տա­գի­րը:  Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րով դաշ­նա­մու­րի վրայ նուա­գեց երի­տա­սարդ մեր տա­ղանդ­նե­րէն Ար­թիւր Իբէք, հան­դէս գա­լով ամ­բող­ջու­թեամբ հայ­կա­կան յայ­տա­գի­րով:

Շնոր­հա­հան­դէ­սին գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր հա­մայն­քի շնոր­հա­լի ար­ուես­տա­գի­տու­հի­նե­րէն ու ազ­գա­յին կեան­քի զա­նա­զան երես­նե­րով իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րած Զուարթ Պա­լըքճ­եան, որ իր կար­գին ան շրջա­նա­ւարտ է Էսա­յեա­նէն: Գիր­քին յատ­կան­շա­կան երես­նե­րը վեր առաւ ան, մերթ ընդ մերթ կար­դա­լով բա­ժին­ներ զա­նա­զան գլուխ­նե­րէ: Խնամ­եալ լեզ­ուին, տրա­մա­բա­նու­թեամբ ըն­թա­ցող մտա­ծում­նե­րու մէջ ազ­գա­յին ոգի­ին շեշ­տա­ւո­րու­մը գնա­հա­տեց հե­ղի­նա­կին:

“Իր յու­շագ­րու­թեանց մէջ կը տո­ղան­ցեն կրթա­կան մար­զին մէջ նուա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րած ու­սու­ցիչ­ներ, որոնց ազ­դե­ցու­թիւնը այն­քան ու­ժեղ եղած է:  Անոնք սե­րունդ­ներ են դարբ­նած ուս­ման բաձր մա­կար­դա­կով: Անոնք ներ­կա­յաց­ուած են իրենց դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան եւ բնա­ւո­րու­թեան ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րով, պատ­կե­րաց­նե­լով այն­պէս ինչ­պէս որ էին:

Հրա­ւիր­ուե­ցաւ իր սրտի խօս­քը տա­լու Տի­կին Ոս­կի Տաղ­տէ­լէն: Ան մե­զի յի­շե­ցուց անց­եալ դա­րու կէ­սե­րուն հան­դի­սու­թեանց մաս­նա­կից­նե­րու բծախնդ­րու­թիւնը շնոր­հա­կա­լու­թեամբ յի­շե­լու մէկ-մէկ յայ­տագ­րին բա­ժին վերց­նող­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պող միու­թիւն­նե­րու անուն­նե­րը, առան­ձին,առան­ձին ներ­կայ եղող հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը (պոլ­սա­հայ սո­վո­րու­թիւն):  Ապա կարճ դրուագ­ներ Էսայ­եա­նի օրե­րէն, որ շատ նուրբ հիւ­մը­րով մը ան եզ­րա­փա­կեց բա­ւա­կան եր­կար տե­ւող հան­դի­սու­թիւնը յի­շե­լով իր ու­սու­ցիչ­նե­րէն մէ­կուն այ­լա­կերպ­ուած գնա­հա­տա­կան խօս­քե­րու հա­մո­վու­թեամբ:

Վա­յել­ջօ­րէն ար­տա­յայտ­ուե­ցաւ նա­եւ հե­ղի­նա­կին Նիւ Եոր­քաբ­նակ դուստ­րը` Ռի­թան, որուն քա­ջա­լե­րան­քով ու մե­կե­նա­սու­թեամբ ալ լոյս աշ­խարհ եկած էր այս գիր­քը: Խօսք առաւ նա­եւ եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Աբ­րա­համ Քհնյ. Մալ­խաս­եան, որ անդ­րա­դառ­նա­լով այս գիր­քին ըսաւ թէ հո­գի ու միտք մա­տա­կա­րա­րող գործ մը ըլ­լա­լէ բա­ցի ան ու­սա­նե­լի հա­տոր մը նկա­տեց:

Այս ձեռ­նար­կին հա­մա­գոր­ծակ­ցող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն անուն­նե­րը. Թէ­քէ­եան Մշա­կու­թա­յին Միու­թիւն, Պոլ­սոյ Հայ Հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու Օժան­դա­կու­թեան Ըն­կե­րու­թիւն, Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թիւն, “Հայ Տուն“ եւ Դպրե­վանք Սա­նուց Միու­թիւն:

ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

(Յա­պա­ւու­մով)

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles