
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ապրիլ 28-ին, յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, ուր կատարուեցաւ “Հայրենիք“ հրատարակչատան լոյս ընծայած գիրքին՝ “Voices From the Past“ի (“Ձայներ Անցեալէն“) շնորհանդէսը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Վըրճինիա Տէյվիսի բնակարանէն ներս, որ իր կողակից Ուիլըրտ Թէյլըրի հետ, ամէնայն յօժարութեամբ հիւրընկալած էր աւելի քան յիսուն ներկաներ:
Օրուան բանախօսն էր “Քարնըկի“ հիմնարկի նախագահ՝ Վարդան Գրիգորեան, որ յատկապէս խօսեցաւ իր յուշերուն եւ Սիմոն Վրացեանի մասին: Պէյրութի “Համազգային“ի աշակերտ, Գրիգորեան, մօտէն ծանօթ եղած էր Հայաստանի նախկին վարչապետին: Ան նաեւ պատմեց դրուագներ, երբ երիտասարդ տարիքին կ՛աշխատակցէր Թեհրանի “Ալիք“ին: Նաեւ, ան յիշեց “Հայրենիք“ի համար կատարած իր աշխատանքներուն մասին:
Նախքան Գրիգորեանի խօսքը, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով, խօսք առաւ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան, որ անդրադարձաւ մամուլի բնագաւառէն ներս, վերջին տասնամեակին կատարուած փոթոխութիւններուն մասին:
Այս հաւաքին նաեւ ներկայ էր իտալահայ Անթոնիա Արսլան, որ կատարեց արտասանութիւն մը: Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան, տեղւոյն վրայ կատարեց թարգմանութիւնը: Նշենք թէ այս բանաստեղծութիւնը տեղադրուած է նկարազարդ գրքոյկի մը, նուիրուած Արցախին: Այս կոթողական գործէն օրինակ մը, իբրեւ նուէր յանձնուեցաւ Վարդան Գրիգորեանին:
“Voices From the Past“ի (“Անցեալի Ձայներ“) գիրքը պատրաստած է Վահէ Հապէշեան, կատարելէ ետք հետեւողական ուսումնասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ: Նախապէս, “Հայրենիք“ հրատարակչատունը լոյս ընծայած էր Արշաւիր Շիրակեանի յուշերը, անգլերէնով եւ ելեկտրոնային դրութեամբ՝ “The Legacy: Memoirs of an Armenian Patriot“:
Պոսթընի “Հայրենիք“ հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուեցաւ “Ձայներ Անցեալէն“` հայ յեղափոխականներու գրութիւններէն հատուածներ» անգլերէն հատորը, որուն հեղինակն է Վահէ Հապէշեան: Ան եղած է “Արմինիըն Ուիքլի“ շաբաթաթերթի օգնական խմբագիր, ապա` գլխաւոր խմբագիր: Համալսարանական մասնագիտութիւնը միջինարեւելեան լեզուներն ու մշակոյթներն են: Այս գիրքին մէջ ներառուած Հ.Յ.Դ.-) առնչուած պետական գործիչներու, մտաւորականներու, հրամանատարներու, յեղափոխականներու եւ հայդուկներու կենսագրականներն ու գրութիւնները կ՛արտացոլացնեն 1890-ական թուականներէն մինչեւ 1940-ական թուականներ երկարող Հ.Յ.Դ. պատմութիւնը: Այդ գրութիւնները ոչ միայն տեսակէտներ կը պարունակեն, այլ նաեւ` աւելի ընդգրկուն գաղափարներ, գաղափարախօսութիւններ եւ սուղ գինով ձեռք բերուած կեանքի դասեր, որոնք գօտեպնդեցին եւ առաջնորդեցին կեանքերը կուսակցական անհատներուն` Հ.Յ.Դ.-ի ընդհանուր աշխարհահայեացքով: Գիրքին մէջ ներկայացուած դաշնակցական նուիրեալներու շարքին են` Քրիստափոր Միքայէլեան, Ռոստոմ, Սիմոն Զաւարեան, Արամ Մանուկեան, Ռուբէն, Մարօ, Գարեգին Նժդեհ, Սիամանթօ, Սողոմոն Թեհլիրեան, Դրօ եւ ուրիշներ…
Հեղինակը յառաջաբանի իր խօսքին մէջ կը վկայէ, որ գիրքին ողնասիւնը կը կազմեն 1990-1991 թուականներուն, լոյս տեսած դաշնակցական հայդուկներու եւ մտաւորականներու թարգմանուած կենսագրութիւններու իր յօդուածները: Ան նաեւ կը հաստատէ, որ նման յօդուածաշարքով հրապարակագրական բեմին վրայ հանդէս գալու դրդապատճառը այդ օրերուն եռեւեփող ղարաբաղեան շարժումն էր: 170 էջերու մէջ հեղինակը յաջողած է ներկայացնել 37 յեղափոխական մարտիկներ, կուսակցական գործիչներ եւ մտաւորականներ: