ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ “ՄԷԿ ԱԶԳ ՄԷԿ ԵԿԵ­ՂԵ­ՑԻ“ ՊԱՏ­ԿԵ­ՐԱԳՐ­ՔԻ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒ­ՄԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 19 Second

p7 ny Book-6  Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Նիւ Եոր­քի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ Մշա­կու­թա­յին Յանձ­նա­խում­բին, Կի­րա­կի, 15 Սեպ­տեմ­բեր, 2013-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ վեր­ջերս հրա­տա­րակ­ուած “Մէկ Ազգ Մէկ Եկե­ղե­ցի“ պատ­կե­րագր­քի ներ­կա­յա­ցու­մը:

Պատ­կե­րա­գիր­քը ներ­կա­յա­ցուց գա­նա­տաբ­նակ ծա­նօթ լու­սան­կա­րիչ եւ հե­ղի­նակ` Հրայր Բա­զէ Խա­չեր­եան:p7 ny Book-4

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Եկե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ` Արժ. Տ. Մես­րոպ Քհնյ. Լա­գիս­եան, որ ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց օր­ուան բա­նա­խօ­սը:  Տէր Մես­րոպ ըսաւ. “Հրայր Բա­զէ անց­նող 20 տա­րի­նե­րուն բազ­միցս այ­ցե­լած է Հա­յաս­տան, Ար­ցախ, Պատ­մա­կան Հա­յաս­տան, ինչ­պէս նա­եւ Սփիւռ­քի աւե­լի քան 40 եր­կիր­ներ եւ քա­ղաք­ներ նկա­րա­հա­նե­լով տեղ­ւոյն հայ­կա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րը, մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տենք Հրայ­րի այս կո­թո­ղա­կան գոր­ծը եւ իրեն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ“:

Հրայր Բա­զէ ցու­ցադ­րեց իր լու­սան­կար­չա­կան ոսպն­եա­կէն առն­ուած գե­ղե­ցիկ պատ­կեր­ներ, եւ լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ իր հե­տաքրք­րա­կան եւ ար­կա­ծախնդ­րա­կան ճամ­բոր­դու­թեանց մա­սին, որոնք ամ­բող­ջու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նեն մեր անց­եա­լի եւ ներ­կա­յի հո­գե­ւոր հարս­տու­թիւն­նե­րը:

“Այն ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րը որոնք հա­սան այս գիր­քին իրա­գոր­ծումն են ուխ­տի մը որ կա­տա­րե­ցի, երբ կը պայ­քա­րէի քաղց­կե­ղի դէմ:  Երկ­րորդ կեան­քի մը պար­գե­ւը ստա­նա­լով, յա­ջոր­դող եր­կու տաս­նամ­եակ­նե­րուն 1993-էն 2013, ճամ­բոր­դե­ցի հա­մայն աշ­խար­հի տա­րած­քին եւ նկա­րե­ցի Հա­յոց եկե­ղե­ցի­նե­րը, Հիւ­սի­սա­յին եւ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­նե­րուն մէջ, Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Ծայ­րա­գոյն Արե­ւել­քի մէջ, Եւ­րո­պա­յի ու Ափ­րի­կէի ցա­մա­քա­մա­սե­րու վրայ: Ահա ար­դիւն­քը այդ բո­լո­րին“:

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան ներ­կա­նե­րէն շա­տեր մա­կագր­ուած գիր­քե­րէն օրի­նակ­ներ իրենց հետ առ­նե­լով, գո­հու­նակ սրտով մեկ­նե­ցան սրա­հէն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles